Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (20 Յունիս 1965)

Յունիս 20, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ճեմարանի Մանկապարտէզի
Ամավերջի Հանդէսը

Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի պարտէզը իսկական ծաղկաստանի վերածուած էր ուրբաթ կէսօրէ ետք: Գոյնզգոյն ծաղիկներ` մանկապարտէզի փոքրիկները այս տիպար հաստատութեան, ուր երեխան կը մեծնայ ու կը սորվի ազատ ու անբռնազբօսիկ պայմաններու մէջ, ինքնավստահ ու կենսունակ:

Առաջամասի երկու պարտէզներուն մէջ սարքուած էր մանկական ցուցահանդէս մը, արդիւնք` 4-7 տարեկան երեխաներու միամեայ աշխատանքին, դասաւորուած շատ ճաշակաւոր ու բնական կերպով:

Ժամը 3:30-էն մինչեւ 5:00 ծնողներ եւ ազգայիններ պտտեցան ցուցահանդէսի զանազան մասերը` զարմանքով եւ ուրախութեամբ հաստատելով ճարտարութիւնը մանկական ձեռքերուն, գոյներու եւ ձեւերու այդ պարիկաշխարհի կերտիչներուն:

Ժամը 5:00-ին, սկսաւ բուն հանդէսը եւ բեմը զարդարուեցաւ ծաղկատի երեխաներով: Ուրախութիւն կար բոլոր հանդիսատեսներու դէմքին վրայ` ի տես աշխուժ եւ ժիր երեխաներուն: Այդ վայրկեանին դժուար էր խոստովանիլ ներքին գոհունակութիւնը ծնողներուն, որոնք խոր վստահութեամբ իրենց սրտահատորները յանձնելէ ետք Ճեմարանի մանկապարտէզին, այսօր կը քաղէին իրենց աշխատանքին պտուղը` շնորհիւ անձնուրաց ուսուցչուհիներու նուիրումին:

Ներկաներէն շատերու վկայութեամբ, այս տարուան հանդէսը ունէր մասնաւոր փայլ մը: Ոչ միայն անոր համար որ յայտագիրը ճոխ էր, այլ նաեւ, մանաւանդ, զգալի էր ազատ խաղի ու ազատ ուսման դրութիւնը, որ հաստատուած է Ճեմարանի մանկապարտէզին մէջ:

Այս տարի 47 երեխաներ վկայական ստացան` անցնելու համար նախակրթարանի դասարանները, ուր ուսման այն ձեւը, որ ներկայացուած է մանկապարտէզի մէջ, պիտի շարունակուի` իբրեւ հիմնական նկարագիրը Ճեմարանի դաստիարակչական եղանակին:

Վկայականներու բաշխումը կատարեց Ճեմարանի տնօրէն Սիմոն Վրացեան` վարիչ մանկապարտիզպանուհի Լուսին Մալիքեանին հետ:

Ս. Վրացեան նախ անդրադարձաւ մանկապարտէզի ընդհանուր մթնոլորտին եւ շնորհաւորեց ուսուցչուհիները` իրենց արդիւնաւոր աշխատանքին համար:

Հանդէսը վերջ գտաւ խանդավառութեան եւ ուրախութեան ընդհանուր մթնոլորտի մը մէջ:

 

Գիտական

Գունաւոր Պատկերասփիւռը
Անջրպետին Ընդմէջէն

Վերջերս Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով լրագրողներուն ցոյց տրուեցաւ «Մոլնիա-1» հաղորդակցութեան սփութնիքին միջոցով կատարուած գունաւոր պատկերասփիւռի հաղորդումը:

Գունաւոր պատկերասփիւռի յայտագիրը կը հաղորդուէր Մոսկուայի պատկերասփիւռի սթիւտիոներէն: Այնուհետեւ, ալեհաւաքներու միջոցով կ՛ուղղուէր դէպի սփութնիք-վերահաղորդիչը, եւ անկէ ալ` Մոսկուայէն մօտ 1500 քիլոմեթր հեռու գտնուող տիեզերական հաղորդակցութեան սիստեմի երկրային կեդրոնը կը հասնէր: Վերահաղորդումի գիծի մը միջոցով գունաւոր պատկերասփիւռի յայտագիրը կը հասնէր Մոսկուայի պատկերասփիւռի կեդրոնը: Տեսողական գունաւոր նշաններուն կտրած ճամբան ութսուն քիլոմեթրէն աւելի չէր, բայց անոնց որակը հիանալի էր:

Գունաւոր պատկերասփիւռի աշխատանքներու վարիչը` փրոֆ. Ալեքսանդր Ֆորտուչենքօ, մամուլի ներկայացուցիչներուն խօսեցաւ այժմ գործածութեան մէջ գտնուող գունաւոր պատկերասփռումի տարբեր սիստեմներուն մասին եւ ցոյց տուաւ անոնց գործունէութեան կերպը:

«Մոլնիա-1» սփութնիքով հաղորդումները կատարուեցան ամերիկան ՆՏՍԳ, ֆրանսական ՍԵԿԱՄ սիստեմներով եւ խորհրդային ճարտարագէտներու ստեղծած սիստեմով: Հանդիպման ներկայ գտնուող մասնագէտներուն ու լրագրողներուն ընդհանուր կարծիքով, ՍԵԿԱՄ սիստեմի հիման վրայ գունաւոր նկարին որակը լաւ էր, բայց խորհրդային սիստեմը աւելի լաւ պատկերներ տուաւ:

Փրոֆ. Ֆորտուչենքօ նշեց, թէ «Մոլնիա-1» սփութնիքով Խ. Միութիւնը գործնապէս պիտի կարենայ գունաւոր պատկերասփռումի յայտագիրներ փոխանակել Եւրոպայի բոլոր մայրաքաղաքներուն հետ:

 

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէի
Նոր Ակումբի Բացումը
Հայաշէնի Մէջ

Երէկ կիրակի, 20 յունիս, գիշերուան ժամը 9:00-ին, հանդիսաւորապէս տեղի ունեցաւ Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութեան սեփական նոր ակումբին պաշտօնական բացման արարողութիւնը:

Ամբողջ օրը թաղը տօնական ցնծութեան մէջ էր: Տենդագին պատրաստութիւններ կը տեսնուէին առաւելագոյն շուքով կատարելու համար այս հանդէսը, որով թաղի գաղափարական երիտասարդութեան տարիներու երազը պիտի իրագործուէր:

Ժամը ճիշդ 9:00-ին, նոր ակումբի գլխաւոր մուտքին առջեւ հաւաքուած ընկերներու եւ հիւրերու բազմութեան առջեւ, յանուն Լիբանանի Կ. կոմիտէին, տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան, իր ուրախութիւնը յայտնելէ ետք, հրաւիրեց Կարօ Սասունին, որպէսզի կտրէ աւանդական ժապաւէնը:

Այս արարողութենէն ետք Ե. Գոնիալեան խօսեցաւ ճառ մը` յայտնելով, թէ կը բացուի Դաշնակցութեան նոր ակումբ մը, գաղափարական նոր բերդ մը, ուր պիտի գայ հաղորդուելու դաշնակցական երիտասարդութիւնը` ներշնչուելով մեր կուսակցութեան մեծանուն ղեկավարներու եւ ֆետայիներու օրինակէն:

Այնուհետեւ ներկաները բարձրացան սրահ, որ այս առթիւ գեղեցկօրէն զարդարուած էր: Ներկաները հիւրասիրուեցան շամփանիայով եւ շնորհաւորեցին տեղւոյն կոմիտէի անդամները` իրենց շրջանին կենսական այս գործին յաջողութեան համար:

Ընդհանուր այս հիւրասիրութենէն ետք հիւրերը հրաւիրուեցան ակումբին տանիքը, ուր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին խօսք առին` Կարօ Սասունի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Պերճ Մսըրլեան, տոքթ. Եղիկ Գոնիալեան, Շահէն Տէրտէրեան եւ Անդրանիկ Ուրֆալեան:

Նախապէս շրջանի կոմիտէութեան կողմէ Խորէն Մղտեսեան կատարած էր շրջանին մէջ ՀՅ դաշնակցութեան կազմաւորման եւ կազմակերպման պատմականը, 1930-ական թուականներէն մինչեւ հիմա:

Խանդավառ մթնոլորտի մէջ եղան նուիրատուութիւններ` ակումբի բարեզարդման համար եւ կարճ ժամանակի ընթացքին գոյացաւ 4800 լ. ոսկիի գումար մը, որ կը գոհացնէ ակումբին անմիջական կարիքները:

Ուշ գիշերին, հիւրերը մեկնեցան գոհ տրամադրութեամբ, գաղափարական նոր տունի մը բացման ներկայ եղած ըլլալու անհուն ուրախութեամբ:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Ամրան Առաջին Օրը, Ամէնէն Երկար Օրը, Ամէնէն Տաք Օրը Չէ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In