ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Այսօրուան ձեր նիւթը պիտի ըլլայ ճամբորդութիւն մը, որ երկար ատենէ կ՛երազէք: Կատարեցէք, հաճելի արձակուրդ մը պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կազմակերպութեան մը կարիքներուն համար գործի պիտի լծուիք. արդիւնաբեր պիտի ըլլայ ձեր աշխատանքը, ինչ որ ձեզի գոհունակութիւն պիտի պատճառէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անփորձ անձերու վրայ ճնշում մի՛ ընէք. ընդհակառակը, ձեռք երկարեցէք եւ օգնեցէք անոնց, որպէսզի լաւ քայլերով հետեւին:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Յաճախ հակամէտ էք օգնութեան հասնելու եւ ուրիշներուն գործը կատարելու. ձգեցէք, որ իրենք կատարեն իրենց գործը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր սննդականոնին զգուշ եղէք, որպէսզի ամառնային ձեր հանդերձներուն կամ ծովազգեստներուն մէջ բարեձեւ երեւիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Նոտարի մը կամ ժառանգի մը հարցը ձեզի նեղութիւն պիտի տայ, ինչպէս` խիճ մը կօշիկին մէջ: Համբերութեամբ հարցերը կը լուծուին:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր անկեղծութիւնը պիտի գնահատուի, շատեր ձեր կարծիքին պէտք պիտի ունենան: Կրնաք օգտակար ըլլալ անոնց:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Աշխատասէր էք եւ հետապնդող. ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնները, որպէսզի ձեր պաշտօնը բարձրանայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տրամադրութիւնը միշտ բարձր է, որուն շնորհիւ յաճախ յաջողութիւն կ՛ունենաք. օրինակելի անձ մըն էք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կասկածամտութիւնը դրական ոչինչ կրնայ բերել. ուրեմն քիչ մը վստահութիւն ունեցէք ուրիշներու վրայ, որպէսզի չտառապիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մանկութեան ընկերներու պիտի հանդիպիք, որոնց հետ անցեալի յիշատակներու մասին խօսելով` օրը հաճելի պիտի անցնի:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր գործատեղիին մէջ զգուշացէք նախանձոտ անձերէ: Համբերութեամբ պիտի յաղթահարէք ամէն ինչ: