ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մարզանքը շատ լաւ է, սակայն չափազանցութիւնը` ոչ. չափաւորեցէք եւ ձեր ուժերը շատ մի՛ վատնէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր կարողութիւնները թերագնահատողներ կան. շատ համեստ մի՛ ըլլաք եւ ցոյց տուէք, թէ դուք ալ գիտութիւն ունիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Հայրենաբաղձութիւնը ձեզ կը տառապեցնէ. կարճ արձակուրդ մը դէպի հայրենիք եւ ընտանիք` ձեզ պիտի գօտեպնդէ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր ընտանիքին հետ կամ առանձին ձեր փափաքած եւ սիրած բաները ըրէք, որոնք ձեր ներաշխարհը պիտի փոխեն:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ինքնամփոփ էք, ինչ որ սխալ է. համեստութիւնը լաւ է, սակայն ցոյց տուէք ձեր կարողութիւնները:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Այսօր մանկութեան ձեր ընկերներուն պիտի հանդիպիք, որոնց հետ հին օրերը յիշելով` պիտի ուրախանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր երազները իրականացնելու ժամանակն է. անվախօրէն լծուեցէք գործի եւ պիտի յաջողիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին մէջ ձեր շրջապատին խորհուրդներուն պիտի դիմէք, որոնք պիտի չզլանան իրենց օգնութիւնը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Կը ձանձրանաք եւ աննպատակ կը պտտիք. աւելի լաւ է, որ մարզանք մը ընէք, ինչ որ ձեզի համար օգտակար է:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Անկարելի բան չկայ, երբ ձեր բարեկամները պատրաստ են ամէն օգնութեան. առիթը մի՛ անտեսէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ընտանեկան պզտիկ անհասկացողութիւններ պիտի ունենաք, սակայն ձեր համբերութեամբ պիտի կարենաք լուծում մը գտնել:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անտրամադիր էք: Ձեր անկիւնէն դուրս ելէք եւ բարեկամներու այցելութիւն մը տուէք: Ասիկա մեծապէս պիտի նպաստէ ձեզի: