Tuttomercatoweb.com կայքին համաձայն, Ռէալ Մատրիտ պաշտօնական առաջարկ մը ներկայացուցած է Լացիօ Ռոմային` ձեռք ձգելու համար անոր արժանթինցի միջնապահ Լուքաս Պիլիան:
Կը կարծուի, որ անոր փոխանցման համար Ռէալ Մատրիտ իտալական ակումբին պիտի վճարէ 22 միլիոն եւրօ:
Արքայական ակումբը այն կարծիքին է, որ Լուքաս Պիլիայի ներկայութեամբ Ռէալ Մատրիտ շատ յաջող տարեշրջան մը պիտի բոլորէ:


