Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճի Շրջանաւարտներու Նոր Հունձք Մը

Յուլիս 4, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

7-04-15_khanamirian-(2)

Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցաւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ նախագահութեամբ տիկին Միրէյ Խանամիրեանի, 25 յունիս 2015, երեկոյեան  ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

7-04-15_khanamirian-(3)

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդիսութիւնը սկսաւ կենդանի պատկերով մը, ուր շրջանաւարտները հանդիսատեսին առջեւ բացին Հայոց եղեռնի սարսափազդու պատկերները, ժողովուրդին կրած արհաւիրքն ու Արեւմտահայաստանի ամայացումը, ապա ներկայացուցին հայ ժողովուրդին վերածնունդը եւ մեռելներէն յարութիւն առած հայութեան զաւակներու արեան գնով կերտուած ազատ, անկախ պետութիւն, զոր արտայայտեցին պարզուած եռագոյնով:

Ուշագրաւ էր հայոց եղեռնագործները անպայման պատժելու հայ ժողովուրդի զաւակներուն տուած որոշումը` «Նեմեսիս»-ի գործունէութեան բեմականացումը: Այս պատկերով շրջանաւարտները ներկայացուցին Թալէաթի ահաբեկումը` Սողոմոն Թեհլիրեանի ձեռամբ, ապա` դատավարութիւնը: Տեղին է նշել, որ կենդանի պատկերներու կ՛ուղեկցէր նկարներու ցուցադրութիւն, որ առաւել խօսուն ու տպաւորիչ կը դարձնէր ներկայացումները:

Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին, թէ ինչպէ՛ս սփիւռքի ու հայրենիքի մէջ իրարու յաջորդող սերունդները շեփորեցին պահանջատիրութեան երթը ամէն գնով շարունակելու հզօր կանչը եւ ներկայացուցին այն երկիրները, որոնք ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Անոնք կարդացին նաեւ Ֆրանչիսկոս սրբազան քահանայապետին` Հայոց ցեղասպանութեան խօսքէն արաբերէնով հատուածներ, Ամերիկայի ծերակոյտին եւ Ֆրանսայի նախագահին խօսքերը` անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով:

Շատ գեղեցիկ ձեւով շրջանաւարտները բեմականացուցին «Սարդարապատ» պարը, որուն յաջորդեց Ը. կարգի աշակերտուհիներուն Ժաք Ս. Յակոբեանի «Կանք կը մնանք» բանաստեղծութեան ոգեշունչ ասմունքը:

Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Նուէրներ բաշխուեցան պատուոյ ցանկին մաս կազմող բոլոր կարգերու աշակերտներուն: Խանամիրեանականներու միութեան տիպար աշակերտի մրցանակը շնորհուեցաւ Թ. կարգէն Սելլա Վարդանեանին: Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեանի միջնակարգի հայերէնի բարձրագոյն միջինի մրցանակը շնորհուեցաւ Է. կարգէն Ժան Քլոտ Չերքեզեանին, իսկ Ժաք Վէքիլեան մրցանակը` միջնակարգի գիտական նիւթերու բարձրագոյն միջինի մրցանակը շնորհուեցաւ Է. կարգէն Փաթիլ Եագուպեանին:

Վերջապէս շրջանաւարտները մուտք գործեցին սրահ: Անոնցմէ Ռիթա Յակոբեան հայերէնով,  Կարօտ Պէլեան անգլերէնով եւ Գէորգ Դաւիթ արաբերէնով կարդացին իրենց ուղերձներն ու հրաժեշտի խօսքերը: Անոնք իրենց խօսքերով շնորհակալութիւն յայտնեցին դպրոցին, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին ու իրենց ծնողներուն, որոնք ջանք չխնայեցին իրենց դաստիարակութեան ու լաւագոյն կրթութիւնը ջամբելուն, ապա խոստացան որպէս 100-ամեակի սերունդ  ոչ միայն պահել, այլ աշխատիլ նոր որակ ու շունչ հաղորդել ազգային արժէքներուն:

Ապա խօսք առաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեան: Ան յայտնեց իր ուրախութիւնը` բաժնեկցելու շրջանաւարտներուն յաջողութիւնը, որոնք տասնամեակէ մը աւելի յաճախած են Խանամիրեան քոլեճ` կեանք տալով անոր, իսկ հիմա, ըսաւ ան, անոնք կը ներկայանան յաջողութեան պսակը իրենց ճակատին, պատրաստ` նոր հորիզոններ նուաճելու, նոր փորձառութիւններ ձեռք ձգելու եւ աւելի ուշ նետուելու կեանքի ասպարէզ ու ծառայելու հայ ժողովուրդին:

Նելլի Վեքիլեան նշեց, թէ ամավերջի հանդէսը նաեւ հաշուետուութեան առիթ է, ապա հաստատեց, թէ անցնող տարեշրջանին ուսուցչական կազմը պատասխանատու մարմիններուն հետ առաւելագոյն ճիգը թափեց կրթական-մանկավարժական մակարդակի տեւական բարելաւման, դպրոցական թէ արտադպրոցական կեանքի աշխուժացման, արդիականացման, ծնողք- դպրոց կապի ամրացման` Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի համբաւին եւ աւանդութեան պահպանման ի խնդիր:

Ապա խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` ըսաւ.  «Այսօր ձեր յիշողութեան վերաթարմացման, ուրախութեան արտայայտութեան ու ապագայի նկատմամբ քաջ որոշումներ կայացնելու օրն է: Դուք անպայման դեր պիտի վերցնէք մեր ազգային կեանքին մէջ: Իմացէ՛ք, ի՛նչ դիրքի ալ որ հասնիք, միշտ յիշեցէք, որ այս սրբազան յարկին տակ հասակ առած էք: Դուք Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հունձքն էք: Թող ձեր ձեռքբերումներով, ձեր գործերով զօրանայ մեր ժողովուրդի յոյսն ու կամքը եւ նոր շունչ փոխանցէք մեր պահանջատիրական պայքարին»:

Խօսք առաւ նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան ըսաւ, թէ անցնող 100 տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդը կուրծք տալով ամէն դժուարութեան` կրցած է իր ինքնութիւնը պահել, այն ալ` հաւատալով իր ազգային մեծ երազին, որ է` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստանի մը կերտումը, որ պիտի ամփոփէ հայութեան ցրիւ եղած զաւակները, որոնք պիտի ուռճանան հայրենի բնօրրանին վրայ ու յաւերժական կեանքով ապրին:

Ան խօսքը ուղղեց շրջանաւարտներուն` ըսելով, «Հայ դպրոցի աշխատանքին արդիւնքն էք: Կը մաղթենք, որ ձեր կեանքերը նաեւ նուիրաբերէք ազգին ու դպրոցին, որովհետեւ հայ դպրոցը մեր ժողովուրդն է, որ ունի իր բարեկամները ու բարերարներ, որոնք ամէն ատեն նեցուկ են իրեն: Առանց հայ դպրոցին` խախուտ է մեր կեանքը»:

Ան շնորհաւորեց բոլորը եւ ըսաւ .«Հակառակ ամէն տեսակ դժուարութիւններուն, կը մաղթենք, որ ծաղկի դպրոցը ու զայն ծաղկեցնեն շրջանաւարտները նեցուկ դառնալով անոր, որովհետեւ հայ դպրոցին նայելով հայ ազգը իր ամրութիւնը կ՛արժեւորէ եւ կը ձգտի հասնիլ յաւերժին:

Այս տարուան շրջանաւարտներն են Ժիրայր Քէշիշեան, Սինթիա Սընըքճեան, Կարօտ Պէլեան, Սերժ Չէրքէզեան, Թաթիանա Շէնզեան, Ռիթա Յակոբեան, Յակոբ Մենեշեան, Գէորգ Մալաճալեան, Նազօ Կիւվլէքճեան, Փաթիլ Խաչատուրեան, Յասմիկ Զէյթունլեան, Գէորգ Դաւիթ, Ճօ Գասապեան:

Բարեջան առաջնորդի օրհնութեան աղօթքով փակուեցաւ հանդիսութիւնը:

Նախորդը

Քարմեն Աճեմեանի «Աշուղի Սէրը» Ձայնասկաւառակի Շնորհահանդէս` Մասնակցութեամբ «Սայաթ Նովա» Աշուղական Համոյթի Մենակատարներ Սարգիս Խաչատրեանի Եւ Արթուր Մնացականեանի

Յաջորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Կոթողային Նախերգանք Կամ Թատերական Հարցադրումներ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?