Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1965)

Յուլիս 4, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այնճարի Հայ Աւետարանական
Դպրոցին Հունձքը

Հակառակ այն իրողութեան, որ Այնճար գիւղ մըն է, ունի երկու երկրորդական դպրոցներ եւ մէկ նախակրթարան:

Երկրորդականներուն հնագոյնը եւ մեծագոյնն է Հայ աւետարանական դպրոցը, որ շուրջ տասը տարի առաջ տուած է իր անդրանիկ հունձքը: Իսկ իր հսկայ գիշերօթիկով լսելի դարձուցած է Այնճարի անունը ամբողջ Միջին Արեւելքի մէջ:

Պէտք է ըսել, թէ իր այս տարուան հունձքը բաւական առատ էր: Պետական սերթիֆիքայի քննութեանց մէջ յաջողածներուն թիւը, նախակրթարանի եւ միջնակարգ դասարաններու աշակերտներուն, երեսուն էր, տասնվեց աղջիկ եւ տասնչորս մանչ: Իսկ աւարտական դասարանէն վկայուեցան տասնութ հոգի, որոնցմէ չորս հոգի յաջողած են ամերիկեան համալսարանի մուտքի քննութեանց մէջ:

Ներկայ տարեշրջանը փակուեցաւ զոյգ հանդէսներով: Առաջինը մանկապարտէզի հանդէսն էր, որ տեղի ունեցաւ 23 յունիսին, կ. ե. ժամը 4:00-ին, դպրոցին բակին մէջ: Փոքրիկներուն ներկայացուցած երգերէն եւ արտասանութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ վկայականաց բաշխում: Քսանութ փոքրիկներ ստացան վկայական:

Իսկ նախակրթարանի եւ երկրորդական բաժնի հանդէսը տեղի ունեցաւ յունիս 25-ին, ժամը 5:00-ին: Մէջ ընդ մէջ ներկայացուեցան խմբերգներ եւ արտասանութիւններ, երեք լեզուներով: Խօսք առաւ վաստակաւոր փրոֆ. Խայիկեան եւ յորդորեց շրջանաւարտները` յարատեւել եւ անվհատ կերպով դիմագրաւել կեանքը:

Ապա տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներու վկայականներու բաշխումը դպրոցի տնօրէնուհի քոյր Հետուիկին ձեռքով: Քսանեօթը փոքրիկներ ստացան վկայական:

Խօսք տրուեցաւ Պեքաայի շրջանի ընկերային հարցերու նախարարութեան տնօրէնին, որ կուռ արաբերէնով գովքը հիւսեց Լիբանանի, լիբանանահայութեան եւ անոր տարած կրթական գործին: Ապա իր ձեռքով բաժնեց անցեալ տարուան սերթիֆիքայի քննութեանց մէջ յաջողած աշակերտներուն սերթիֆիքաները:

Ատկէ ետք տեղի ունեցաւ երկրորդական բաժնի վկայականներու բաշխումը: Եւ հանդէսը փակուեցաւ քոյր Հետուիկի փակման խօսքով:

Ստորեւ կու տանք պետական քննութեանց մէջ յաջողածներուն անունները.

Պայծառ Մախուլեան, Սոնա Աբրահամեան, Թրֆանտա Գասպարեան, Լուսին Իրատեան, Զապէլ Ճինկոզեան, Արշալոյս Գապագեան, Հայկանուշ Ղազարեան, Քնար Իբրաճեան, Լուսին Պերեճիքեան, Անի Խըտրեան, Սոնա Գալենճեան, Մոնա Քէօշկէրեան, Սոնա Իրատեան, Թինա Մալաքեան, Քրիսթին Աբրահամեան, Լուսին Քելեան, Արա Լափաճեան, Կարպիս Պուճագճեան, Գէորգ Եարալեան, Յակոբ Աւետիքեան, Ալպերթ Աբէլեան, Պետրոս Շահրաշեան, Յակոբ Կեպեշեան, Մանուէլ Գրիգորեան, Խաչիկ Աղճեան, Եդուարդ Էրմոյեան, Գառնիկ Աբգարեան, Յարութ Վարդանեան, Վաչէ Պարսումեան, Յովհաննէս Պոլառոճեան:

Իսկ աւարտական դասարանէն վկայուեցան հետեւեալները.

Անահիտ Գուշաքճեան, Լուսին Քիւրտեան, Լուիզա Շերպեթճեան, Սառա Թիլքեան, Մարի Եագուպեան, Հայկուհի Գասամանեան, Ալիս Պենլեան, Անժէլ Գալենճեան, Վարդգէս Թաշճեան, Կիրակոս Խոշեան, Պետրոս Փալթաճեան, Յակոբ Սմբատեան, Լեւոն Ֆիլեան, Պօղոս Հանտեան, Տիգրան Փանոսեան, Սալմա Սաղտճեան, Պետրոս Քարթունեան եւ Ալեքսան Թիւմպերեան:

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Արեւը Մեր Մորթին Գոյնը Թուխ Կը Դարձնէ, Իսկ Մազերուն Գոյնը Կը Բանայ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?