Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ 2014-ի Տարեկան Զեկուցումին Մէջ Եւս Եւրոպական Միութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Կոչ Կ՛ուղղէ

Յունիս 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, 10 յունիսին, Սթրազպուրկի  (Ֆրանսա) մէջ, Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին, քուէարկուեցաւ Թուրքիոյ 2014-ի տարեկան զեկուցումը:

Զեկուցումը ընդհանրապէս ժխտական ակնարկ կ՛ընէ Թուրքիոյ մարդկային իրաւունքներու, խօսքի, մամուլի ազատութեանց, կ՛անդրադառնայ ժողովրդավարութեան նահանջին, ինչպէս նաեւ փոքրամասնութիւններու դէմ շարունակուող բացասական վերաբերմունքին, Յունաստանի նկատմամբ ունեցած յարձակողական կեցուածքին եւ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը մերժելուն հետ առնչուած բոլոր խնդիրներուն:

Զեկուցումը դրական կը նկատէ յատկապէս 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ժողովրդային լայն մասնակցութիւնը եւ նորակազմ խորհրդարանին մէջ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայութիւնը: Դրական կը նկատէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ 1.600.000 սուրիացի գաղթականներու ապաստանիլը:

Քուէարկուած զեկուցումին նախաբանին մէջ յատուկ կէտով մը կը նշուի «նկատի ունենալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած 15 ապրիլ 2015-ի բանաձեւը»: 2005-էն ետք, երբ Թուրքիա Եւրոպական Միութիւն մուտքի թեկնածու երկրի կարգավիճակ ստացաւ, Հայոց ցեղասպանութեան հարցը չէր ներառուած տարեկան այս զեկուցումներուն մէջ: Պէտք է նշել, թէ վերոյիշեալ բանաձեւին մէջ յստակ պահանջ կայ Թուրքիայէն առերեսուելու իր անցեալին հետ` ճանչնալով Հայոց  ցեղասպանութիւնը:

Զեկուցումին մէջ տեղ գտած յօդուած թիւ 49-ին մէջ կը կրկնուի վերջին տարիներու կոչը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, դիւանագիտական կապ ստեղծելու եւ առանց նախապայմաններու բանալու երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը:

Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան ողջունեց Եւրոպական խորհրդարանի այս զեկուցումին մէջ տեղ գտած` Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման նշումը, ինչպէս նաեւ առանց նախապայմանի սահմանի բացումը: Կարապետեան նաեւ ըսաւ, որ Եւրոպական խորհրդարանը անգամ մը եւս փաստեց, թէ Թուրքիոյ սպառնալիքներուն ենթակայ չէ` նշելով Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերու եւ գլխաւոր բանակցող նախարար Վոլքան Պոզքըրի խօսքերը, թէ Թուրքիա պիտի չընդունի զեկուցումը, եթէ անոր մէջ նշուած ըլլայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Զեկուցաբեր Քաթի Փիրի (Ընկերվարներ եւ ժողովրդավարներ, Հոլանտա) արդէն պատասխանեց` ըսելով, որ Եւրոպական խորհրդարանը չի կրնար ուրանալ արդէն որդեգրուած բանաձեւեր:

Սոյն զեկուցումով, Եւրոպական Միութիւնը բաց կը ձգէ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութիւն մուտքը, բան մը, որ հետզհետէ աւելի կը դժուարանայ:

Պոզքըր. «Թուրքիան Պիտի Վերադարձնէ
Եւրոպական Միութեան Զեկուցումը`
Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակման Համար»

Վոլքան Պոզքըր
Վոլքան Պոզքըր

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հարցերով նախարար Վոլքան Պոզքըր յայտարարած է, որ Անգարա պիտի վերադարձնէ Թուրքիոյ յառաջընթացին վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցումը:

Թուրք նախարարը ըսած է. «Մենք չենք ընդունիր զեկուցումը եւ պիտի վերադարձնենք»: Ըստ անոր, զեկուցումը չ՛արտայայտեր Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա իրական յարաբերութիւնները:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւս յայտարարած է, որ նշեալ զեկուցումը այդ կառոյցին կողմէ որդեգրուած «ամէնէն տարաբախտ» որոշումներէն մէկը կը պարունակէ:

Աղբիւրը կը բացատրէ, որ այդ մօտեցումին պատճառը Հայոց ցեղասպանութեան մասին յիշատակումն է` ապրիլին Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ որդեգրուած բանաձեւին հիման վրայ, ինչ որ Թուրքիան չէր ընդունած:

Այժմ թուրք պաշտօնատարները կը պնդեն, որ զեկուցումին մէջ «1915-ի մասին փոփոխութիւնները» կատարուած են «վերջին վայրկեանին»: Պոզքըր աւելցուցած է. «Այս յիշատակման բերումով ալ մենք անընդունելի կը նկատենք զեկուցումը: Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան մեր մնայուն ներկայացուցիչը զեկուցումը պիտի վերադարձնէ Եւրոպական խորհրդարանին»:

Պոզքըր ընդգծած է.«Թուրքիան երբեք չէ ընդունած եւ երբեք ալ պիտի չընդունի այն, որ 1915-ի իրադարձութիւնները ցեղասպանութիւն կոչուին», որովհետեւ, ըստ թուրքերուն, ատիկա «իրաւական եւ պատմական հիմքեր չունի»:

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Դժգոհ Է Եւ Դէմ Պիտի Քուէարկէ Պիւտճէի Կատարման Հաշուետուութեան

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք Այցելեց Հայաստան

RelatedPosts

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ  ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան  Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Շրջափակման 100-րդ Օրը Ստեփանակերտի Մէջ ՀՅԴ Արցախի Երիտասարդական Միութեան Նախաձեռնութեամբ Ցոյց Կազմակերպուեցաւ

Մարտ 22, 2023
Միացեալ Նահանգներուն Կոչ Ուղղելով Անհետեւանք  Չձգելու Ազրպէյճանի Քայլերը`  «Պատերազմական Գերիները Հետապնդելը  Միջազգային Ուխտերու Կոպիտ Խախտում Է»  Կ՛ըսէ Շիֆ
Հայկական

Քոնկրեսական Շիֆ Կը Դատապարտէ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Պատժամիջոցները Բացառելու Վերաբերեալ Պոնոյի Յայտարարութիւնը

Մարտ 22, 2023
Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին.  «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի  Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի  Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է»  Կ՛ըսէ Լաւրով
Գլխաւոր լուրեր

Միրզոյեանի Հետ Հանդիպումին Ընթացքին. «Առաջնահերթ Խնդիրներէն Մէկը Լաչինի Միջանցքի Եւ Ընդհանուր Առմամբ Ղարաբաղի Շուրջ Ստեղծուած Կացութիւնն Է» Կ՛ըսէ Լաւրով

Մարտ 21, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In