Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեզահաթ Էլեֆթոսի Իսլամացուած Հայ Մեծ Մօր Պատմութիւնը

Յունիս 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նեզահաթ Էլեֆթոս եւ դուստրը` Լէյլան
Նեզահաթ Էլեֆթոս եւ դուստրը` Լէյլան

«Ռոյթըրզ» կը գրէ, որ երբ Նեզահաթ Էլեֆթոս փոքր տարիքին ընտանեկան արկղի մը մէջ լուսանկարներու ծրար մը գտաւ, անոր մեծ մայրը խոստովանեցաւ, որ լուսանկարներուն մէջ էին իր քրիստոնեայ հայ եղբայրները, որոնք Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին զոհ գացին հարաւարեւելեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած զանգուածային սպանդներուն:

Շուրջ քառասուն տարի Նեզահաթ Էլեֆթոս փորձեց պահել իր Զարիֆէ մեծ մօր այն գաղտնիքը, թէ ինք հայ քրիստոնեայ ծնած է եւ ոչ թէ Տիգրանակերտի ժայռոտ բլուրներուն վրայ գտնուող Օնպաշըլար գիւղի իր դրացիներուն նման` իսլամ քիւրտ մը: Սակայն անոնք գիտէին: Մեզ կը վարկաբեկէին, մեզ անհաւատներ, «կեաւուր» կը կոչէին», կը յայտնէ 48-ամեայ Էլեֆթոս:

Նկատի ունենալով, որ քրտական համայնքին վերաբերմունքը փոխուած է, Էլեֆթոս ներկայիս պատրաստ է իր ընտանիքին հայկական ծագումին մասին խօսելու: «Այժմ քիւրտերը հայերու բարեկամներն են: Ես հպարտ եմ երկուքը ըլլալուս», կ՛ըսէ ան:

Զարիֆէի եղբայրներուն եւ հարիւր հազարաւոր այլ հայերու` օսմանեան Թուրքիոյ հողերուն վրայ սպանութիւններէն մէկ դար ետք Էլեֆթոսի նման պատմութիւնները կը խզեն Թուրքիոյ բնակչութեան 20 առ հարիւրը կազմող քիւրտերուն մօտ լռութեան պատը:

Քիւրտերը կ՛օժանդակեն հայկական եկեղեցիներու վերակառուցման, խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ թեկնածուներ կ՛առաջադրեն եւ հայկական կալուածներուն տիրանալու խոստումով հայերուն ջարդերուն մասնակցած իրենց նախահայրերուն համար ներում կը հայցեն:

Աւելի՛ն. քիւրտերը հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած ջարդերը կը ճանչնան իբրեւ ցեղասպանութիւն` ի տարբերութիւն թուրքերուն, որոնց մեծամասնութիւնը կը մերժէ հայերու պնդումները, թէ իրենց 1,5 միլիոն ազգակիցներուն սպանդը ցեղասպանութիւն մըն է: Արեւմուտքցի մասնագէտներուն մեծամասնութիւնը եւ շուրջ քսան պետութիւններ 1915-ի դէպքերը կը նկատեն ցեղասպանութիւն մը, որ գործուած է քաղաքակրթութեան մը դէմ, որ չորս հազար տարիէ ի վեր կը ծաղկէր այն տարածքին մէջ, որ այսօրուան Թուրքիան է:

Դարէ Մը Ի Վեր Թաքնուած

Սակայն ոմանք վերապրեցան, փոխեցին իրենց անունները, կրօնը եւ մշակոյթը` չբացայայտելու համար իրենց հայ ծագումը: «Շուրջ 200,000 հայեր ձուլուեցան, որպէսզի ողջ մնան», կ՛ըսէ Թաներ Աքչամ` հազուագիւտ թուրք ցեղասպանագէտ մը եւ Մասաչուսեցի Քլարք համալսարանէն պատմաբան մը: «Անոնց մէկ միլիոն կամ աւելի ժառանգորդները հաւանաբար կ՛ապրին Թուրքիոյ մէջ, թէեւ անոնց ճշգրիտ թիւը յստակ չէ»:

«Իսլամացած հայերու» մեծամասնութիւնը երիտասարդ կիներ էին, որոնք առնուած էին իբրեւ երկրորդ կին, կամ` որբացած մանուկներ, ճիշդ Զարիֆէի նման, որ 1915-ին 12 տարեկան էր: Ան տեսած էր զինեալներու կողմէ իր եօթը եղբայրներուն գնդակահարումը` նախքան փախուստ տալը դէպի բլուրներ, ուր զինք գտած էր Էլեֆթոսի մեծ հայրը, որ զինուոր էր: Ան Զարիֆէն վստահած է քիւրտ ընտանիքի մը, ապա երբ վերադարձած է, ամուսնացած է անոր հետ, որ արդէն իսլամացած էր:

Տիգրանակերտ քաղաքի հնադարեան Սուր շրջանի քիւրտ քաղաքապետ Ապտուլլահ Մեմիրպաշ յայտնեց, որ իր համայնքը հայերուն դէմ կատարուած սխալը սկսաւ ճանչնալ 1980-ական եւ 1990-ական թուականներէն ետք, երբ թրքական բանակն ու քիւրտ զինեալներ շրջանին մէջ իրարու դէմ կռուեցան: 2012-ի զինադադարի յայտարարութենէն առաջ շուրջ 40 հազար մարդիկ, մեծ մասամբ քիւրտեր, սպաննուեցան:

«Ահա թէ ինչո՛ւ ինքնայպանում կայ: Եթէ անմիտ չըլլայինք, մեզի ալ չէր պատահեր», կը հաստատէ ան:

Հաշտութիւն

Միջին Արեւելքի մեծագոյն հայկական եկեղեցին` Ս. Կիրակոսը կը ծառայէր հետզհետէ անյայտացող հօտի մը, մինչեւ որ 1985-ին վերջին հոգեւոր հովիւը հեռացաւ: Այժմ Տիգրանակերտի մէջ ի յայտ եկած են վերապրողներու շուրջ 300 ժառանգորդներ, որոնցմէ ոմանք քրիստոնէութիւնը որդեգրած են:

Ս. Կիրակոսի մէջ Զատկուան պատարագի ընթացքին 40 անձեր հաղորդութիւն ստացան: Այդ մէկը մաս կը կազմէ քիւրտերու եւ հայերու միջեւ աւելի համապարփակ հաշտութեան մը:

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զինուորական Բուռն Գործողութիւններ Արեւելեան Շրջաններու Հայութեան Դէմ

Յաջորդը

Եթէ Հարցը Հայերին Է Վերաբերում, Թուրքական Հետախուզութիւնը Լաւ Է Աշխատում

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?