«ԱՍ» կայքէն կը տեղեկանանք, որ Ա. Էս. Ռոմա մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտի եւ Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին բերդապահով` Իքեր Քասիասով:
Կը հաղորդուի, որ իտալական ակումբը արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած է արքայական ակումբին հետ:
Նշենք, որ «Լա լիկա»-ի նախորդ տարեշրջանին, Քասիաս մասնակցած է 32 մրցումի` 12 անգամ անառիկ պահելով իր բերդը:
Այլ գետնի վրայ, Ռէալ մատրիտ աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ տը Ժէան:


