Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (3 Յունիս 1965)

Յունիս 3, 2015
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վեհափառ Հայրապետին Այցը Թրիփոլի

Կիրակի, 16 մայիս: Թրիփոլիի հայութիւնը ցնծութեան մէջ էր: Տեղւոյս թաղական խորհուրդի ցրուած կոչով տեղեկացած ըլլալով Խորէն Ա. վեհափառ հայրապետի այցելութեան, մեծով պզտիկով կը փութար եկեղեցի: Սիրելի վեհափառը, իր անդրանիկ այցելութեան առիթով, արժանավայել շուքով ընդունելու բոլոր պատրաստութիւնները տեսնուած էին նախօրօք: Ամբողջ գաղութը զօրաշարժի ենթարկուած էր, բոլոր դէմքերուն վրայ ժպիտ կը շողար:

Առաւօտեան ժամը 8-ին նախ ժամանեց Լիբ. թեմի առաջնորդ Տաճատ արք. Ուրֆալեան, որ օրուան պատարագիչն էր, եւ հանդերձ սարկաւագօք ուղղուեցաւ եկեղեցի:

Ազգ. վարժարանի բակին մէջ հաւաքուած եւ վեհափառի ժամանումին ակնդէտ սպասող հաւատացեալներուն մօտ կը նշմարուէր վայրկեանէ վայրկեան աճող անհամբերութիւն, որ իրարանցումի եւ անհուն խանդավառութեան վերածուեցաւ, երբ շրջանէն Ընֆէի մուտքին դիմաւորութեան գացած ազգայիններու քառասունէ աւելի ինքնաշարժներու թափօրը, իր մէջ առած վեհափառին ինքնաշարժը հասաւ ժամը 9:00-ին:

Վեհափառ հայրապետը իր հետեւորդներով հազիւ հասած վրան բարի գալուստի բարձրադիր պաստառով մուտքի մայր դուռը` ոչխար զենուեցաւ ոտքին, ապա յառաջացաւ պատուի կեցած երկշարք սկաուտներու, արծուիկներու եւ վարժարանի աշակերտութեան մէջէն եւ ծափերու տարափի մը տակ ուղղուեցաւ Հոգեգալստեան Ս. եկեղեցի:

Զանգակներու քաղցրահունչ ղօղանջը, Ս. պատարագի երգեցողութեան անուշութիւնը եւ վեհափառ հայրապետին մուտքը անհուն վեհութիւն մը լեցուցին Աստուծոյ Ս. յարկէն ներս, ծով լռութիւն մը, ուր երբեմն վերացած հայ մամիկի մը աղօթքի մրմունջները կը կաթկթէին` խորհրդաւոր արձագանգներ շրջագծելով…

… Ու սուրբ եւ անմահ պատարագը կը շարունակուի: Քարոզի պահն է: Վեհափառ հայրապետը  նախ արդար հպարտանքով պատկերացուց գաղութին ներկայ վիճակը հակադրուած անցեալի տխուր եւ անկերպարան վիճակին` իր հոյակերտ եկեղեցիով, լաւագոյն յարմարութիւններով օժտուած վարժարանով ու սրահով, եւ ապա տուաւ Երեւման Ս. Խաչի պատմականն ու խորհուրդը, այն խաչին, որ մարմնացումն է յոյսի, սիրոյ, ծառայութեան եւ զոհողութեան ոգիին, եւ որուն, իբրեւ քրիստոնեայ առաջին ժողովուրդ, հաւատացինք ազգովին, հետեւեցանք ազգովին, դարեր շարունակ թափեցինք ծովերով արիւն, կրեցինք անպատմելի տառապանքներ, իսկ յիսուն տարիներ առաջ խաչի ճամբով քալեցինք դէպի մեր Գողգոթան` Արաբիոյ կիզիչ անապատները` անծայրածիր աւազներուն վրայ փռելով մեր անհամար ոսկորները սպիտակ: Սակայն, շնորհիւ խաչի խորհուրդին եւ Խաչեցեալին պատգամած յարութեան յոյսին, յիսուն տարի ետք կանգուն ենք ահա՛, եւ ո՛չ իբրեւ անդիմագիծ զանգուած, այլ` կազմակերպուած հայութիւ՛ն, շէնցնող, լաւին ձգտող, լոյսին ձգտող, յարուցեա՛լ հայութիւն` եզեկիէլեան տեսիլքի իրականացման իբրեւ կենդանի վկա՛յ:

Ու իբրեւ պատգամ` վեհափառ հայրապետը յորդորեց սիրել զիրար, ըլլալ միասիրտ, միակամ, բոլորուիլ հայ եկեղեցիին ու դպրոցին շուրջ եւ իբրեւ սրբազան պարտականութիւն` գուրգուրալ անոնց վրայ, Ամենակալ Հօր փառքին, Հայաստանեայց Ս. եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ազգի յաւերժացման համար:

Յաւարտ Ս. պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Կիւլպէնկեան գերդաստանի հին եւ նոր ննջեցելոց համար: Ապա դպրացի դասին առաջնորդութեամբ եւ «Հրաշափառ»-ով վեհափառ հայրապետն ու պատարագիչ սրբազան հայրը առաջնորդուեցան ազգ. ընդունելութեան սրահ, ուր հաւատացեալները խուռներամ փութացին աջահամբոյրի եւ վեհափառի ձեռամբ ստացան յիսնամեակի առիթով պատրաստուած մետալներ` վրան Անթիլիասի մայրավանքին ապրիլեան Նահատակաց յուշարձան-մատուռը նկարադրոշմուած:

Կէսօրին ի պատիւ վեհափառ հօր եւ առաջնորդ սրբազանին, թաղական խորհուրդին կողմէ ճաշկերոյթ մը տրուեցաւ «Մոնթազա» շքեղ պանդոկին մէջ, որուն մասնակցեցան նաեւ մեծ թիւով ազգայիններ: Այս ուրախ առիթով խօսք առին` առաջնորդ սրբազան հայրը, գաղութիս հոգեւոր հովիւ Պարգեւ քհնյ. Յովհաննէսեանը եւ Հայկ Փափազեան, որոնք բարի գալուստ մաղթելէ ետք վեհափառին, դրուատեցին: Անոր ազգային գործը: Իսկ թաղական խորհուրդի ատենապետ Գեղամ Դաւիթեան կարդաց գեղեցիկ ուղերձ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ:

Վեհափա՛ռ տէր,

«Այսօր գաղութիս ամբողջ հայութիւնը համակուած կը զգայ ինքզինք անհուն ուրախութեամբ եւ իշխանական հպարտութեամբ` վայելելով Ձեր վեհափառական այցելութիւնը, որ հաճեցաք տալ մեզի առաջին անգամ ըլլալով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսական Ս. Աթոռին Ձեր արժանաւորապէս բազմելէն ետք: Բոլորս վստահ ենք ու այժմ կը զգանք, թէ միշտ սիրած էք այս գաղութը` շնորհելով անոր Ձեր հայրական գուրգուրանքը` հակառակ Ձեր բազմազբաղ վիճակին:

Թրիփոլիի հայ գաղութը պիտի չկարենայ անհրաժեշտ ուժգնութեամբ բառեր գտնել, պատկերաւորելու համար մեծութիւնը ի նպաստ իրեն Ձեր կատարած գործին, բարձրացնելով իր համայնքային արժանապատուութիւնը, որ այսօր կը շողշողայ` շնորհիւ իր ամրակառոյց եկեղեցիին, վարժարանին եւ թատերասրահին:

Վեհափա՛ռ տէր,

Քաջ համոզուած ենք, թէ մոռցնել պիտի տանք Ձեր յոգնութիւնները եւ գնահատանքի արժանանանք, երբ հոծ բազմութեամբ լեցնենք մեր եկեղեցին եւ աղօթենք ջերմեռանդօրէն անոր կանթեղազարդ կամարներուն տակ` ունկնդրելով մեր հրեշտակային շարականները, կամ` մեր զաւակները ազգային վարժարան ուղարկելով, ուր պիտի սորվին Ս. Մեսրոպի լեզուն, եւ կամ` թատերասրահ յաճախելով, ուր պիտի ցոլան մեր ազնիւ ժողովուրդին ներշնչումները:

Այս առիթով շրջանի թաղական խորհուրդս` համեստ ծառաները այս գաղութին, թարգմանը հանդիսանալով բոլորի զգացումներուն` կը վստահեցնենք Ձեզ, թէ կը մնանք միշտ հաւատարիմ ու նախանձախնդիր զաւակները մեր Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին:

Ջերմեռանդօրէն կը խնդրենք Բարձրեալն Աստուծմէ, որ շնորհէ Ձեզի երկար կեանք եւ բարի առողջութիւն, որպէսզի կարենաք Ձեր վեհափառական մականին շուրջ հանել մեր դարաւոր գոյութիւնը` ի սպաս Աստուծոյ եւ ազգին:

Կը խնդրենք Ձեզմէ, վեհափա՛ռ տէր, որ միշտ շնորհէք մեզի Ձեր սրբազան օրհնութիւնը լուսաւորչեան, ու անգամ մը եւս Թրիփոլիի հայ գաղութին անունով կը կրկնենք`

«Բարի եկաք, վեհափա՛ռ»:

Վեհափառ հայրապետը խորապէս յուզուած` օրհնեց ներկաները եւ ապա իր շքախումբով մեկնեցաւ մայրաքաղաք:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Վեհափառ Հայրապետի Նախագահութեամբ

 Ազգային Ընդհ. Ժողովը
Բացուեցաւ Անթիլիասի Մէջ

Կիլիկեան Թեմերէն 40 Կրօնական Եւ
Աշխարհական Պատգամաւորներ Կը Մասնակցին

Նախագահութեամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, երէկ` չորեքշաբթի, 2 յունիս 1965, կ. ետք ժամը 3:30-ին Անթիլիասի կաթողիկոսարանի վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Թեմական Ազգային Ընդհանուր ժողովի առաջին նիստին:

Թեմական 52 պատգամաւորներէն, 8 եկեղեցական եւ 44 աշխարհական, ներկայ էին 40 պատգամաւորներ: Կամքէ անկախ պատճառներով, բացակայող պատգամաւորներէն ոմանք, ընդհանրապէս Պարսկաստանէն, պիտի հասնին եւ ներկայ գտնուին այսօրուան նիստին:

Ժողովին կը մասնակցին.

Լիբանանի թեմ.- Առաջնորդ Տաճատ արք. եպիսկոպոս, Յակոբ Տէր Մելքոնեան, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Գառնիկ Մինասեան, տոքթ. Խոսրով Գրիգորեան, Ռուբէն Մավիսագալեան, Ղազար Չարըգ:

Բերիոյ թեմ.- Առաջնորդ Ղեւոնդ արքեպիսկոպոս, մեթր Գրիգոր Էպլիղաթեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, տոքթ. Յակոբ Գասապեան, տոքթ. Ատուր Գապաքեան, Վահէ Սէթեան:

Կիպրոսի թեմ.- Կաթ. փոխանորդ Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան, Յակոբ Պոհճելեան:

Միացեալ Նահանգներու թեմ.- Առաջնորդ Հրանդ արքեպիսկոպոս, Եդուարդ Սահակեան, Եղիշէ Մելիքեան, Ճեք Չատրճեան, տոքթ. Քրիստափոր Պապիկեան, Սուրէն Սարոյեան, Եդուարդ Թերզեան, Խաչիկ Նետուրեան, Արամ Փանոսեան, Եդուարդ Սելվերեան, Գրիգոր Ղազիրեան, Վարդան Յարութիւնեան, Լեւոն Թիւֆենկճեան, Անդրանիկ Առաքելեան:

Թեհրանի թեմ.- Առաջնորդ Արտակ արքեպիսկոպոս, Վահրամ Դաւիթխանեան, Գուրգէն Սարգիսեան, Ճիպրայէլ Սահակեան, Խոսրով Ղարախանեան, տոքթ. Հրաչ Աբրահամեան:

Իրանա-Հնդկաստանի թեմ (Նոր Ջուղա).- Առաջնորդ Ներսէս ծ. վրդ. Բախտիկեան, Մինաս Մինասեան:

Ատրպատականի թեմ.- Առաջնորդ Վարդան վրդ. Տեմիրճեան:

Յունաստանի թեմ.- Առաջնորդ Սահակ արքեպիսկոպոս, տոքթ. Եղիա Արշակունի:

Ժողովին բացումը կատարեց Խորէն Ա. կաթողիկոս, տէրունական աղօթքով եւ յաջողութեան մաղթանքով:

Ապա վեհափառ հօր առաջարկով, միաձայնութեամբ ժողովի առժամեայ դիւան ընտրուեցան երիցագոյն պատգամաւոր Յակոբ Տէր Մելքոնեան` ատենապետ եւ կրտսերագոյն պատգամաւոր Վարդան Յարութիւնեան` ատենադպիր:

Առժամեայ դիւանը կատարելէ ետք ժողովականներու օրինական ստուգումը, ձեռնարկեց ժողովի մնայուն դիւանի ընտրութեան:

Առաջին գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ դիւանի Ա. ատենապետ ընտրուեցաւ Վահէ Սէթեան եւ Ա. ատենադպիր` տոքթ. Ատուր Գապաքեան:

Երկրորդ գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Բ. ատենապետ ընտրուեցաւ Եդուարդ Սահակեան եւ Բ. ատենադպիր` Վահրամ Դաւիթխանեան:

Նորընտիր դիւանի Ա. ատենապետ Վահէ Սէթեան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն` դիւանին իրենց տուած վստահութեան համար:

Ժողովին բացման խօսքը կարդաց Խորէն Ա. կաթողիկոս: (Վեհին ճառը ամբողջութեամբ պիտի տանք մեր վաղուան թիւով):

Ժողովը իր աշխատանքներուն սկսելէ առաջ, պահ մը յոտնկայս յարգեց յիշատակը Մեծ եղեռնի մէկուկէս միլիոն զոհերուն, եւ վեհափառ հայրապետը հոգւոց արտասանեց նահատակներուն հոգւոյն խաղաղութեան համար:

Կաթողիկոսարանի դիւանատան քարտուղար Թորոս Արեւեանի կողմէ կարդացուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ 1963-ին գումարուած Ազգ. Ընդհանուր ժողովի ատենագրութիւնը:

Երուանդ ծ. վրդ. Աբէլեան կարդաց Կրօնական ժողովին ատենագրութիւնը:

Ազգային Կեդրոնական վարչութեան ատենադպիր տոքթ. Բաբգէն Փափազեան կարդաց աւելի քան մէկ ժամ տեւող մանրամասն եւ խնամքով պատրաստուած ընդարձակ տեղեկագիրը` Կեդրոնական վարչութեան երկամեայ գործունէութեան:

Տեղեկագիրներէն մէկական օրինակ բաժնուեցաւ ժողովական պատգամաւորներուն` ուսումնասիրութեան համար:

Ազգ. Ընդհ. ժողովը իր երկրորդ նիստը պիտի գումարէ այսօր` հինգշաբթի, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան 4-րդ Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեան

Յաջորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Զինուորական Բուռն Գործողութիւններ Արեւելեան Շրջաններու Հայութեան Դէմ

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?