ՖԻՖԱ-ին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ որ Պարպատոս դուրս դրուեցաւ 2018-ի Մոնտիալէն` նկատի ունենալով, որ Արուպայի դէմ իր կատարած զտումի մրցումին (ՔՈՆՔԱՔԱՖ-ի շրջան), դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ Հատան Հոլիկանը, որ նշանակեց մրցումին միակ կոլը:
ՖԻՖԱ 3-0 արդիւնքով յաղթանակը շնորհեց Արուպայի, որ այսպիսով երթուդարձի դրութեամբ, 3-2 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը, անցաւ յաջորդ հանգրուան:
Պարպատոս, որ երբեք չէ ապահոված Մոնտիալի տոմս մը, ստացաւ նաեւ վեց հազար ամերիկեան տոլարի տուգանք մը:


