Խմբագրական
Միւռոնօրհնութիւն
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը խանդավառութեամբ կը պատրաստուի կիրակիի մեծ հանդիսութեան` հոգեպարար արարողութիւններով կատարելու համար օրհնութիւնը սրբալոյս միւռոնի, Հայաստանեայց եկեղեցիին դարաւոր աւանդութեանց համաձայն:
1956-էն ի վեր երկրորդ անգամն է, որ այս սրբազան արարողութիւնը կը կատարուի Անթիլիասի մէջ` ջերմեռանդ հաւատքի եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հանդէպ երկիւղած ծառայութեան արտայայտութիւն իբրեւ, այդ եկեղեցւոյ ծառաներուն եւ հաւատացեալներուն հոգեկան հաղորդումով:
Միւռոնօրհնութեան այս արարողութիւնը կ՛իմաստաւորուի եւ կ՛արժեւորուի մանաւանդ այն իրողութեամբ, որ սփիւռքի բոլոր ծագերէն, Կիլիկեան Աթոռի բոլոր թեմերէն տասնեակներով եւ հարիւրներով հաւատացեալներ այս օրերուն փութացած են Լիբանան` ոչ միայն ներկայ գտնուելու համար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ այս տօնին, այլ նաեւ` հոգեպէս գօտեպնդուելու, իբրեւ հայ ներքնապէս հարստանալու եւ իրենց խանդավառութիւնը հեռաւոր գաղութներուն փոխանցելու մղումով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը իրողապէս այսօր դարձած է ամբողջ սփիւռքի հայութեան հոգեւոր կեդրոնը` լաւագոյնս արդարացնելով այն բոլոր ակնկալութիւնները, որ գաղթաշխարհի հայութիւնը ունի պատմական այդ Աթոռէն:
Շնորհիւ Կիլիկեան Աթոռին` կենդանի կապ մը հաստատուած է ներկայիս բոլոր գաղութներու միջեւ, որոնք ընդհանրական մտահոգութիւներու վկայութիւնը կու տան, նոյն ժողովուրդին անբաժանելի մասնիկը եղած ըլլալու գիտակցութիւնն ունին եւ այդ ընդհանրական մտահոգութեան մէկ ազգի պատկանելու գիտակցութեան արդիւնք եղող հանրային օգտաւէտ կեանքի մը տարրերը կը հանդիսանան:
Ինչ որ մեր ժողովուրդը հայ կը պահէ օտար ափերու վրայ, ինչ որ առիթ կու տայ զանազան գաղութներու մէջ ցրուած մեր բեկորներուն ընդհանրականին զգացումն ունենալ, արժանի է ամենալայն քաջալերանքի ու գնահատանքի:
Հայ ժողովուրդը վերջին տասնամեակի ընթացքին ազգային հոգեփոխութեան շրջան մը բոլորեց: Ամէնուրեք հետաքրքրութիւնը փոխադարձ է զանազան գաղութներու հանրային կեանքին նկատմամբ: Չկայ գաղութ մը, որքան ալ փոքր ըլլայ, որ չհետաքրքրուի միւս գաղութներու ազգային կեանքով: Փոխադարձ այս հետաքրքրութիւնը, որուն համար այնքան աշխատանք թափուեցաւ, ամէնէն դրական երեւոյթներէն մէկն է հայապահպանման այն պայքարին համար, որ հայ ժողովուրդը կը մղէ ի խնդիր իր գոյութեան ու նաեւ` իր ապագային:
Միւռոնօրհնութեան ուխտաւորները գոհունակութեամբ պիտի նկատեն, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Աթոռը, որուն անսասան պահպանման ու բարգաւաճման համար ամէն զոհողութեան յանձնառու եղած են, ամէն կերպով կ՛արդարացնէ իրենց ակնկալութիւնները, դարձած է ոչ միայն հոգեւոր կեդրոնը սփիւռքի հայութեան, այլ նաեւ մտաւոր ճառագայթումի փարոս մը` իր լոյսը սփռելով հայ կեանքի բոլոր շրջաններէն ներս:
Շնորհիւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսի` Խորէն Ա.ի հայրական հոգածութեան եւ միաբանութեան անխոնջ ճիգերուն, Կիլիկեան Աթոռը մեծ հմայք ունի այսօր ոչ միայն հայ ժողովուրդի բոլոր խաւերէն ներս, այլ նաեւ` բոլոր այն երկիրներուն մէջ, ուր հայերը կ՛ապրին խաղաղ եւ բարգաւաճ կեանք մը:
Այս հաստատումը կատարած պիտի ըլլան մեր հայրենակիցները` իրենց ապրած երկիրներուն մէջ: Պիտի կատարեն նաեւ հոս, բուն աղբիւրէն, ու վստահ ենք հոգեկան վայելքի մը անպատում ապրումով պիտի վերադառնան իրենց շրջանները` տարիներու համար յագեցուցած հայու իրենց ծարաւը:
Ծարաւ հոգիներու համար է առաւելաբար Հայաստանեայց եկեղեցւոյ այս փառատօնը: