Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Չափ Ու Սահման

July 4, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բնութեան օրէնքով ամէն բան ունի իր չափն ու սահմանը: Ամէն ինչ իր չափին ու սահմանին մէջ հաճելի է, օգտակար է: Սակայն երբ չափն ու սահմանը կը խախտին, ամէնէն օգտակար նկատուած բաներն անգամ կը դառնան վնասակար:

Բնութեան օրէնքը կիրարկելի է նաեւ մարդոց համար: Ամէն տարիքի, ամէն խաւի ու դիրքի մարդիկ ունին, պէ՛տք է ունենան չափի ու սահմանի իրենց զգացողութիւնը, որ պիտի կանոնաւորէ մարդկային յարաբերութիւնը: Կրտսեր մանուկը չի կրնար շրջանցել ծնողքին սահմանը եւ կատարել բաներ, որոնք մեծահասակներու միայն կրնան արտօնելի ըլլալ: Մարզիկն ու սկաուտը չեն կրնար ներկայացնել անսահման պահանջներ եւ ակնկալել, որ պատասխանատուները ընդառաջեն իրենց:

Պետութիւններ, միութիւններ եւ հաստատութիւններ ունին իրենց օրինագիրքերը, որոնք կը ճշդեն իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքներուն եւ պարտաւորութիւններուն չափն ու սահմանը: Շրջանցողները կը նկատուին կանոնազանց ու կ՛ենթարկուին համապատասխան տնօրինումի:

Այս բոլորը ընդունուած եւ ընդհանրացած երեւոյթներ էին մինչեւ մեր մօտիկ անցեալը, երբ տակաւին գոյութիւն չունէր ընկերային հաղորդակցութիւններու մերօրեայ աշխարհը: Մինչեւ երանելի այն օրերը, երբ ամէն ինչ կը մնար ժողովական, ակմբային սեղմ շրջանակի մէջ: Երբ մարդիկ հեղինակութիւններ կը ճանչնային ու հանգամանքներ կը յարգէին: Մեծերէն կ’ակնածէին, փոքրերուն հաշիւը կ’ընէին: Չըլլա՜յ, թէ մեծերը վրդովէին, իսկ փոքրերը սխալ օրինակ տեսնէին:

Երանելի այդ օրերուն ամէն մարդ գիտէր իր չափն ու սահմանը, ըսուելիքը եւ չըսուելիքը, նաեւ` այդ բոլորը ո՞ւր ըսելը եւ ինչպէ՛ս ըսելը: Մարդիկ տասը կը մտածէին եւ մէկ կ՛արտայայտուէին: Խօսքը արժէք ունէր, խօսքը պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէր:

Այսօր աշխարհը տարբեր է: Չափ ու սահման չի ճանչնար: Մարդիկ ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներու մէջ իրենց խօսքը, նկարն ու տեսանիւթը կը փոխանցեն սանձարձակ ազատութեամբ: Ամէն մարդ ինքզինքին իրաւունք կու տայ արտայայտուելու ամէն ինչի մասին, առանց մտածելու, թէ ըսելիքը, տեղն ու ձեւը կը պատշաճի՞ն իր հանգամանքին: Վարժապետը դաս կու տայ վարչապետին, անառակը` կղերականին, նորեկ մարզիկը` վարչական պատասխանատուին, միութենէն հեռացուածը` միութենականին եւ շարքը երկար է:

Կարելի չէ շարունակել այսպէս, անհաշիւ ու անպատասխանատու մօտեցումով: Պէտք է վերադառնալ մեր բնական չափերուն եւ սահմաններուն: Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցները չեն կրնար փոխարինել ժողովական քննարկումները: Առօրեայ դժուարութիւնները չեն կրնար բեմ գտնել միլիոնաւոր մարդոց դիմաց: Ժամանակն է, որ մարդիկ` ֆէյսպուքահայեր,  գիտնան, թէ ո՞ւր ի՛նչ կրնան ըսել: Ամէն մարդ ամէն մարդու հաշուետուութեան չի կրնար կանչել հանրային քննարկումով: Հաշուետուութեան տեղը ուրիշ է: Հասցէն ծանօթ է, կարգը` նոյնպէս:

Չափ ու սահմանի խախտումէն ոչ ոք կ’օգտուի: Բոլո՛րը կը վնասեն: Իսկ մեծագոյն վնասողը կ’ըլլայ բարոյական արժէքներու մեր համակարգը, առանց որուն` կը դադրինք կազմակերպ հաւաքականութիւն եւ ազգ ըլլալէ:

Կը դադրինք սերունդներու տէրն ու ծառան ըլլալէ:

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՄԱՐԶԻԿ»-Ի

 

Նախորդը

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. Կոթողային Նախերգանք Կամ Թատերական Հարցադրումներ

Յաջորդը

Կորիւն Արք. Պապեան (Մտերմութեան Մէջ)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.