Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բաղրամեանի Ցուցարարները «Մէկ Քայլ Առաջ» Մարտավարութեան Կը Դիմեն

July 6, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-05-15_kayl-76Բաղրամեան պողոտային վրայ գտնուող ցուցարարները նախանցեալ օր յայտարարած էին, որ պայքարը կը թեւակոխէ վճռորոշ հանգրուան:

Ցուցարարներուն անունով Դաւիթ Սանասարեան հրապարակեց իրենց նոր մարտավարութիւնը:

«Այս ընթացքին պարապ չենք մնացած: Քննարկած ենք քայլեր, որ ձախողութիւն չարձանագրենք: Քայլերը պիտի որոշեն Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիները: Մենք պարտաւոր ենք քայլեր իրականացնել, խաղաղ, բայց իշխանութեան մարտահրաւէր նետող քայլեր: Իշխանութիւնները կ՛արհամարհեն մեզ, կասկածի տակ կը դնեն մեր վճռականութիւնը: Մենք կը շարունակենք խաղաղ պայքարը եւ պիտի սկսինք վճռական հանգրուանին: Կը դիմենք իշխանութիւններուն: Բաղրամեան պողոտան պիտի չբանանք, քանի տակաւին պահանջները կատարուած չեն: Այդ պատճառով կը սպասենք մինչեւ երկուշաբթի ժամը 21:00-ն: Պիտի սկսինք մէկ քայլ առաջ շարժումը: Ամէն նոր օրուան ժամը 21:00-ն եթէ չստանանք մեր պահանջները` մէկ քայլ յառաջ պիտի երթանք` դէպի Բաղրամեան 26:

«Կը կրկնենք մեր պահանջները` չեղեալ նկատել ելեկտրականութեան սակի բարձրացման հակաընկերային որոշումը, պատժել լրագրողներուն եւ ցուցարարներուն դէմ բռնութիւններ կիրարկած ոստիկանները, վերատեսութեան ենթարկել այսօրուան սակագինը:

«Ուրախ ենք, որ երգեցինք, պարեցինք, բայց տակաւին կայ պայքար: Մենք պիտի պարենք ու երգենք: Մեր ուրախ օրերը առջեւն են»:

Դաւիթ Սանասարեան այս մարտավարութեան աջակցութիւնը փորձեց ստանալ ցուցարարներէն: Անոնք կոչերով ու ողջոյններով ընդունեցին որոշումը:

Լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Դաւիթ Սանասարեան  շեշտեց, որ իրենք բախումներու պիտի չերթան: Ան նշեց, որ ետ պիտի  չդառնան, ունին նաեւ այլ քայլեր, որոնց մասին պիտի յայտարարեն հետագային: «Մենք պիտի չերթանք Բաղրամեան 26-ը գրաւելու, բայց մենք նաեւ չենք եկած երգուպարի, երբ մեզ կ՛արհամարհեն, մենք քայլերու կը դիմենք», ըսաւ Սանասարեան:

 

Նախորդը

Աղուան Վարդանեանը` Բաղրամեան Պողոտային Վրայ Չգտնուելու Մասին. «Այլեւս Այնտեղ Ըլլալու Անհրաժեշտութիւն Չկայ»

Յաջորդը

«Սահմանադրութեան Ընդունումը Դարձաւ Հայերու` Անկախ Պետականութիւն Ունենալու Դարաւոր Երազանքի Վառ Մարմնաւորումը» Շեշտեց Նախագահ Սերժ Սարգսեան

RelatedPosts

«Հայաստանի Հանրապետութեան Հզօրացումը  Իւրաքանչիւր Հայու Եւ Ամբողջ Հայութեան  Աւագ Պարտաւորութիւնն Է»  Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ուղերձը Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

September 21, 2026
Արցախի Հանրապետութեան  Ազգային Ժողովի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Ազգային Ժողով. «Արցախցիների Հաւաքական Եւ Անվտանգ Վերադարձի Իրաւունքն Անսակարկելի Է»

September 21, 2026
Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները  Կարգաւորող Մարմիններու  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Հայկական

Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Լրատուամիջոցները Կարգաւորող Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.