ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Զգուշութիւնը լաւ է, սակայն մի՛ չափազանցէք: Բարեկամները կրնան զգացուիլ եւ հեռանալ ձեզմէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Դժուարութիւններու դիմաց կը գտնուիք եւ մտահոգ էք. հարցերու կողքին լուծումներ կը գտնուին. քիչ մը խոհեմութեամբ ամէն հարց պիտի լուծուի:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օրը շատ յարմար է բարեկամներով պզտիկ հաւաքոյթ մը կազմակերպելու: Հրաւիրեալները շատ գոհ պիտի մնան, դուք ալ անոնց ներկայութեամբ պիտի ուրախանաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր շրջապատէն պիտի հասկցուիք եւ դուք ձեր ուզածին պէս պիտի դասաւորէք ձեր կեանքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր շրջապատին թոյլ չէք տար, որ արտայայտեն իրենց կարծիքը. ասիկա քիչ մը ինքնահաւանութիւն է, որ կը նեղացնէ ձեր շուրջինները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Տեսարժան վայրեր կան ձեզմէ ոչ հեռու. ամէն առիթներով կրնաք այցելել եւ ձեր գիտութիւնը զարգացնել:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մի՛ սպասէք, որ մարդիկ մօտենան ձեզի: Դուք ալ ձեր կարգին կրնաք մօտեցում ցուցաբերել եւ նոր յարաբերութիւններ ստեղծել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ծնողները իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն, զաւակներ պէտք չէ խոչընդոտ ըլլան անոնց. վերջապէս ձեր բարիքին համար է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Լաւ տրամադրութիւն կը տիրէ ընտանեկան յարկի տակ. բարձր ներդաշնակութիւնը կը դիւրացնէ իւրաքանչիւրին կեանքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր զբաղումները բազմազան են եւ հաճելի: Ձեր այս տրամադրութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ձեր կեանքին:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կենսունակ եւ եռանդուն էք: Պիտի նախաձեռնէք զանազան գործերու, որոնց մէջ յաջողութիւն պիտի ունենաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր ասպարէզին մէջ յաջողութիւն գտած էք. որեւէ հարցի դիմաց ձեզի կը դիմեն եւ ձեր կարծիքները եւ լուծումները միշտ գնահատուած են: