Երաժշտական
Մարի Տաքեսեանի Երգահանդէսը
Համակրանքի զգացում մը ակներեւ էր գրեթէ բոլոր հանդիսականներու դէմքին վրայ, որոնք անցած երեքշաբթի, 8 յունիս, լեցուցած էին Պետական երաժշտանոցի սրահը` լսելու համար նոր երգչուհի մը` Մարի Տաքեսեան:
Համակրանք, որ կ՛երթար յամառ երգչուհիի իր ճիգերուն, եռանդին, խանդավառութեան եւ երգի ու երաժշտութեան հանդէպ ունեցած կրքոտ պաշտամունքին, որուն վկայութիւնը հետզհետէ տրուեցաւ յայտագրի տեւողութեան:
Երաժշտալի, վճիտ ձայնի մը նպաստով, Պետական երաժշտանոցին մէջ թրծուած, Պատիհա Հատտատի գուրգուրանքին արժանացած աշակերտուհի Մարի Տաքեսեան, իր ընտանեկան կեանքի պարտականութիւններուն առընթեր, գաղտնի, անձնական անկիւն մը պահած է իր սիրոյն համար, որ երգն է: Կը խոստովանի այդ` անկեղծօրէն, կարճատեւ խօսակցութեան մը ընթացքին, ժպտուն եւ բարձր տրամադրութեամբ, երբ երգահանդէսի աւարտին ծաղկեփունջերով կ՛ողողուի բեմը, եւ ծափահարութիւնները դադար չեն գտներ:
Հետզհետէ բացուող ձայն մըն է իրը` զգայնութեան, հասկացողութեան` հասունութեան եւ մանաւանդ ապրումի անվիճելի առաւելութիւններով հարստացած:
Հեշտալուր` մեղեդիներու մէջ, որոնք տիրապետող են իր երգացանկին մէջ, տրամաթիկ պահերուն` խորապէս յուզական, յատկապէս` Վերտիի «Լա Թրավիթա»-ին մէջ: Կունոյի «Սերենատ»-ը եւ Կրիկի «Սոլվէկ՛ս սոնկ» (զոր շատ սիրեցինք) տրուեցան առաւելագոյն նրբութեամբ:
Յայտագրին մեծ մասը կազմուած էր հայ երգահաններու գործերէն: Պատուոյ տեղը վերապահուած էր Կոմիտասին, որուն «Ծիրանի ծառ»-ը կատարեց բացումը հայկական բաժնին, իսկ «Կռունկ»-ը առինքնեց մեզ:
Տիգրանեանի Շուշանի արիան (Դաւիթ բէկ» օփերայէն) եղաւ յաջողագոյնը, իսկ Ալէմշահի «Նազեր»-ը, որուն մեծ վարպետն էր Մարի Կառվարենց, երբեք չկորսնցուց իր գրաւչութիւնն ու քնքշութիւնը Մարի Տաքեսեանի կատարումով: Ընդհակառակն:
Յայտագրէն դուրս երգուած «Երեւան»-ը խանդավառութեան պահեր ստեղծեց, իսկ Դոլուխանեանի «Ծիծեռնակ»-ը, Գոհար Գասպարեանի տարբերակով, կատարեց փակումը երգահանդէսին, որ խոստմնալի արժէքի մը հաստատումը եղաւ:
Վստահ ենք, որ արուեստը պիտի նուաճուի Մարի Տաքեսեանի խանդավառութեան առջեւ:
Դաշնակով կ՛ընկերակցէր Նատիա Աքքար, որ իր հաւատարիմ մեկնաբանութեամբ մեծապէս նպաստեց երգչուհիին յաջողութեան:
Տ.
Տեղական Լուրեր
Երթեւեկի Թնճուկը Պէյրութի Մէջ
Բարելաւում Կարգ Մը Փողոցներու Մէջ,
Բայց Ընդհանուր Առմամբ Քաոս
Պաշտօնական տեղեկագրի մը համաձայն, Պէյրութի առեւտրական գօտիին մէջ երթեւեկի վերջին վերակազմութիւնը, որ կը կիրարկուի ապրիլ 29-էն սկսեալ, հետեւեալ արդիւնքները տուաւ.
1) Երրորդ շաբթուան ընթացքին թեքնիք քննութեան մը ենթարկուեցաւ երթեւեկի վիճակը փողոցներուն մէջ, ուր երթեւեկը որոշ փոփոխութիւններ կրեց. քննիչները չափեցին այն ժամանակը, որ ինքնաշարժ մը կու տայ առեւտրական գօտիի մէկ մասէն միւսը տեղափոխուելու համար, շաբթուան իւրաքանչիւր օրը, կէսօրին եւ երեկոյեան: Ստացուած թիւերը բաղդատութեան դրուեցան նոր ծրագրի կերտումէն առաջ արձանագրուած թիւերուն հետ: Ահաւասիկ` եզրակացութիւնը.
Ռիատ Սոլհ հրապարակ` 60 առ հարիւր բարելաւում
Ուէյկան փողոց` 30 առ հարիւր բարելաւում
Ֆախրի պէյ` 30 առ հարիւր բարելաւում
Դամասկոս փողոց` 15 առ հարիւր բարելաւում
Արզ փողոց` 15 առ հարիւր բարելաւում
Էմիր Ամին փողոց` 50 առ հարիւր բարելաւում
2) Դամասկոս եւ Արզ փողոցներուն մէջ նոր փորձի առաջին օրերու ընթացքին երթեւեկի վատթարացումը հետեւանք է այն իրողութեան, որ ինքնաշարժի վարիչները չէին ենթարկուեր նշանատախտակներուն, ուր իրենց կը յանձնարարուէր առեւտրական գօտիէն խուսափիլ եւ մերձակայ փողոցներէն անցնիլ:
3) Երթեւեկի փոփոխութիւնը պահպանուեցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակին վրայ, ինչպէս նաեւ` Ալեմպի եւ Ուէյկան փողոցներուն մէջ, նկատուած ըլլալով որոշ բարելաւում մը: Փոխարէնը երթեւեկը վերահաստատուեցաւ, ըստ առաջնոյն, Էմիր Ամին փողոցին եւ Պուրճի հրապարակին միջեւ:
4) Վերջապէս հաստատուեցաւ, որ ինքնաշարժի վարիչները եւ հետիոտն անցորդները կ՛անտեսեն երթեւեկի կանոնները:
Արիւնալի Կռիւներ Վիեթնամի Մէջ
Մէկ Օրուան Մէջ Հազար Սպանեալ
Եւ Վիրաւորներ
Հազար մեռեալ` Վիեթնամի մէջ, միայն երէկ: Արդարեւ, արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը այսօր ընդունեց, թէ Տոնկ Քսոայի մէջ տեղի ունեցած ճակատամարտը` «անպայման որ շատ արիւնալի եղաւ»:
Բանբերը տուաւ միայն հարաւ-վիեթնամցիներու կողմէ հաղորդուած թիւերը: Վիեթքոնկը ունեցած է 700 սպանեալ, կառավարական ուժերը` 108 սպանեալ, 126 կորսուած եւ 46 վիրաւոր: Այս ցանկին վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ ճակատամարտի ընթացքին սպաննուած քաղաքայիններու մեծ թիւը:
Զինուորականները եւս իրենց կարգին բազմիցս ձախողած ըլլալով` ո՞վ պիտի կրնայ կառավարել Վիեթնամը: Այս հարցումը կ՛ուղղեն Ուաշինկթընի մէջ, ուր սկսած են յուսահատիլ կացութենէն:
Մինչ կռիւները կը սաստկանան Հարաւային Վիեթնամի մէջ, քաղաքական կացութիւնը յանկարծ ծանրացաւ: Տոքթ. Քուարի դահլիճը հրաժարած է եւ իշխանութիւնը յանձնած` զօրավարներուն: Քաղաքային իշխանութիւնը վերջնականապէս փաստած է, թէ ի վիճակի չէ երկիրը կառավարելու: