ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ներկայիս դժուարութիւններ ունիք ձեր նոր սկսած գործին մէջ. մի՛ յուսահատիք, ժամանակը կը հարթէ ամէն դժուարութիւն:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ չէք կրնար ճամբորդութիւն մը ընել, աշխարհին վերջը չէ. կրնաք ձեր երկրին մէջ ալ խաղաղ եւ հաճելի արձակուրդ մը անցընել:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր արձակուրդը լաւ անցընելու համար խնայասէր պէտք է ըլլաք. շռայլութիւնը կը խանգարէ ձեր պիւտճէին հաւասարակշռութիւնը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաճախ ձեր յոյսը ուրիշներու վրայ կը դնէք, որպէսզի անոնք ընեն աշխատանքը: Պէտք է ինքնիշխան ըլլաք եւ ձեր կեանքին դո՛ւք պէտք է տնօրինէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Յոգնած էք եւ հանգիստի պէտք ունիք. արձակուրդի շրջանին տեսարժան վայրեր այցելեցէք, ինչ որ մեծապէս պիտի նպաստէ ձեզի:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Վերջերս անդադար մարզանքի կը հետեւիք. այս մարզին մէջ ալ խոհեմութիւն պէտք է: Ծանր մարզանքներէ հեռու մնացէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տան կեանքը հանգստութիւն չի նշանակեր. պարտականութիւններ շատ կան. մի՛ սպասէք ծանր յոգնութեան, այլ ձեր գործերը դասաւորեցէք եւ ձեր սիրած բաներու ալ ժամանակ տրամադրեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր հաճոյքներով տարուած էք եւ ձեր ընտանիքը բոլորովին մոռցած: Պէտք է գիտնաք, որ ընտանեկան յարկը լաւագոյն ապաստարանն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ արձակուրդի պիւտճէն բաւարար չէ, դուք ձեզ յանցաւոր մի զգաք: Անպայման միջոց մը պիտի գտնէք ձեր հանգիստը լաւապէս կազմակերպելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Շատ ուրախ էք: Աւելի լաւ կ՛ընէք, եթէ ձեր ուրախութիւնը բաժնէք ձեր շրջապատին հետ, ինչ որ աւելի ուրախութիւն պիտի տայ ձեզի:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ձեր ֆիզիքական վիճակը չ՛արտօներ աւելի ծանր գործեր ընել. հանգիստի կը կարօտիք, որմէ վերջ ձեր ուզածը հանդարտ կերպով կ՛ընէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր շուրջինները շատ պահանջկոտ են ձեզի նկատմամբ: Ազնուութիւնը լաւ է, սակայն պէտք չէ ձեզ շահագործեն: