Քլիվլենտ Քաւալիրզի յառաջապահ Լեպրըն Ճէյմս իր ակումբին պատասխանատուներուն տեղեակ պահեց, որ ինք մտադիր է օգտուիլ իր գործող պայմանագիրէն եւ ստանալ ազատ մարզիկի կարգավիճակ:
Սակայն ան կը նշէ, որ ինք մտադիր չէ այլ ակումբներու հետ բանակցիլ, այլ կ՛ուզէ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել իր կազմին հետ:
Ըստ գործող պայմանագիրին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան 2015-2016 տարեշրջանին համար ան պէտք էր ստանար 21,6 միլիոն ամերիկեան տոլար աշխատավարձ:


