ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեզի կը պակսի սրտցաւ անձ մը, որու կարենաք վստահիլ ձեր հարցերը: Այդ պակասը պիտի լեցուի շուտով եւ պիտի գտնէք սրտակից մը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մեծ ծրագիր մը ունիք իրագործելիք, որուն մասին երկարօրէն մտածելէ ետք լաւագոյն ճամբան պիտի գտնէք զայն կեանքի կոչելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ասպարէզին մէջ դժուարութիւններ պիտի ունենաք, սակայն ձեր համբերատար նկարագրին շնորհիւ` շուտով լուծումներ պիտի գտնէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ամէն ինչով կը հետաքրքրուիք, ինչ որ լաւ բան է, եւ որ` ձեզ կ՛առաջնորդէ դէպի յաջողութիւն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Շատ աշխատասէր էք, սակայն բոլոր պատասխանատուութիւնները մի՛ առնէք ձեր վրայ: Մարդիկ կրնան շահագործել ձեզ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր յամառութիւնը շարունակէք, ձեր շուրջինները կրնան հեռանալ ձեզմէ: Գործակցութեամբ ապրեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Արձակուրդ չի նշանակեր հանգիստ ընել, յաճախ յոգնեցուցիչ են անոնք. ուրեմն ձեզի կը մնայ ձեր ծրագիրները դասաւորել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հաճելի ամառ մը պիտի վայելէք ձեր սիրած անձին հետ` միասնաբար կատարելով շրջապտոյտ մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Նիւթական հարցերը անտեղիօրէն կը մտատանջէ ձեզ: Հարկ չկայ առօրեան խանգարելու, օրը վայելեցէք անհոգ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Նիւթապաշտութենէ հեռու մնացէք եւ քիչ մըն ալ արուեստի հետեւեցէք, որպէսզի հաւասարակշռուած կեանք մը ունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքը անշուշտ թէ ծանր է առօրեայ կեանքին մէջ, սակայն թեթեւի առէք, քանի որ արձակուրդը մօտ է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Պարզ ժպիտով մը շատ բան կը շահինք: Լաւ է ընկերային ըլլալը, ինչ որ կը դիւրացնէ փոխյարաբերութիւնները: