Մայիս 28-ի Շքեղ Տօնակատարութիւնը
Նիկոսիոյ Մէջ
Հայաստանի անկախութեան 47-րդ տարեդարձը մեծ շուքով տօնուեցաւ կիրակի, 13 յունիս, կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին «Փալասի» սրահին մէջ, Նիկոսիա, նախաձեռնութեամբ հայ երիտասարդաց միութեան եւ Համազգայինի:
Հանդիսութեան կը նախագահէր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիպրոսի փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան: Ներկայ էին նաեւ երեք քահանայ հայրեր եւ Ազգային իշխանութեան անդամները:
Ժամանակէն առաջ հսկայ սրահը լեցուած էր արդէն ստուար թիւով հանդիսականներով, որոնք եկած էին վերանորոգելու իրենց ուխտը` ի խնդիր հայ ժողովուրդի գերագոյն իտէալին` միացեալ, ազատ եւ անկախ Հայաստանի:
Կիպրոսի ոստիկանական ընդհանուր հրամանատար Հասապիսի արտօնութեամբ, ոստիկանական նուագախումբը մասնակցեցաւ հանդէսին` ղեկավարութեամբ Ֆրիքսոս Եորղիուի:
«Յառա՛ջ, նահատակ»-էն ետք, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս, բացման խօսքը կատարեց Վահան Մահտեսեան, որ գեղեցիկ կերպով պատկերացուց օրուան խորհուրդը:
Օրուան բանախօսն էր Կարապետ Գալֆայեան, որ յատկապԷս հրաւիրուած էր Սելանիկէն:
Երիտասարդ բանախօսը իր կուռ խօսքերով ոգեւորեց ներկաները եւ իր հաւատքը յայտնեց հանդէպ հայ ժողովուրդի լուսաւոր ապագային:
Կ. Գալֆայեանի բովանդակալից ճառը որոտընդոստ ծափահարութիւններով ընդմիջուեցաւ յաճախ:
Գեղարուեստական բաժինը իրենց մասնակցութեամբ ճոխացուցին` Ս. Անտէքեան (արտասանութիւն` Յ. Շիրազի «Ամենայն սրտով»), ՀԵՄ-ի քառեակը (Ե. Զարդարեանի «Սիրուն ուռենին», եւ Գ. Կառվարենցի «Հայ դրօշին»), Մ. Դուրեան (արտասանութիւն):
Հայ Թատրոնը Ի Պատուի.
Ժորժ Սարգիսեան Լիբանանեան
«Ազգային Կարգի Ասպետ»-ի
Շքանշանով Պարգեւատրուեցաւ
Ուրախութեամբ կ՛իմանանք, որ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վաստակաւոր դերուսոյց եւ հայ բեմի անխոնջ նուիրեալ Ժորժ Սարգիսեան արժանացած է լիբանանեան «Մայրիի ազգային կարգի ասպետ»-ի շքանշանին` «սատարած ըլլալով Լիբանանի մէջ թատրոնի տարածման եւ աշխատած` արուեստի մակարդակի բարձրացման, մեծ եռանդով ու նուիրումով, անձնական ամէն ճիգ թափելով այս ճամբուն մէջ», ինչպէս կ՛ըսէ այս առթիւ հրատարակուած համանագիրը:
Հանրապետական նախագահ Շարլ Հելուի կողմէ եղած այս պատիւը գնահատանքի բարձր արտայայտութիւն մըն է` հանդէպ բազմաշխատ գործիչի մը, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր ամբողջական նուիրումով եւ անշահախնդրօրէն փարած է թատերական արուեստի վերելքին ու ժողովրդականացման:
Այս պարգեւատրումով բացառիկ պատիւ մը ընծայուած կ՛ըլլայ ոչ միայն Ժորժ Սարգիսեանին, այլ նաեւ` թատերասէրներու ամբողջ խումբին եւ առ հասարակ` հայ թատրոնին ու արուեստին:
Շքանշանի յանձնումը տեղի պիտի ունենայ մօտերս, մասնաւոր արարողութեամբ մը:
Մեր Տեսակցութիւնները
Հայ Դատի Հետապնդման Յանձնախումբին
Աշխատանքները
Բ.
Հայ դատի յանձնախումբի երիտասարդ մտաւորականներուն հետ մեր տեսակցութեան երկրորդ հարցումը կը վերաբերի հրատարակչական աշխատանքներուն:
– Հայերէն հրատարակութիւններու մասին կարելի չէ՞ մտածել:
– Ինչո՞ւ չէ, բայց ատիկա հետագայի գործ է: Առ այժմ նկատի ունինք միայն անմիջականը: Աւելցնենք սակայն, որ յանձնախումբս այս ուղղութեամբ եւս աշխատանք տարած է: Հրատարակած են Եղեռնի մեծադիր քարտէսը եւ ղրկած` բոլոր հայ վարժարանները: Այդ քարտէսին մէջ, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հասարակութեան կողմէ, նշուած են եղեռնագործութեան բոլոր վայրերը, ջարդերու տարողութեան համապատասխան պատմական նշաններով:
Հոս աւելցնենք նաեւ, որ քարտէսներու պատրաստութիւնն ու մեր պրոշիւռներու կողքերու կազմութիւնը իրագործուած են մասնագէտ գծագրիչներու կողմէ, որոնք սիրայօժար կերպով կատարած են այդ աշխատանքը:
– Հրապարակի վրայ են արդէն ձեր հրատարակած առաջին գործերը: Կը հաճի՞ք տեղեկութիւններ տալ անոնց մասին:
– Առաջին առթիւ հրատարակեցինք «Հայերը կը յիշեն, 1915, ցեղասպանութեան մը յիսնամեակը» պրոշիւռները` արաբերէն, անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով: Այս պրոշիւռներուն հրատարակութիւնը զուգադիպեցաւ Լիբանանի մէջ յիսնամեակի յուշատօնին: Հրատարակութեան համար ոչ մէկ զոհողութեան առջեւ կանգ առինք: Ուզեցինք, որ ատիկա ըլլայ ոչ միայն բովանդակալից (ինչ որ մեր գլխաւոր մտահոգութիւնն էր), այլ նաեւ` ներկայանալի, որպէսզի աղքատի տեսքով չներկայանանք օտար հասարակութեան:
Ընտրեցինք լաւագոյն տպարանը, գործածեցինք լաւագոյն թուղթը, լաւագոյն կողքը եւ ուրախ ենք, որ յաջողեցանք, բովանդակութեան հետ ներկայանալի գործ մը հրատարակել:
Բայց հրատարակութիւնը բաւական չէր: Հարկ էր կատարել ցրւումը: Կարճ ժամանակ մը ունէինք այս գործը իրականացնելու համար: Նախ կազմուեցան լրիւ ցանկերը բոլոր այն հաստատութեանց եւ անձնաւորութեանց, որոնց պիտի ղրկուէին այդ պրոշիւռները: Ցանկերու կազմութիւնն ու պրոշիւռներու ծրագրումը անդուլ աշխատանքի կը կարօտէին: Գիշերը ցերեկին խառնելով, բազմաթիւ բարեկամներու օժանդակութեամբ, գլուխ հանեցինք այս գործը ու քանի մը օրուան մէջ լիբանանեան նամակատունը ողողուեցաւ մեր պրոշիւռներով: Ղրկեցինք նախ Լիբանանի պետական դէմքերուն, քաղաքական կուսակցութեանց եւ ղեկավարներու, երեսփոխաններու, կրօնական պետերու, դեսպաններու եւ հիւպատոսներու, լիբանանեան եւ միջազգային հաստատութիւններու, լիբանանեան մամուլին, երեք համալսարաններու դասախօսական կազմերուն, դպրոցներուն եւ մտաւորականներուն: Մէկ խօսքով, բոլոր անոնց` որոնց կարծիքը կարեւոր կը նկատէինք յիսուն տարի առաջ մեր ժողովուրդին ենթարկուած անօրինակ ցեղասպանութեան մասին:
Լիբանանէն դուրս, այդ պրոշիւռներէն զրկուեցան զանազան երկիրներ, գլխաւորաբար` Անգլիա, Ֆրանսա, Ամերիկա, Հոլանտա, Պելճիքա, Իտալիա, Գերմանիա եւ Աւստրիա:
Ղրկեցինք նաեւ` միջազգային համբաւի տէր անձնաւորութիւններու` գիտնական, փիլիսոփայ, արուեստագէտ եւ այլն:
Վեց-եօթը մեքենագրողներ օրեր շարունակ աշխատեցան հասցէագրումի գործին համար, բոլորն ալ` նուիրումով եւ խանդավառութեամբ Հայ դատի հետապնդման դոյզն չափով մը օգտակար հանդիսանալու ներքին անփոխարինելի գոհունակութեամբ:
– Ի՞նչ եղան ձեր յաջորդ հրատարակութիւնները:
Մեր առաջին հրատարակութեան թողած սքանչելի տպաւորութենէն ետք, որուն մասին կ՛ուզենք առանձին արտայայտուիլ եւ ընդգծել, քաջալերուած հասարակութեան մօտ անոր գտած ջերմ ընդունելութենէն. անմիջապէս ձեռնարկեցինք երկրորդ շարքի մը հրատարակութեան. «Ոճիր, դատավարութիւն եւ վճիռ» այս անգամ` միայն անգլերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով, նկատի ունենալով, որ Լիբանանի մէջ մտաւորականներն ու քաղաքական դէմքերը մեր առաջին հրատարակութեան անգլերէն եւ ֆրանսերէն թարգմանութիւնները նախընտրած էին ունենալ:
Այս վերջին հրատարակութեան մէջ կը գտնէք պատճէնները փաստաթուղթերու, վաւերագրերու եւ վճիռներու, որոնք կապ ունին Մեծ Եղեռնին հետ եւ կը կազմեն լրացուցիչ մասը առաջին պրոշիւռին մէջ տրուած տեղեկութեան:
Նոյն ջերմ ընդունելութեան արժանացաւ նաեւ այն հրատարակութիւնը, որ նոյնքան խնամքով եւ ներկայանալի ձեւով մը կը մատուցուէր հասարակութեան:
Հոս, յանձնախումբին եռանդուն քարտուղարը պահ մը կանգ կ՛առնէ, դարակէն հանելու համար գրքոյկ մը, 16 էջնոց, փոքրադիր` Թուրքիոյ մէջ Ամերիկայի երբեմնի դեսպան Հենրի Մորկընթաուի «Հայաստանի ողբերգութիւնը», որ վերհրատարակուած է այս անգամ ոչ թէ յանձնախումբին կողմէ, այլ` հայ երիտասարդի մը անձնական միջոցներով:
Գնահատանքով կը յիշենք այդ երիտասարդին անունը` Զոհրապ Թորիկեան, յուսալով, որ Զոհրապներու օրինակը վարակիչ կը դառնայ մանաւանդ անոնց մօտ, որոնց միջոցը չի պակսիր շատ աւելի բազմածախս գործերու վերահրատարակութեան ծախսը ստանձնելու:
Զոհրապ Թորիկեանի այս ազնիւ ժեսթին արդիւնք եղող գրքոյկը դրուած է յանձնախումբին տրամադրութեան տակ եւ բաժնուած է նոյն չափանիշով, նոյն հասարակութեան:
Այս առիթով` խնդրանք մը, որ յանձնախումբը կ՛ուզէ ըսել մամուլի խողովակով: Բոլոր այն անձերը, որոնք կը փափաքին այն պրոշիւռներէն ղրկել իրենց ծանօթներուն եւ կամ անոնց որոնց Հայ դատին ծանօթացումը օգտակար կրնայ ըլլալ, պէտք է անոնց հասցէները տրամադրեն յանձնախումբին, որպէսզի անոնք կանոնաւոր կերպով ստանան բոլոր հրատարակութիւնները:
Յաջորդով կը վերջանայ մեր շահեկան տեսակցութիւնը:
Տ. ՈՍԿՈՒՆԻ