Շաբաթ, 20 յունիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը` ներկայութեամբ Մանուէլ եպս. Պաթաքեանի, Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, զօրավար Նազարէթ Գաբրիէլեանի, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Յայտագիրը սկսաւ Հայաստանի, Լիբանանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ: Առաջին բաժինը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Արդարեւ, «Ատանա» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտները մոմերով խորհրդաւոր կերպով մուտք գործեցին սրահ եւ բարձրացան բեմ ու կենդանի պատկերի կատարումով խոնարհեցան մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ: Ապա անոնք իրենց մանկական ոճով, բայց իմաստալից արտայայտութիւններով ողջունեցին մեր նահատակ հոգեւորականները, մտաւորականները, մամիկներն ու պապիկները, մայրերն ու հայրերը, փոքրիկներն ու երիտասարդները, ինչպէս նաեւ` զինուորները, եւ փառք տուին մեր ներկայի հզօր հայրենիքին` մայր Հայաստանին:
Տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ այս բեմին վրայ գտնուող շրջանաւարտ մանուկները Ս. Խաչ-Հարպոյեան ծաղկանոցին մէջ գուրգուրալից հոգատարութեամբ սնանելէ ետք, այսօր վարժարանիս դրախտային պարտէզը կ՛իմաստաւորեն այս բերքաքաղի հանդէսով, եւ մաղթեց, որ անոնք այս կրթօճախին մէջ շարունակեն իրենց ուսումը եւ հասնին երկրորդականի վկայականին:
Ռ. Պոյաճեան աւելցուց, որ հարիւր տարիներ առաջ, Մեծ եղեռնի ընթացքին, հայ մանուկին պարտէզը չոր ու կիզիչ անապատն էր, մինչ մերօրեայ դպրոցներուն մէջ, եւ ի մասնաւորի Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանին մէջ, աշակերտը լաւագոյն ուսում եւ կրթութիւն կը ստանայ գեղեցիկ ու արդիական կառոյցով կրթօճախի մէջ, ուր որդեգրուած են ներկայ ժամանակներու բոլոր պահանջներուն հետ քայլ պահող կրթական ծրագիրներ: Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ հայեցի դաստիարակութեամբ զրահուած եւ հարկ եղած գիտութիւններով զինուած իւրաքանչիւր հայ աշակերտ պատրաստելով` պատասխան տուած կ՛ըլլանք հայուն պարտէզը անապատացնել փորձող մարդասպան թուրքին, եւ` թանգարանին մէջ միայն մէկ հայ նմուշի համար պահել ցանկացող Թալէաթ փաշային. եւ այսպիսով, իւրաքանչիւր հայ անհատ կը դառնայ վառ ապացոյց, որ մեր ազգը պատմութեան երեսէն ոչնչացնելու բոլոր փորձերը ձախողած են եւ երբեք պիտի չյաջողէին, վկայ` մեր այսօրուան գոյնզգոյն ծաղիկները, ըսաւ Ռ. Պոյաճեան:
Այնուհետեւ, ան բեմ հրաւիրեց Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, որ ներկայիս Քեսապի կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւն է: Վերջինս ուրախութիւն յայտնեց` տեսնելով, թէ Ս. Խաչ-Հարպոյեանը օրէ օր կը բարգաւաճի, ունի իր պահապան հրեշտակը, որ տնօրէնուհին է եւ ուսուցչակազմը, որոնք միասնաբար կը հսկեն մեր մանուկներուն փայլուն ապագան ապահովելու համար: Ան նաեւ շեշտեց, որ Աստուծոյ յաւիտենական խօսքը կ՛ըսէ, թէ մանուկը հարկ է կրթել իր փոքր տարիքէն, որպէսզի երբ մեծնայ չսայթաքի, եւ այս կրթութիւնը կ՛ընդգրկէ նաեւ հաւատք եւ ազգային գիտակցութիւն ջամբել, որոնցմով վրէժ լուծած կ՛ըլլանք օսմանեան պետութենէն, իր խօսքը եզրափակեց վարդապետը:
Հայր Պաթաքեանի, տնօրէնին եւ մանկապարտիզպանուհի Լենա Տէրտէրեանի ձեռամբ կատարուեցաւ վկայականներու բաշխումը:
Յայտագրին երկրորդ բաժինը նուիրուած էր Երգի միջազգային օրուան: Շեշտելով կարեւորութիւնը երգին ու երաժշտութեան, մանկապարտէզի աշակերտները, օրուան առիթը օգտագործելով, երգերով ու պարերով պատուեցին իրենց ստեղծագործութիւններով անմահացած եւ մեր յիշողութեան մէջ տեղ գտած հայ թէ օտար արուեստագէտները:
Երգերու, պարերու եւ մանկական հաճելի մթնոլորտով հանդէսի աւարտին տնօրէնը բեմ բարձրանալով` շնորհակալութիւն յայտնեց մանկապարտէզի ուսուցչական կազմին` գլխաւորութեամբ ժրաջան մանկապարտիզպանուհիին, իրենց աշխատանքներուն ու նուիրուածութեան համար: