ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ամէն բանով կը հետաքրքրուիք ձեր այս բնաւորութիւնը ձեր ընդհանուր զարգացումին կը նպաստէ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ասպարէզին մէջ աստիճանի բարձրացում պիտի ունենաք ու ձեզ պիտի առաջնորդէ դէպի նոր յառաջդիմութիւններու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր աշխատանքին մէջ պիտի կիրարկէք նոր ծրագիրներ պիտի կիրարկէք որոնք ձեզ յաջողութեան պիտի առաջնորդեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Նոր ներշնչումներ պիտի ունենաք, եւ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխուի: Ասիկա ձեզի ուրախութիւն պիտի պատճառէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Բարեկամ մը ձեզի ուղութիւններ պիտի տայ եւ ձեզ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի դնէ. պիտի անդրադառնաք ձեր սխալներուն եւ պիտի սրբագրէք զանոնք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր աշխատակիցները ձեր վրայ իրենց ունեցած վստահութիւնը կորսնցուցած են. պէտք է ամէն գնով վերականգնել այդ վստահութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր շրջապատին մէջ անհասկացողութիւններ կան, եւ ճնշումը բարձր է: Հանդարտութեամբ դիմագրաւեցէք հարցերը, որոնք շուտով պիտի լուծուին:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր լաւատեսութիւնը պիտի գնահատուի եւ ձեր պատասխանատուները մեծ վստահութիւն պիտի ունենան ձեր վրայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Այսօր շատ ջղային եւ անտրամադիր էք. տրամաբանելով` պիտի հանդարտիք, եւ մթնոլորտը պիտի խաղաղի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Աշխատանքի մէջ ստեղծող եւ բարեացակամ էք ձեր շուրջինները ուրախ են ձեզի հետ աշխատելով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Սէրը պիտի զօրացնէ ձեր ընտանեկան կեանքը. կեանքը հեզասահ պիտի շարունակէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր լաւ կամ վատ յիշատակները բաժնեկցեցէք ձեր սիրելիներուն հետ: Այսպիսով, աւելի դիւրին պիտի ըլլայ օրը: