Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պրազիլի Արտաքին Գործոց Նախարարութենէն Թուրքիոյ Յայտնած Են. «Կան Դիրքորոշումներ, Որոնք Ենթակայ Չեն Փոփոխութեան»

June 11, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

6-10-15_Brazil

«ՓրենսաԱրմենիա» կը հաղորդէ, որ Պրազիլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը շեշտէ, որ կը ցաւի եւ կ՛ափսոսայ Թուրքիոյ կառավարութեան տուած որոշումին առնչութեամբ, սակայն կան գաղափարներ, դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան:

Նախարարութենէն նաեւ ափսոսանք յայտնած են, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ ընդունուած բանաձեւին առնչութեամբ այդպիսի դիրքորոշում յայտնած է, որովհետեւ բանաձեւը իր համերաշխութիւնն ու հանդուրժողականութիւնը յայտնած է հայ ժողովուրդին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի եւ անմեղ մարդոց զոհուելուն կապակցութեամբ:

«1 յունիսին Պրազիլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը եղած է արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ: Զայն ընդունած է արտաքին գործոց գլխաւոր քարտուղար, դեսպան Սերխիօ Տենես եւ սպառիչ բացատրութիւն տուած է այլ հոլովոյթներու կապակցութեամբ, որոնք կ՛ընթանան Ծերակոյտին մէջ: Ըսուած է, որ շարք մը հարցերու առնչութեամբ կան տեսակէտներ եւ աւանդական դիրքորոշումներ, որոնք ենթակայ չեն փոփոխութեան: Նոյն բացատրութիւնը ներկայացուած է նաեւ Պրազիլի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Յայտարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ որոշում տալու ընթացքին Ծերակոյտը հիմնուած է Պրազիլի սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած անկախութեան լիազօրութեան վրայ: Միաժամանակ, նախարարութենէն յոյս յայտնած են, որ Թուրքիոյ հետ պաշտօնական երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները մօտ ժամանակաշրջանին կը վերադառնան իրենց բնականոն հունին:

Պրազիլի Ծերակոյտին կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող օրինագիծի որդեգրումէն ետք Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը տարածած էր յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, Պրազիլէն տուն կը կանչէր իր դեսպանը:

«Իւրաքանչիւր անգամ, երբ որեւէ պետութիւն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրինագիծ կ՛ընդունի, թրքական կառավարութիւնը ճնշումներ կը գործադրէ եւ կը խզէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները այդ երկրին հետ: Պրազիլի Ծերակոյտը եւս կատարեց քայլ մը եւ միացաւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ գտնուող այն պետութիւններուն, որոնք կը զօրակցին արդարութեան ու ազնուութեան եւ դէմ են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններուն», յայտարարած է ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավար Ալֆոնսօ Թապաքեան:

 

 

Նախորդը

Դիմադրութեան Մարտիկները Կը Շարունակեն ՏԱՀԵՇ-ի Շարքերուն Մէջ Մեծ Վնասներ Պատճառել

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Դժգոհ Է Եւ Դէմ Պիտի Քուէարկէ Պիւտճէի Կատարման Հաշուետուութեան

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.