Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Նիւթով Աշխատաժողով «Գարատենիզ Թեքնիք» Համալսարանի Մէջ

June 5, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

6-05-15_ktü-Գարատենիզ թեքնիք համալսարանի (ԳԹՀ) պատմութեան բաժնի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուեցաւ աշխատաժողով մը` «Տեղահանութեան եւ բնակչութեան օրէնքի (իսքան) 100-ամեակին առթիւ` անցեալէն դէպի այսօր. Անատոլուի մէջ հայեր» նիւթով: Աշխատաժողովը կայացաւ համալսարանի «Նազըմ Թերզիօղլու» սրահին մէջ: Գումարուեցան երեք նիստեր, որոնց ընթացքին խօսք առին 11 պատմաբաններ: Աշխատաժողովի ընթացքին Հայկական հարցը քննարկուեցաւ պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս, «կարծեցեալ» պիտակին տակ: Նիւթերը կեդրոնացան հայերու հետ միասնաբար ապրիլ, տարբերութիւններ, ցաւեր եւ քարոզչութիւն գլխաւոր գլուխներու տակ: Աշխատաժողովին բացումը կատարեց ԳԹՀ-ի տեսուչ, փրոֆ. տոքթ. Սիւլէյման Պայքալ, որ յայտնեց, թէ մարդիկ կը ջանան այն տպաւորութիւնը ստեղծել, որ կարծես թէ ապրուած ցաւերը միայն հայերն են, որ ապրած են: «Լա՛ւ, հայերը ինչպէ՞ս կրցան այսպիսի տպաւորութիւն մը ստեղծել: Կրցան ստեղծել, որովհետեւ քարոզչութիւն ըրին: Ուրեմն մենք ի՞նչ պէտք է ընենք: Պէտք է խօսեցնենք պատմագէտները` որպէս նիւթին քաջատեղեակ անձեր: Ուստի, պատմական իրողութիւնները պարզելու տեսակէտէ կարեւոր է այս աշխատաժողովը», ըսաւ Պայքալ:

Իսկ գրական բաժանմունքի տեսուչ փրոֆ. տոքթ. Մեւհիպէ Ճոշար ըսաւ. «2015 թուականը մեզի եկաւ մեծ ցաւով մը: Այդ շրջանին դաւաճանութեան մը հիասթափութիւնը մենք վճարեցինք եւ այսօր ալ դարձեալ մենք ենք, որ կը վճարենք», ըսաւ ան:

Վերջին խօսողը եղաւ պատմութեան բաժնի նախագահ փրոֆ. տոքթ. Քենան Ինան, որ յայտնեց, թէ դժբախտաբար 24 ապրիլը կը յիշենք ամէն տարի միայն 24 ապրիլին: Ինան կանգ առաւ Տրապիզոն քաղաքի անցեալին վրայ` աւելցնելով, որ այս քաղաքը թէ՛ պոնտոսցիներու պնդումներուն եւ թէ՛ հայոց պնդումներուն առանցքը եղած է:

Լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ դասախօսներ եւ ուսանողներ մեծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս աշխատաժողովին:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 97-Ամեակի Ժողովրդային Տօնակատարութեան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնանկան Կոմիտէի Անդամ Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

Թուրքիայում Հայերի Գոյքին Տիրանալու Համար Ամէն Ժամանակ Իր Թեքնիքը Ունի. Ալի Պայրամօղլու

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Ա. Աղեքսանդրիոյ Հերոնէն Մինչեւ Սփութնիք

December 8, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

March 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.