Միջազգային լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Չիլիի ֆութպոլի ազգային խումբի յետսապահ Կոնզալօ Խարա մրցաշարքին կազմակերպիչներուն կողմէ երեք մրցումով կախակայուեցաւ:
29 տարեկան Խարա իր այդ պատիժը ստացաւ` իր ունեցած ոչ մարզավայլ կեցուածքին համար:
Ան պատճառ դարձած էր, որ Ուրուկուէյի ֆութպոլիստ Էրինսոն Քաւանի կարմիր քարտ մը ստանայ եւ մրցումէն հեռացուի, մինչ տեսանիւթերը ցոյց կու տային, որ Քաւանի սխալ ոչինչ կատարած էր, բայց դաշտէն վտարուած էր, մինչ Խարա այդ մրցումին մնացած էր անպատիժ:


