ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ օգնութեան կը կարօտիք, խնդրեցէք. պատասխանողներ եւ օգնողներ պիտի ունենաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մարզասէր էք եւ այսօր առիթը պիտի ունենաք մարզանք ընելու, ինչ որ մեծապէս պիտի օգնէ ձեր տրամադրութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Մի՛ խուսափիք ձեր պատասխանատուութիւններէն. պէտք է կատարէք, քանի որ ուշ կամ կանուխ դուք պիտի կատարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Արտայայտեցէք ձեր յուզումներն ու մտածումները. այսպիսով ձեր շրջապատը կրնայ օգնել ձեզի եւ ձեր բեռը թեթեւցնել:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Մի՛ անտեսէք փոքր հաճոյքները, որոնք մեծապէս ազդեցութիւն կ՛ունենան ձեր տրամադրութեան բարելաւման:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շուրջը դարձողներ շատ կան. շրջահայեաց եղէք եւ ձեր ընտրութիւնը ըրէք: Օրը շատ հաճելի պիտի անցնի:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Լճացած կեանք մը կ՛ապրիք. արթնցէք եւ ծրագիրներ մշակեցէք, որպէսզի կարենաք հաւասարակշռուիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Այս երեկոյ հաւաքոյթի մը ներկայ պիտի ըլլաք . բարեկամներով սեղանի շուրջ պիտի գտնուիք եւ ուրախ ժամանակ պիտի անցընէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Օրը յարմար չէ նոր գործեր սկսելու. աւելի լաւ է, որ հանգիստ ընէք եւ խաղաղ օր մը անցընէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք. կատարեցէք, քանի որ լաւ ժամանակ պիտի անցընէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր դժուարին օր մը պիտի ունենաք, սակայն ձեր հարազատները ձեզի օգնութեան պիտի հասնին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Նոր ծրագիրներ պիտի ունենաք. վերապահ եւ գաղտնապահ եղէք: Յաջողութիւնը ձերն է: