Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (27 Յունիս 1965)

Յունիս 27, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վահագն Տաթեւեան
(1875-1916)

Հայկ. Եղեռնի Յիսնամեակին Առթիւ

Փոքր տարիքէս ուխտեցի կեանքս ազգին նուիրել: Եւ հիմա անձս փրկելու համար չեմ կրնար որբերս լքել եւ վատաբար փախուստ տալ: Պատրաստ եմ, թող կախեն զիս, եթէ այդպէս կ՛ուզեն…

Վահագն Տաթեւեան եղած է մէկը մեր գաղափարական, անձնուէր եւ ժողովրդական գործիչներէն, որոնց կեանքի միակ նպատակը եղած է ծառայել ժողովուրդին եւ ի վերջոյ մեռնիլ անոր համար:

Ծնած է Սեբաստիա` 1875-ին: Իր մանկութիւնն ու պատանութիւնը անցուցած է այդ քաղաքին մէջ: Հոն ստացած է իր նախակրթութիւնը, այնուհետեւ ինչ որ ձեռք բերած է եղած է արդիւնք իր յարատեւ ընթերցումներուն եւ տքնաջան աշխատանքին: Իր կուսակցական միջավայրն ալ քիչ չէ նպաստած ատոր:

Իր աւազանի անունը Յակոբ էր, բայց կոչուած է նաեւ Գաբրիէլ: Արթուն, վառվռուն, դիւրահաղորդ եւ ազնիւ բնաւորութեամբ ան կը սիրուի իր բոլոր ընկերներէն, 16 տարեկան հասուն պատանի մըն էր, երբ կ՛անցնի Պոլիս` բարձրագոյն կրթութիւն ձեռք բերելու յոյսով: Նիւթական միջոցներէ զուրկ ըլլալով, չի յաջողիր որեւէ դպրոց մտնել: Չարաչար կ՛աշխատի իր ապրուստը ապահովելու եւ միաժամանակ օգնելու Սեբաստիա մնացած իր հարազատներուն, որոնք զուրկ էին միջոցներէ: Պոլսոյ միջավայրը իրեն կ՛օգնէ, որ հետզհետէ հմտանայ մասնաւորապէս թրքերէն լեզուին մէջ:

Երկարահասակ էր, ամրակազմ, յաղթմարմնով եւ վայելուչ արտաքինով: Ունէր լայն ճակատ, խորունկ ու խօսուն աչքեր, խիտ, առատ մազեր եւ առողջ ձայն, որոնք կը գրաւէին դիմացինի ուշադրութիւնը: Տպաւորիչ էր նաեւ անոր խօսակցութիւնը: Շուտով կ՛իյնայ յեղափոխական շրջանակի մէջ եւ կը դառնայ մասնաւորապէս Բաբգէն Սիւնիի ուշադրութեան առարկայ: Վերջինս կը զբաղի անով եւ կը մտցնէ զայն ՀՅԴ շարքերուն մէջ: Անկէ կը ստանայ նոր անուն մըն ալ` Վահագն: Այսպէս, Բաբգէն Սիւնին կ՛ըլլայ անոր ե՛ւ գաղափարական ե՛ւ անունի կնքահայրը:

Հետզհետէ կը մարզուի յեղափոխական-դաւադրական աշխատանքներու մէջ: Հակառակ իր բուռն բաղձանքին, միմիայն Սեբաստիա թողած իր ծնողքին միակ նեցուկը եղած ըլլալուն պատճառով, իրեն թոյլ չի տրուիր միանալ Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանը մտնող Դաշնակցական ընկերներուն: Բայց դրամատունը գրաւելէն ետք, Վահագն խստիւ կը հետապնդուի: Ուստի կ՛անցնի Պուլկարիա: Ժամանակ մը կը մնայ Ֆրանսա, Անգիլա, ի վերջոյ կու գայ Ամերիկա:

Նոր աշխարհի այս ափերուն վրայ Վահագն կ՛ունենայ թափառումներ: Առաւելապէս կը մնայ Փրաւիտենս, ուր չարաչար կ՛աշխատի համեստ ապրուստ մը ապահովելու համար: Առաջին իսկ օրէն կը միանայ Ամերիկայի մեր կազմակերպութեան եւ ուշադրութիւնը կը գրաւէ բոլոր ընկերներուն: Կը մասնակցի մեր պատգմաւորական ժողովներուն: Յաջորդաբար կ՛ընտրուի անդամ ՀՅԴ Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէներու: Քանի մը տարի ընդմիջաբար կ՛ըլլայ գործիչ Ամերիկայի շրջանի: Կ՛այցելէ մեր բոլոր կոմիտէներուն, կը խօսի հրապարակային ժողովներուն ընթացքին: Համեստ էր իր մտաւոր պատրաստութիւնը, բայց ունէր կեանքի հարուստ փորձառութիւն: Դիւրահաղորդ էր, շուտ կը մտերմանար ու մանաւանդ գործնական էր: Բարեխիղճ, աշխատասէր, բնաւորութեան համակրելի գիծերով, ան մեծապէս օգտակար կ՛ըլլայ Ամերիկայի մեր կազմակերպութեան եւ կը փնտռուի ամէնքէն:

Այս շրջանէ՛ն, ըլլալով ընտրուած երկու պատգամաւորներէն մէկը, 1907-ին մասնակցեցաւ Վիեննա գումարուած ՀՅԴ Չորրորդ Ընդհանուր ժողովին, ուր եւս աչքի կ՛իյնայ իր համարձակ ու գործնական միտքերով ու թելադրութիւններով: Կը սիրուի բոլոր պատգամաւորներէն, մասնաւորապէս վստահութիւնը կը վայելէ մեր ռազմիկ ընկերներուն, որոնք բացառապէս այդ ժողովին մէջ մեծ թիւ կը ներկայացնէին: Կ՛ընտրուի պատասխանատու մարմինի անդամ որ հետագային Պալքանները հաստատուած, Համիտեան վարչաձեւի տապալման գործին մէջ կը բերէ իր կարեւոր մասնակցութիւնը:

1908 Յուլիսեան Սահմանադրութեան օրերուն Վահագն արդէն Պոլիս է: Ունի ընկերներու եւ համակիրներու լայն շրջանակ մը: Կը շարունակէ մնալ Պատասխանատու մարմինի անդամ: Ծանօթ Իթթիհատի վերին խաւերուն – Թալէաթին, Էնվերին, Նիաղիին, Ճեմալին եւ ուրիշներուն, 1909-ի մարտի համիտեան յետաշրջական օրերուն, կը զբաղի զէնքերու փոխադրութեան եւ առհասարակ ինքնապաշտպանութեան գործերով, որոնց վարիչ ուժերէն մէկն էր: Կը մասնակցի նաեւ 1909-ին Վառնա գումարուած ՀՅԴ Հինգերորդ Ընդհանուր ժողովին` իբրեւ ներկայացուցիչը Ամերիկայի Կեդր. Կոմիտէին:

Նոյն տարին տեղի կ՛ունենայ Կիլիկիայի կոտորածը: Հարիւրաւոր հայ որբեր երեսի վրայ կը մնան: Պոլսոյ թուրք կառավարութեան միջոցներով Ատանայի մէջ կը բացուի որբանոց մը, ուր կը պատսպարուին աւելի քան 600  որբեր: Վահագն Տաթեւեան կը հրաւիրուի տեսուչ դպրոցին: Ինչպէս Ամերիկայի մէջ իր գործչական տարիներուն, Պալքանները, Պոլիս եւ այլուր իր յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին, որբանոցին մէջ իր տեսչութեան տարիներուն եւս Տաթեւեան կը գործէ կատարեալ նուիրումով: Կը դառնայ հայրը բոլոր որբերուն: Ամէնքը կը սիրեն զինքը: Վահագն անոնց կու տայ առողջ դաստիարակութիւն եւ կը ներարկէ անոնց մէջ լաւ հայեր դառնալու եւ ժողովուրդին ծառայելու գաղափարը:

Կու գայ առաջին մեծ պատերազմը 1914-ին: Մտաւորականներու ձերբակալութիւն, տարագրութիւն ու կոտորածներ ամէն տեղ: Պոլսոյ կառավարութեան կողմէ Ատանա հրահանգ կը տրուի ձերբակալելու Տաթեւեանը: Իր մօտիկ թուրք բարեկամները, մասնաւորապէս Ատանայի Կոմիսարը, որ անձնապէս Վահագնէն յաճախ բարերարութիւն ստացած էր, լուր կը ղրկեն իրեն որ վտանգուած է, պիտի ձերբակալուի, ուստի խորհուրդ կու տան որ առաջ փախուստ տալու: Վահագն կը մերժէ, միջնորդ հայերու միջոցաւ, իրեն տրուած խորհուրդները` յամառօրէն կրկնելով.- «Փոքր տարիքէս ուխտ ըրած եմ կեանքս ազգիս նուիրել: Եւ հիմա անձ, փրկելու համար չեմ կրնար որբերս լքել եւ փախուստ տալ: Թող կախեն զիս ալ, եթէ այդպէս կ՛ուզեն»:

Եւ կը կատարուի անխուսափելին:

1915-էն դաւադրաբար կը ձերբակլուի Վահագնը: Կը նետուի բանտ: Ապա տեղի կ՛ունենայ դատավարութիւնը Ատանայի Պատերազմական Ատեանին առջեւ, որ իբրեւ «Խռովարար», ամբաստանեալը մահուան կը դատապարտէ:

Վահագնի մահուան դատապարտութեան գործին մէջ մեծ բաժին ունեցած է Ավնի պէյ կոչուած հայատեայց, արիւնկզակ ջարդարարը, որ 1915 թուին նախագահն էր նաեւ պատերազմական շրջանի յանցագործները դատող պատերազմական ատեանին:

Այդ օրերուն Ճեմալ փաշա Ատանա կը գտնուէր: Նամակով մը Վահագն դիմում կը կատարէ իր վաղեմի «մտերիմ բարեկամ» Ճեմալին` միջնորդելու եւ ազատելու իր կեանքը: Կ՛ըսուի, թէ Ճեմալ կը խոստանայ (սուտ խոստում). բայց այդ օրերուն իսկ ան կը թողու Ատանան: Իսկ հետեւեալ օրը` 1916, նոյեմբեր 27-ին: Ատանայի փոսթ-հեռագրատան հրապարակին վրայ, Կիլիկիոյ Հայոց կաթողիկոսարանի շէնքին առջեւ, կը գործադրուի մահապատիժի որոշումը…

Ահա՛ Վահագնը: Ահա նաեւ իր բարեկամ Ճեմալ փաշաները, որոնք Թալէաթներու շարքին, ինկան հայ ահաբեկիչներու գնդակներէն:

Մ. ՕԶԱՆԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Մենք Կը Ծարաւնանք Եւ Կ՛անօթենանք

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?