ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ձեր շուրջինները պիտի կարենան սանձել ձեր խենթ փառասիրութիւնները: Բնական պայմաններու մէջ ապրեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ընկերոջ հետ գործի վերաբերեալ լաւ որոշումներ պիտի տաք: Ձեր առած նախաձեռնութիւնները յաջողութեամբ պիտի պսակուին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր դժուար գործերու պարագային օգնողներ պիտի ունենաք: Մի՛ յուսահատիք, ապագային նայեցէք լաւատեսութեամբ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Շատ ուրախ ժամեր պիտի անցընէք խմբային մարզանքի ընթացքին, ինչ որ աւելի պիտի աշխուժացնէ ձեզ: Հետեւող եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընդհանրապէս ծնողք եւ զաւակ անհամաձայն են: Այս իրողութիւնը պիտի փարատէք այսօր` զիջումներ կատարելով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր զաւակները երկար ժամանակ պատկերասփիւռին դիմաց առանձին մի՛ ձգէք, մանաւանդ երբ երկար ատեն տունէն դուրսն էք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Գնումի մը պարագային սուղ գին մի՛ վճարէք. սակարկութիւն ըրէք եւ փոխադարձ հասկացողութեան եկէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մորթի խնամքը շատ ազդու պիտի ըլլայ: Հոգ տարէք ձեր ֆիզիքական առողջութեան, որպէսզի ընկրկում չունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր մէկ մերձաւորին առողջութեան համար մի՛ մտահոգուիք, որովհետեւ կրնաք վատ տրամադրութեան մատնուիլ: Չափաւորեցէք ձեր յարաբերութիւնը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր բարեկամները անկեղծ են: Այսօր անոնց հետ պիտի ունենաք մտերմիկ խօսակցութիւն` ճաշի սեղանի շուրջ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Աշխատանքը եւ ժամանցը շփոթելը կը վնասէ ձեզի, հետեւաբար իւրաքանչիւրին տուէք իր առանձին տեղը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արդէն հիմակուընէ կը մտածէք ձեր յառաջիկայ ճամբորդութեան մասին: Ձեր որոշումները աճապարանօք մի՛ տաք: Կրնաք սխալ ուղղութեամբ ընթանալ: