Քալիֆորնեան Լուսարձակ
«Սրբոց Նահատակաց» Վարժարան
Տարեվերջ Մը` Յուսատու Հեռանկարով
Փարթամ հաւաքոյթներու յատուկ ձեւապաշտ պայմանադրականութեանց անվարժ գիւղացիի մը, դեդեւկոտ քայլերով կը մտնեմ Լոս Անճելըսի ամէնէն շքեղ պանդոկներէն միոյն` «Սթեթլըր Հիշթըն»-ի դռնէն ներս: Վարժուած եմ համեստ խաւերու անսեթեւեթ փոխյարաբերութեանց. յետոյ, իրապէս գիւղացի եմ, աւելի քան գիւղացիացած` Սիպերիոյ մէջ անցուցած տասնամեակի ընթացքին մուժիկներու ընկերակցութեանս շնորհիւ:
Քայլերս կ՛ուղղեմ դէպի մեր պարերեկոյթին սրահին կից միջանցքներուն մէջ հաւաքուած բազմութիւնը, ու ահա, նոյնյետայն կը չքանան մեծատուներու վերապահուած պայմանադրականութեանց տգէտ եղած ըլլալու մտավախութիւններս: Շուրջս կը դիտեմ` ծանօթ դէմքեր են բոլորն ալ. մարդիկ, որոնց ներկայութիւնը հանրային ձեռնարկներուն` իրենց գրպաններուն տարողութիւնովը պայմանաւորուած չէ, այլ` հայութեամբ պարարտ իրենց հոգիներուն թելադրանքովը: Քիչ առաջուան շփոթը կ՛անհետի մէջս եւ ինչո՞ւ չէ, «ի՛նծի համար անհարազատ շողշողուն զարդարանքը շէնքին կը դադրի նայուածքներուս խորթ ըլլալէ: Ընդհակառակը, կը տարուիմ զուգահեռ մը ընելով դեռ քանի մը ամիսներ առաջ բացման հանդիսութեանց «Սրբոց Նահատակաց» ամերիկահայ առաջին եւ միակ այս վարժարանին, այն ալ` երկրորդական, եւ նոյն վարժարանի դպրոցական տարեշրջանին փակման նուիրուած այս շլացուցիչ պարերեկոյթին միջեւ, ու կանխելով բարերար ու այս երեկոյթին կազմակերպման գլխաւոր սատարը եղող Արշակ Տիգրանեանի հետագայ խօսքերը` կը մտածեմ.
– Այս ամէնէն ետք ամերիկահայութեան մէջ այլեւս թերահաւատներ մնացած պէտք չէ ըլլան, թէ` «Սրբոց Նահատակաց» ամէնօրեայ հայ վարժարանը կրնայ չգոյատեւել:
Պարասրահէն ներս, երբ ամէն ոք տեղ գրաւած է արդէն նախապէս իրեն յատկացուած սեղանին շուրջ, բարձր ճաշակի յատկանիշ սեղաններու զարդարանքը չէ, որ ուշադրութիւնը կը գրաւէ խորհրդածող դիտողին: Արշակ Տիգրանեան եւ իր աջակիցները` վարժարանի հոգաբարձութիւն եւ տնօրէնութիւն, հայեցի շունչով յագեցուցած են պարերեկոյթը: Սիրուած երգչուհիներ Անգինէ Մուրատեան-Քէշիշեան, Ժաքլին Շահպազեան եւ դաշնակով իրենց ընկերակցող Կլորիա Միքայէլեան, իրենց մեներգներով հոգեկան հայրենիքի մէջ գտնուած ըլլալու թովչանքը կու տան քեզի պահ մը: Թղթակցի մը դիւրին ապսպրուած գնահատանք մը չէ հաստատումս: Ներկաներուն պարտադրող ծափողջոյններն էին, որ հարկադրեցին Ժաքլինը իր նստած տեղէն նորէն բեմ գալ եւ ներկաներուն «հայերէն» կ՛ուզենք կոչերուն ի պատասխան` երգել գովքը Հայաստանի կարմիր գինիին: Նոյնը նաեւ` սիրուած երգչուհի Անգինէին խարբերդցիական զուարթ երգը, որ առանձնապէս ներկայ խարբերդցիներուն մէջ քաղցրօրէն տխուր վերյիշումներ արթնցուց:
Պարերեկոյթին յայտագրային բաժնին վարիչ Արշակ Տիգրանեան, իր բացման խօսքէն անմիջապէս յետոյ, գնահատանքի ջերմ խօսքերով ներկայացուց «Սրբոց Նահատակաց» վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանն ու անոր կինը, ներկաներէն` «Վարժարանի հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր նիւթապէս եւ բարոյապէս յենարան կանգնած նորեկ ռումանահայերու «Րաֆֆի» հայրենակցականին ներկայացուցիչը, «Ասպարէզ»-ի խմբագիրը` Անտրէ Ամուրեան, «հասակով փոքր եւ սակայն իր զոհողութիւններով ծանօթ պատուական հայրենանուէրը` Ալեք Փիլիպպոս», վարժարանին ուսուցչական կազմը, հոգաբարձութիւնը, Վահրիճ քհնյ. Շիրինեանը եւ այլք:
Օրուան նախագահ Արշակ Տիգրանեանի հրաւէրով, ներկաներու խանդավառ ծափերով բեմ եկաւ Ճորճ Մարտիկեան, որ անգլերէն լեզուով հետեւեալ խօսքերը ըսաւ մօտաւորապէս:
«Շնորհակալութեան խօսք ունինք Արշակ Տիգրանեանին, որ իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդը իր բարերար հօր` իր նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը չի սակարկեր, երբ հարցը կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, մանաւանդ` հայապահպանման ամէնէն աւելի ուժեղ զէնքը եղող վարժարաններու գոյատեւման: Ըսի` արժանի ժառանգորդը իր հօրը, որովհետեւ հանգուցեալ հայր Տիգրանեանը եւս իր բարերարութեանց գլխաւոր թիրախը դարձուցած էր հայ կրթական հիմնարկութիւնները: Այս հաստատումիս կենդանի վկաներն են Հալէպի Քարէն Եփփէ միջնակարգ հայ վարժարանին, Այնճարի դպրոցին եւ այլ կրթական հիմնարկութեանց իր ըրած բարեգործութիւնները: Ահա, հօրենական այդ ժառանգութեանց խղճամիտ կիրարկողն է նաեւ այս երեկոյթին նախագահ Արշակ Տիգրանեանը, որ իր բազմաթիւ բարեգործութեանց մէջ արժանի տեղը տուած է ամերիկահայ այս առաջին հայ վարժարանին եւս:
«Սրբոց Նահատակաց» հայ ամէնօրեայ վարժարանին բացումով մենք ծառայած չենք ըլլար միմիայն ինքզինքնուս` հայ ժողովուրդի ինքնապաշտպանութեան գծով, այլ ծառայած կ՛ըլլանք նաեւ հիւրընկալ այս մեծ երկրին ու իր կառավարութեան, որովհետեւ կը հասցնենք ամերիկեան ճշմարիտ քաղաքացիներ, որոնք գիտեն պարտաճանաչ ըլլալ թէ՛ իրենց պատկանած ազգութեան եւ թէ՛ քաղաքացիական լրիւ իրաւունքներով օժտուած այս մեծ երկրին հանդէպ:
«Դէպի առաջ առաջին մեծ քայլն է այս վարժարանին հիմնարկութիւնը, ստեղծումը, որովհետեւ գործնապէս ան ապացոյցը կու տայ, թէ հայը ուժգնօրէն փարած է իր ազգութեան: Դեռ տարիներ առաջ, երբ Պէյրութի «հայկական քոլեճին» մէջ առիթը կ՛ունենայի լսելու այս «սրբազան խենթ»-ին` Գաբրիէլին ծրագիրները: Ամերիկայի մէջ ամէնօրեայ հայկական վարժարան մը բանալու, տարակոյս չունէի, որ ան յաջողութեամբ պիտի պսակուէր, որովհետեւ իր մէջ նշմարելի էր, յաջողութեան երկու հիմնական պայմանները. հաւատք` դէպի գործը եւ զոհաբերութիւն` ինքնուրացման չափանիշով:
«Կը գնահատեմ ձեր բոլորին ազգային ոգին եւ զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը, որուն ապացոյցը տուած էք` գալով «Սրբոց Նահատակաց» վարժարանի կազմակերպուած այս գեղեցիկ պարերեկոյթին»:
Տանք նաեւ խօսքերը օրուան նախագահ Արշակ Տիգրանեանին, որ իրենց ջերմութեամբ եւ հաւատքի ուժով անգամ մը եւս կը հաստատէին իր անսակարկ նուիրումը այս վարժարանի գոյատեւման:
«Հոս` Ամերիկայի մէջ, ամէնօրենայ հայ վարժարան ունենալու գաղափարը նոր չէ: Այն օրէն ի վեր, երբ բախտին անողոք մէկ դարձուածքովը, հայ ժողովուրդին ստուար մէկ մասը հարկադրուեցաւ թողուլ իր բնաշխարհը եւ հողմացրիւ աշխարհի չորս ծագերուն, եկաւ նաեւ հաստատուիլ այս հիւրընկալ եւ ասպնջական մեծ երկիրը, գիտակից եւ սրտցաւ հայերուն գլխաւոր մտահոգութիւնը եղաւ ունենալ հայ ամէնօրեայ վարժարաններ:
«Քառասուն տարիներէ ի վեր յորջորջուող այդ միտքը` Ճեմարան մը` հայ-սքուլ մը ունենալու, ոմանց համար երազային անիրականանալիութիւն մը կը թուէր: Ահա թէ ինչո՛ւ, կը գոհանային շաբաթօրեայ, քանի մը ժամուան կարկտան վարժարաններով, որոնք խափուսիկ ինքնամխիթարութիւն մը միայն կու տային: Ուրախ եմ, որ այս ճոխ ու փարթամ սեղաններուն շուրջ հաւաքուածներս թէ բացակայ մեր բարեկամները` եկած ենք հոգիով տօնելու առաջին տարեդարձը ամերիկահայ ամէնօրեայ «Սրբոց Նահատակաց երկրորդական վարժարանին: Գիտեմ, որ հոգեկան գոհունակութիւնը կ՛ապրիք դուք բոլորդ այս երեկոյ, օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեամբ` հայապահպանման այս անմար օճախին:
«Մեր գոհունակութիւնը առաւել եւս կը շեշտուի, երբ կը տեսնենք, որ ամերիկահայ ՀՕՄ-ի կանացի մեծ կազմակերպութեան անգնահատելի նիւթական օժանդակութեան քովիկը, դեռ երէկ ամերիկահայութեան նիւթական նպաստներով ոտքի կանգնող Պէյրութի մեր հայ եղբայրները, նեցուկ կանգնած են ամերիկահայ այս առաջին վարժարանի ստեղծման, այս տարուան ընթացքին նուիրելով 8075 տոլարի պատկառելի գումար մը, ինչպէս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը` իր նուիրած 8000 տոլարի նոյնքա՛ն պատկառելի գումարով:
«Ահա, Լիբանանի մեր եղբայրները չբաւականանալով մեզի սրբազան «խենթ» մը ղրկելով, յանձին Գաբրիէլ Ինճէճիկեանի, որպէսզի հիմը դնէ այս վարժարանին, այլեւ նիւթական կարեւոր գումարով մը նեցուկ դարձած են վարժարանի յարատեւման:
«Ամերիկահայերս, Պէյրութի մեր եղբայրներուն այս վեհանձն ժեսթէն ետք, աւելի եւս պիտի տրամադրուինք զոհաբերութեան, որպէսզի լռութեան դատապարտենք այն փոքրաթիւ մը թերահաւատներն ալ, որոնք իրենց մատներովն իսկ շօշափելէ յետոյ Քրիստոսի ծակուած կողը, տակաւին կը յամառին «Սրբոց Նահատակաց» վարժարանի գոյատեւումը կասկածի տակ դնել: Ամէն պարագայի տակ, մենք կը հաւատանք ժողովուրդի գիտակցութեան եւ բնազդական ներզօրութեանը` իր ազգային ինքնութիւնը պահպանելու:
«Հայ ժողովուրդին ցեղային առաքինութիւնն է չվհատիլ, երբ դժբախտութիւնը կը նստի իր ուսերուն: Ասոր լաւագոյն ապացոյցներէն մէկը այն իրողութիւնն է, որ Մեծ եղեռնէն յիսուն տարիներ յետոյ, հայը կանգնած է այսօր շատ աւելի ուժեղ` իբրեւ ազգային հաւաքականութիւն:
«Իբրեւ ազգապահպանման հզօրագոյն ամրոց` ահա իրականութիւն է արդէն ամերիկահայ ամէնօրեայ երկրորդականը, որ իր յարգանքս մեր մեծ նահատակներուն, կոչուած է «Սրբոց Նահատակաց» վարժարան: Մենք կը հաւատանք նոյնպէս, որ մշակոյթի այս վառարանէն դուրս պիտի գան ղեկավարներ` մեր վաղուան ազգային կեանքին համար: Մենք հրճուանքով կը լսենք եւ կը դիմաւորենք ամէն լուր, որ կու գայ մեր հայրենիքէն` իր մշակութային վերելքը յատկանշող: Պատրաստուինք մենք ալ այն գեղեցիկ օրուան, երբ պիտի կրնանք մենք ալ մեր ուժերով ծառայել հայրենիքի վերելքին եւ բարգաւաճումին:
«Թերահաւատ չըլլանք բնաւ. գաղափարաշունչ ամէն գործ կ՛ունենայ իր դժուարութիւնները, բայց վերջնական յաղթանակը մի՛շտ այն գաղափարինն է, որ ծնունդն է պահանջի մը: Ո՛չ ոքի այլեւս իրաւունք կը տրուի, որ «Սրբոց Նահատակաց» վարժարանին հիմքերը աւազի վրայ կառուցուած են ըսելու չարախօսութիւնը ընէ: Ձեր բոլորին ներկայութիւնը եւ ձեր գոհունակ դէմքին արտայայտութիւններով ներշնչուած զոհաբերութեան պատրաստակամութիւնը լաւագոյն երաշխիքն են, որ այս վարժարանին հիմքերը ամուր են, պողպատով պեթոնուած:
«Ես, որեւէ ատենէ աւելի, այսօր հայութեան ապագայով շատ աւելի ոգեւորուած եմ:
«Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը:
«Կեցցէ՛ մեր բոլորին հայրենիքը:
«Կեցցէ՛ Լոս Անճելըսի պատուական հայ համայնքը»:
Օրուան նախագահին խօսքերուն եւ յայտագրի բազմաբովանդակ նիւթերուն առընդմէջ, «Հիլթըն» պանդոկի եւ հայկական «Շիշ-քեպապ» զոյգ նուագախումբերը կ՛ընկերակցէին պարերուն:
Ուշ գիշերին հանդիսականները մեկնեցան պարասրահէն` գեղարուեստական եւ հայեցի գեղեցիկ բաւարարութիւններով երեկոյ մը անցուցած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Պետական Սերթիֆիքայի Մէջ
Յաջողած Հայ Աշակերտներ
Սրբոց Քառասնից Մանկանց ազգ. վարժարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ ուսումնական 1964-1965 տարեշրջանին, առաջին անգամ ըլլալով, Ե. դասարանի սաներէն 15 հոգի յաջողած են պետական սերթիֆիքայի քննութիւններուն` գործադրելով միայն Ուսումնական խորհուրդի պահացոյցը, այսինքն` առանց յաւելեալ դասապահերու:
Ստորեւ` յաջողած սաներուն անուանացանկը.
Աբրահամեան Նիկոլ, Գալայճեան Վազգէն, Գուզուճեան Վարդան, Գուլեան Յակոբ, Էլէյճեան Սարգիս, Թորիկեան Րաֆֆի, Թուլումճեան Վարդգէս, Կարապետեան Կարօ, Հալաճեան Վահէ, Մարգարեան Յովհաննէս, Շալեան Համբարձում, Շիրինեան Համազասպ, Պոյաճեան (Եսայի) Սարգիս, Պոյաճեան (Պետրոս) Սարգիս, Տէր Մկրտիչեան Ժաք: