Տնտեսական
Պէյրութի Միջազգային
Օդակայանը
Բաւական ատենէ ի վեր կը խօսուի Պէյրութի միջազգային օդակայանի տեղափոխութեան մասին: Օդակայանը, որ Ռայեաք կը փոխադրեն, ուրիշ օր մըն ալ` Սայտա, Թրիփոլի եւ կամ Տամուր: Կարծէք` շատ դիւրին գործ մը ըլլար հսկայական գումարներ ծախսուած հաստատութեան մը տեղափոխութիւնը, մէկ օրէն միւսը:
Անցեալ շաբթու մէջ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայէլի ըրած յայտարարութեան համաձայն, օդակայանի տեղափոխութեան վերաբերեալ բոլոր թղթածրարները քննուած են մասնագիտական յանձնաժողովներու կողմէ, եւ տեղեկագիրն ալ պատրաստուած` նախարարաց խորհուրդի մէջ օրակարգի նիւթ դարձնելու համար:
Ուրեմն, սպասելով կառավարութեան վերջնական որոշումին, այժմ քննենք տեղափոխութեան տուն տուող պատճառները, առաւելութիւններն ու անպատեհութիւնները:
Ինչպէս յայտնի է, երեք տարիէն Պէյրութի գծին վրայ գերձայնային օդանաւեր պիտի աշխատին, որոնք ահռելի ձայներ կը հանեն, երբ «ձայնի պատը» կը ճեղքեն: Կը վախցուի, որ այդ ձայները խանգարեն Պէյրութի բնակչութեան հանգիստը գիշեր ժամանակ, երբ ամէն մարդ անուշ քունի մէջ կ՛ըլլայ: Այժմէն կարելի է երեւակայել ջղային մարդոց եւ մանաւանդ ջղային կիներուն վիճակը:
Առանց գերձայնային օդանաւերու ալ, արդէն Ռաս Պէյրութի ժողովուրդը դժգոհ է օդանաւերուն պատճառած աղմուկներէն, մասնաւորապէս` ծովեզերեայ շրջաններու մէջ, ուր շինուած են արդիական մեծածախս հիւրանոցներ` օտար զբօսաշրջիկներ ընդունելու համար: Տարուէ տարի, օդանաւերուն թիւը շատնալով, աղմուկն ալ կը դառնայ անտանելի: Այս պատճառով ալ կ՛առաջարկուի Խալտէի օդակայանը, առնուազն 15 քիլոմեթր դէպի հարաւ տեղափոխելով, աղմուկն ալ դէպի ծովուն կողմը իջեցնել:
Դէպի հարաւ 15 քմ իջեցնելով` մօտեցած կ՛ըլլանք Տամուր քաղաքին, Սայտայի ճամբուն վրայ, Պէյրութէն մօտ 20 քմ հեռաւորութեամբ: Պէտք է ըսել, որ շատերուն ուշադրութիւնը Տամուրի վրայ կեդրոնացած է:
Եթէ օդակայանը Տամուր փոխադրուի, ըստ մասնագէտներու, պիտի ստիպուին ծովուն վրայ պեթոնէ էջուղիներ շինել օդանաւերուն էջքին համար: Կ՛ըսուի, թէ պեթոնէ էջուղիներու շինութիւնը հսկայական ծախսերու կը կարօտի: Յետոյ, կայ բուն կարեւորը, օդերեւութաբանական անյարմարութիւնը ծովուն փոթորկոտ օրերուն ձմեռ ժամանակ, երբ էջքը անկարելի պիտի ըլլայ: Այս դժուարութիւնները` դրամական եւ մասնագիտական, նկատի առնուելիք պարագաներ են, որ մասնագէտներ ուշադրութեամբ քննած պէտք է ըլլան:
Օդակայանին տեղափոխութեան պարագային, ներկայ հողերը պիտի ծախուին կառավարութեան կողմէ, օրուան գիներով: Հողերուն նախկին տէրերը թոյլ պիտի տա՞ն, որ հողերը սուղ-սուղ գիներով ծախուին, երբ իրենք կառավարութեան ծախած են աժան գիներով, բացառապէս օդակայանի մը շինութեան համար: Ահաւասիկ, հոս եւս մէջտեղ կու գայ վիճելի դատական խնդիր մը, որ միայն տաղտուկ կրնայ պատճառել իշխանութեան:
Ժողովուրդին առեւտրական դասակարգը գո՞հ է այս տեղափոխութենէն: Բացարձակապէ՛ս ոչ: Ընդհանուր տրամադրութիւնները այս ուղղութեամբ, կողմնակից են, որ ներկայ օդակայանը պահուի` յարմարցնելով գերձայնային օդանաւեր ընդունելու վիճակին: Շօշափուած կարծիքներէն երեւան կու գայ, որ ներկայ օդակայանը կարելի է գործածելի դարձնել` կարգ մը բարեփոխումներ մտցնելով:
Այսպէս, գոյութիւն ունեցող էջուղիները պիտի զօրացուին` կարենալ ընդունելու համար ծանր օդանաւեր (մինչեւ 400 թոն) եւ էջուղիներն ալ պիտի երկարցուին, շուրջ 4000 մեթր: Այսպիսով, էջքի գործը կարգադրուած կ՛ըլլայ:
Լիբանանի մէջ օդակայանի համար յարմարագոյն շրջանը Պեքաայի դաշտն է, այսինքն` հիմակուան Ռայաքի կեդրոնը: Արդէն Թուրքիոյ օրով գերմաններու զինուորական օդակայան էր: Ընդհանուր պատերազմէն յետոյ ալ, դարձեալ, ֆրանսացիները օգտագործեցին իբրեւ օդակայան: Բայց նկատի ունենալով Ռայաքին 60 քմ հեռաւորութիւնը Պէյրութ մայրաքաղաքէն, յետոյ ձմեռուան եղանակներուն ճամբաներուն անկանոն երթեւեկը` ձիւնի եւ փոթորիկի ժամանակ, լուրջ արգելքներ են, որ թէ՛ ընկերութիւնները եւ թէ՛ կառավարութիւնը ստիպուած են լրջօրէն քննել այս թեքնիք դժուարութիւնները:
Մանաւանդ երբ գործի մարդիկ ժամանակ շահելու համար պիտի ճամբորդեն գերձայնային օդանաւերով, այլեւս անիմաստ կը դառնայ ժամեր կորսնցնել Ռայաքէն Պէյրութ գալու եւ վերադառնալու համար:
Մինչդեռ Խալտէի օդակայանը հազիւ 10 վայրկեանի խնդիր է: Ճամբորդներ եւ զբօսաշրջիկներ, շատ քիչ ժամանակի մէջ Պէյրութը պիտի պտտին եւ շուտով պիտի վերադառնան օդակայան` շարունակելու իրենց ճամբորդութիւնը դէպի Ասիա կամ դէպի Եւրոպա:
Ուրեմն, թեքնիք անկիւնէն քննելով` ներկայ օդակայանը պահելը յարմարագոյն ձեւն է: Բայց կան նաեւ ամենակարեւորները` տնտեսականը եւ ելեւմտականը: Հազարաւոր ճամբորդներ կու գան ու կ՛երթան` Պէյրութ ձգելով միլիոնաւոր թղթոսկիներ` օտար դրամանիշներով: Այդ տնտեսական հասոյթը մեծագոյն բարիքն է Պէյրութ քաղաքին համար: Մենք թէեւ ամէն վայրկեան չենք տեսներ երթեւեկի շարժումները, բայց, երբ առիթ ունենանք երթալու որեւէ ժամանակ, ցերեկը թէ գիշերը, պիտի հաստատենք միջազգային այն եռուզեռը, որ գոյութիւն ունի Խալտէի օդակայանին մէջ: Լիբանանցի մը հպարտութեամբ պէտք է դիտէ այս նախանձելի գործունէութիւնը, որ օդակայանի սպասարկութիւնը միջազգային կանոններով եւ բծախնդրութեամբ կը ղեկավարէ այսքան կարեւոր հաստատութիւնը: Այս օդակայանը ոչ միայն լիբանանցիին, այլ օտարներուն անգամ հիացումին արժանացած է:
Բացի տնտեսականէն, ներկայ օդակայանին բերած ծառայութիւնները պետութեան ելեւմտական կշիռին վրայ չափազանց գնահատելի են: Յարմար առիթով մանրամասնօրէն պիտի անդրադառնանք օդակայանին ունեցած տարեկան ելեւմտական գործունէութեան:
Այս պայմաններուն տակ, բնականաբար, նախընտրելի է, որ օդակայանը մնայ իր եղած տեղը, ինչպէս ըսինք, կարգ մը բարեփոխումներով: Հազարաւոր պաշտօնեաներ, գործաւորներ, օտար ընկերութիւններ կ՛օգտուին օդակայանի մօտիկութենէն: Վաղը, երբ հազար ճամբորդ փոխադրող օդանաւեր 4-5 ժամուան մէջ կտրեն ու անցնին Ատլանտեան ովկիանոսը, Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկաներէն, Եւրոպայէն կամ Ծայրագոյն Արեւելքէն, Ասիայէն կամ Ռուսիայէն, երեւակայեցէք ստեղծուելիք շարժումը Պէյրութի մէջ:
Ճիշդ է, որ աղմուկը կրնայ քիչ մը աւելնալ, բայց ի՞նչ վնաս կու տայ: Եւրոպայի մէջ Թեմփըլհոֆի օդակայանը քաղաքին ճիշդ կեդրոնն է եղեր:
Գալով գերձայնային օդանաւերուն հանելիք ահռելի ձայներուն, կը բացատրուի, թէ օդանաւերուն «պատի ձայնին» ճեղքումը տեղի պիտի ունենայ օդանաւին էջքէն կամ թռիչքէն 80 քմ հեռաւորութեան վրայ, այսինքն` արեւմուտքէն ծովուն վրայ, իսկ արեւելքէն ալ` Դամասկոսի մօտերը: Որով, ըստ մասնագէտներու յայտարարութիւններուն, աղմուկի կողմէն շատ մեծ տարբերութիւն պիտի չընէ ներկայիս աշխատող սովորական օդանաւերու աղմուկէն:
Վերջացնելէ առաջ մեր յօդուածը, անգամ մըն ալ ըսենք, որ Պէյրութի միջազգային օդակայանը թէ՛ Լիբանանի կառավարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի ժողովուրդին պատիւ բերող հաստատութիւն մըն է: Օդակայանը բազմաթիւ առաւելութիւններով օժտուած է, միջազգային առումով, այս երկրին ապահովելով տնտեսական եւ ելեւմտական շօշափելի հասոյթներ:
ԳԷՈՐԳ ՍԱԶՃԵԱՆ