ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Միտքս կրկին մնացած է շուարած եւ մինակ: Զանազան եւ բազմազան «կէտեր» թէեւ ներսս կը տաքցնեն, սակայն զիս ալ կտոր-կտոր կ՛ընեն: Այս անգամ նոր մարդկութեան գիտակցութիւնն է զիս մտահոգողը: Պէտք է իրականութիւնը տեսնել եւ հանդիպիլ` կ՛ըսեմ:
Ահա կեանքի ուղիղ ճանապարհը:
Միւս կողմէ ալ կը կարծեմ, որ ժամանակը հասած եւ նոյնիսկ անցած է, որ մենք մեր այս ձեւապաշտ ու մակերեսային իրավիճակէն դուրս բերենք մենք զմեզ: Թերեւս բազմաթիւ անգամներ կրկնած եմ, որ երբ ամէն բան կը նիւթականանայ, կեանքը կը դառնայ անկենդան:
Մարդ եւ դրամ: Լաւ կարդացէ՛ք: Մէյ մը ձախէն, մէյ մըն ալ աջէն: Յստակացնեմ:
Կար ժամանակ, երբ մարդիկ աւելի տոկուն էին իրենց հաւատքին մէջ, աւելի խոնարհ` իրենց ծառայութիւններուն, աւելի ուղղամիտ` իրենց կեցուածքներուն եւ աւելի համեստ` իրենց բարեգործութիւններուն: Անյիշելի ժամանակներու մասին չէ խօսքս, այլ` մեր մօտիկ անցեալին ապրած դէմքերու մասին, որոնք դիմագիծ եւ ինքնութիւն տուած են մեզի բոլորիս:
Հիմա հարց կու տամ ես ինծի. արդեօք յանկարծ մեզի ի՞նչ եղաւ: Կամ` մեր մէջ եւ կամ մեր մօտ ի՞նչ պատահեցաւ, որ այսպէս փոխեցինք մեր դիմագիծը, մեր դէմքը, մեր նկարագիրը, մեր աշխատելաձեւը:
Տեսնուած է եւ այս մէկը զգալի երեւոյթ է, որ մեր մէջ ալ ժամանակներէ ի վեր արմատացած է տեսակ մը այլ պաշտամունք, որ իմ կարծիքով նոյնիսկ աղանդներէն աւելի վտանգաւոր է: Այդ, ինչպէս կ՛ըսեն, «արծաթի» կամ դրամի պաշտամունքն է: Կարծես նիւթի երկրպագուներ դարձած ենք:
Մէյ մը ձեր շուրջը նայեցէ՛ք: Լա՛ւ նայեցէք: Ամէն «բան» դրամով կ՛ըլլայ, կը դառնայ, կը սահմանուի, կ՛արժեւորուի: Ամէն արժէք, մտային թէ հոգեւոր, դրամով կը կշռուի ու կը չափուի: Այս արդէն մեզ կը տանի դէպի դժբախտութիւն եւ ձախողութիւն: Ձեւականութիւն: Մակերեսային արժէք:
Արդեօ՞ք դրամը աւելի խելացի կը դարձնէ մեզ: Արդեօ՞ք դրամը նոյնիսկ իմաստուն կ՛ընէ: Ահա քեզի` նիւթապաշտութիւն:
Այս կը նշանակէ նաեւ, որ եթէ դրամ ունիս, «մեծ» կ՛ըլլաս. կամ` արդէն իսկ «մեծ» ես եւ կամ ալ «մեծերէն» մէկն ես ու որոշ յարգանքի արժանի կը դառնաս: Ձախէն, աջէն ու ամէն կողմէն, նախագահէն մինչեւ հոգեւոր պետեր, մինչեւ տակաւին չեմ գիտեր… «վրադ» յարգանք կը թափեն: Ա՜խ այս դրամը:
Դրամ ըսի եւ այս օրերուն միայն «կանաչը»` տոլարը: Այդ դրամէն շատ ունի՞ս, արդէն «մարդոց» աչքին մեծ մըն ես: Յատուկ տեղ ունիս: Ժողովներէ ներս աթոռ ունիս: Ըսելիք ունիս, եթէ նոյնիսկ խօսիլ չգիտնաս: Պաշտօն, աթոռ եւ շքանշաններ: Քեզ կը պատուեն: Քեզ կը մեծարեն:
Ահա թէ ինչո՛ւ ես ու ինծի նման շատեր այս օրերուն իսկ տակաւին Պարոնեան մը կը փնտռենք:
Օտարամուտ բարքերու ներխուժումի այս օրերուն կարծես կորսնցուցած ենք հայ մարդու աւանդական դիմագիծին դրական կողմերը:
Յստակ է: Բոլորս ալ կ՛ապրինք խառն ժամանակներու մէջ, որոնց դրական եւ բացասական անդրադարձներէն անմասն չենք կրնար մնալ: Աշխարհի հայութիւնը նաեւ կ՛ապրի իր ազգային ու մշակութային դարաւոր ինքնութիւնը պահպանելու անխուսափելի հարցը: Այսօր ալ, մեր կեանքէն ներս, Հայաստանի մէջ թէ այլուր, կը դիմագրաւենք լուրջ տագնապներ: Ազգային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներու անկումը, մշակութային կեանքի նահանջը, անաչառ ու հզօր ղեկավարութեան նօսրացումը եւ տակաւին ընկերային ու տնտեսական բազմաթիւ տագնապներ շրջապատած են մեր կեանքը, ամէն տեղ եւ ներքնապէս կը հիւծեն մեզ եւ մեզի հետ միատեղ` մեր ազգին մարմինը: Չմոռնանք, որ կար ժամանակ, երբ մենք մարդկութիւնը հարստացնող ազգ մըն էինք: Մենք ուրիշներուն, վատ կամ լաւ, չենք նմանիր: Պէտք չէ որ նմանինք: Չմոռնանք նաեւ, որ կան նաեւ եզակիներ, որոնց բացառութիւն անունը կու տանք, խոնարհաբար: Բայց բոլորն ալ եզակիներու շարքին չեն կրնար դասուիլ:
Այս ձեւով ու այս ընթացքով կարծես հայ միտքը շուարած է: Չէ կեդրոնացած: Կարծես նոյնիսկ պանդուխտ ալ է: Արժէքներու փոփոխութիւնը կը յուսահատեցնէ մարդը:
Պահպանենք մեր մնայուն արժէքները. կը կրկնեմ անմիջական շրջապատիս: Չպարենք ուրիշներու «պարը»: Մենք գոնէ ձեւով մը տարբերինք այդ ուրիշներէն: Ու լաւ յիշենք, որ այս մտքի շարունակութիւնը միայն կախեալ է մեզմէ, այլ խօսքով` մեր ընտանիքներէն: Պարտաւոր ենք ամէն գնով պահել մեր ունեցած արժէքները` զանոնք միացնելով համամարդկային արժէքներուն: Պահպանենք, փայփայենք մեր ունեցածը` նեղ սահմաններէն դուրս գալով, համահայկական եւ ազգային մտածողութեամբ: Այն ժամանակ մարդիկ պիտի հաստատեն, որ դրամը ամէն ինչ չէ:
Տանք իւրաքանչիւրին իր արժանի տիտղոսն ու արժէքը: Անշահախնդիր: Նաեւ կ՛ըսեմ. պատեհութեան զոհը չդառնանք, կոյր հետեւողականութեան մը, եթէ կ՛ուզէք:
Ու այս բոլորին համար դիմենք ո՛չ թէ կիսամիջոցներու, այլ արմատական կարգադրութիւններու` շրջանցելով անմիջականն ու մակերեսայինը, շահագրգռութիւնն ու երեւելու տենչը: Փորձենք: Անպայմանօրէն փորձենք, ոչ թէ խօսքով կամ թուղթի վրայ, այլ` գործնական: Նո՛ր ոճով: Նո՛ր մօտեցումով: Արդար եւ անաչառ: Հաւատացէ՛ք` բան չենք կորսնցներ:
Մնացեալը դուք գիտէք: Մեղքը ձեր վիզը: