Ն. Փալանճեան Ճեմարանի
Ամավերջի Հանդէսը
Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 յունիս 1965, կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ճեմարանի բակին մէջ:
Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ լիբանանեան ազգային քայլերգին եւ Ճեմարանի քայլերգին:
Ճեմարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Գէորգ Գանտահարեանի, յաջորդաբար եւ յաջողութեամբ խմբերգեց նաեւ հայ ժողովրդական երգեր:
Բացման խօսքը ըրաւ Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան: Յայտնեց, թէ Ճեմարանը ուսումնական գոհացուցիչ տարեշրջան մը եւս բոլորեց:
Յատկապէս շեշտեց, թէ Ճեմարանը իր աշակերտները կը պատրաստէ հայ ժողովուրդին համար:
Իր խօսքի վերջաւորութեան Վրացեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք մեծ վստահութեամբ, նիւթապէս թէ բարոյապէս զօրավիգ կը կանգնի Ճեմարանին:
Ողջերթի ուղերձը կարդաց Զ. դասարանէն Գէորգ Քէնտէրեան:
Մեծապէս գնահատուեցաւ արաբերէն արտասանութիւնը Սեդա Մարտիրոսեանի:
Հրաժեշտի ուղերձը կարդաց աւարտական Է. դասարանէն Էվա Տէրվիշեան:
1964-1965 տարեշրջանի գործունէութեան տեղեկագրի ընթերցումը կատարեց Ճեմարանի փոխտնօրէններէն Գառնիկ Բանեան:
Խանդավառ ծափեր խլեցին հայկական ժողովրդական պարերը, որոնք այնքան յաջող ու բնականոն խաղարկութեամբ կատարուեցան:
Հանդէսին ամէնէն տպաւորիչ մասը եղաւ վկայականներու բաշխումը, երբ յաջորդաբար եւ ընդհանուր ծափերու մէջ Ս. Վրացեան աւարտականներուն յանձնեց իրենց վկայականը:
Վկայական ստացան` Թուխանեան Հուրի, Հացագործեան Շաքէ, Մանուկեան Ռիթա, Մեհթերեան Ազնիւ, Պաղտասարեան Արփի, Սարգիսեան Յասմիկ, Սարհատեան Զուարթ, Սիւրմէլեան Զուարթ, Սուրուզեան Հուրի, Տէրվիշեան Էվա, Փայլեան Սօսի, եւ` Աւագեան Էտմոն: Գոճապապեան Մհեր, Գույումճեան Զաւէն, Գրիգորեան Եղիա, Եափուճեան Յակոբ, Պէրպէրեան Վահէ, Սարգիսեան Սագօ:
Վկայագիր ստացան` Խալաֆեան Նազիկ, Յովսէփեան Տիանա, Փափազեան Էլպիս, Շահնազարեան Տիանա, եւ` Գարագաշեան Մուշեղ, Մուսգաճեան Նազարէթ, Տապանճեան Ժիրայր, Տէր Ղազարեան Յարութիւն, Քասըմճեան Գրիգոր:
Հանդէսը վերջ գտաւ, յոտընկայս ունկնդրութեամբ, երգչախումբի «Յառա՛ջ, նահատակ» խմբերգով:
Խօսք Հրաժեշտի
Շաբաթ, 28 յունիս, տեղի ունեցաւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի վկայականներու բաշխման հանդէսը, որուն ընթացքին աւարտական դասարանէն Էւա Տէրվիշեան կարդաց հրաժեշտի հետեւեալ ուղերձը.-
Յարգելի՛ պր. տնօրէն եւ ուսուցիչներ,
Սիրելի՛ ընկերներ,
Հանդիսաւոր այս պահուն, յուզումով եւ երջանկութեամբ համակուած, եկած ենք ստանալու մեր դպրոցական երկար տարիներու աշխատանքին արդիւնք եղող վկայականը:
Տասնեակ տարիներ մեր մանկական եւ պատանեկան խանդավառ քայլերը այցելեցին այս սրբազան յարկը եւ հիմա խոր զգացումներով է, որ կը բաժնուինք Ճեմարանի ընտանեկան ջերմ մթնոլորտէն: Բաժանման թախիծը մեր սրտերուն մէջ` կը հեռանանք եւ մեր ընկերներէն, ե՛ւ մեր ուսուցիչներէն, ե՛ւ այս սիրելի շէնքէն, որ կարծէք դադրած է կիր ու քար ըլլալէ ու եղած` յիշատակներու եւ ապրումներու ամբողջութիւն մը: Դժուար է համակերպիլ այս բաժանման: Հոս է, որ մշակուեցան մեր խոպան մտքերն ու հոգիները, հոս է, որ սորվեցանք գիտութիւններ, լեզուներ, ծանօթացանք մեր հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի արժէքներուն եւ հպարտացանք անոնցմով:
Մեծ դժուարութեամբ է, որ կը բաժնուինք մեր սիրելի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներէն, որոնք երբեք չթերացան իրենց պարտականութեանց մէջ եւ դասերու կողքին սորվեցուցին մեզի ըլլալ մարդ, մանաւանդ` հա՛յ մարդ:
Դժուար է բաժնուիլ ձեզմէ, սիրելի ընկեր-ընկերուհիներ, տարիներ շարունակ ապրեցանք որպէս մէկ ընտանիքի անդամներ, կապուեցանք իրարու սերտ կապերով եւ ահա այսօր ստիպուած ենք հեռանալ իրարմէ եւ այս սուրբ ընտանիքէն:
Բայց սիրելի՛ Ճեմարան, որքան ալ հեռանանք, կարելի չէ մոռնալ քեզ. դուն, որ մեր սրտերուն մէջ վառեցիր ուսման եւ գիտութեան հուրը, դուն, որ կերտեցիր մեր ազգային նկարագիրը: Միշտ պիտի քալենք քու` մեր մէջ կերտած գաղափարական եւ ազգային ուղիէն:
Ապագան մեր առջեւ կը բանայ նոր կեանքի հորիզոններ, որոնք երբեմն գեղեցիկ են եւ երբեմն վտանգաւոր. պահ մը տատամսումի մէջ կը վարանինք յառաջանալու բայց երկար չի տեւեր այդ վախի պահը, որովհետեւ տարիներու ընթացքին սորվեցանք քաջութեամբ դիմագրաւել բոլոր դժուարութիւնները, որովհետեւ սորվեցանք ունենալ հաւատք եւ կամք:
Ճեմարանի մէջ մեզի պատգամուեցաւ ըլլալ պարտաճանաչ եւ գիտակից հայ, ծառայել հայ ժողովուրդին, կանգ չառնել որեւէ զոհողութեան առաջ. մեզի խօսուեցաւ այն վտանգներու մասին, որոնց առջեւ կեցած է հայ նոր սերունդը սփիւռքի մէջ: Այսօր մենք խորապէս կը գիտակցինք, թէ հայութեան աչքերը յառած են մեր վրայ, թէ` շատ բան կը սպասեն մեզմէ:
«Հանդիսաւոր այս պահուն կ՛ուխտենք յուսախաբ չընել մեր դաստիարակները եւ ի դերեւ չհանել մեր վրայ դրուած յոյսերը: Այսուհետեւ մեր նպատակը պիտի չըլլայ միայն կեանքի մէջ յաջողած մարդիկ դառնալ, այլ մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի ծառայէ մեր հանրային կեանքէն ներս, ուր այնքան խոր կերպով կը զգացուի կարիքը գիտակից հայ երիտասարդներու եւ մտաւորական նոր ուժերու: Հայ մշակոյթի սէրն ու տարածումը եւ հայ արդար Դատի հետապնդումը պիտի դառնան այն հիմնական նպատակները, որոնց հաւատարիմ սպասարկուն պիտի դառնայ մեզմէ ամէն մէկը վստահօրէն: Ահա այս խոստումով եւ նուիրումով է, որ կ՛ուխտենք մնալ իսկական Ճեմարանականներ եւ կ՛ըսենք`
Մնա՛ք բարով սիրելիներ,
Մնա՛ս բարով Ճեմարան: