Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երբ Բեմ Ելլեմ, Կը Ձուլուիմ Կերպարիս Ու Երաժշտութեան Մէջ» Ըսաւ Ժաքլին Սարխոշեան-Մակինեան

May 25, 2015
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG-20150514-WA0022Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի «փրիմա» պարուհի, «Հայուհի 2014»-ի ազգային դասական պարարուեստի նուաճումները պահելու եւ տարածելու մրցանակակիր, Պիելոռուսիոյ «Ոսկի մեղու» միջազգային մանկական ստեղծագործական փառատօնի յաջորդական երեք տարիներու դատական կազմի անդամ, հայկական եւ միջազգային բեմերու վրայ «Քարմեն», «Ժիզել», «Գայեանէ», Սայաթ Նովայի սիրուհի Աննան եւ այլ կերպարներ մարմնաւորող մենակատար, «Պարիր, թէ կարող ես» յայտագրի դատական կազմի անդամ, «Պոլշոյի» թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Եուրի Գրիգորովիչի բեմականացումին գլխաւոր պարուհի 2009-ին, «Մովսէս Խորենացի» մետալակիր, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագիտուհի Ժաքլին Սարխոշեան-Մակինեան նախորդող շաբաթավերջերուն բարձրացաւ լիբանանեան բեմ իր ամուսինին «Բարեկամութիւն» պարախումբի բազմամեայ մենակատար Կարէն Մակինեանին հետ, 2 պարային բարձրորակ կատարումներով,  Համազգայինի «Քնար» պարախումբի ելոյթի ընթացքին, իսկ մէկական պարով` «Գայեանէ»-ի ելոյթներուն:

Այս տարեշրջանին հայրենի արուեստագէտները  Համազգայինի «Գայեանէ» պարախումբին  գեղարուեստական ղեկավարներն են:

Ստորեւ կը ներկայացնենք այս առթիւ անոր հետ կատարուած զրոյց մը, որուն ընթացքին արուեստագիտուհին փոխանցեց իր կարծիքը ու խօսեցաւ իր ծրագիրներուն մասին:

IMG-20150514-WA0023ՀԱՐՑՈՒՄ.- Շրջած էք զանազան երկիրներ եւ բեմ բարձրացած` տարբեր հանդիսատեսներու դիմաց: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի մէջ ձեր ունեցած փորձառութիւնը:

ԺԱՔԼԻՆ ՍԱՐԽՈՇԵԱՆ-ՄԱԿԻՆԵԱՆ.- Առաջին հերթին ինծի համար յուզիչ էր, որովհետեւ 3-4 ամիսէ ի վեր բեմ չեմ բարձրացած, իսկ ատիկա պարուհիի համար երկար ժամանակ է: Երբ բեմ ելլեմ կը ձուլուիմ կերպարիս  ու երաժշտութեան մէջ: Արուեստի մէջ, ո՛ւր ալ ըլլաս, հանդիսատեսին հետ կապը նոյնն է, սահման չունի:

IMG-20150514-WA0024Հ.- Ամիսներէ  ի վեր հայրենիքէն հեռու էք թէեւ, բայցեւայնպէս ձեր երկրպագուները կը շարունակեն իրենց կապը ձեզի հետ, իսկ միւս կողմէ` Լիբանանի մէջ նորահաս պարողներ կը հմայուին ձեր արուեստով ու վարպետութեամբ եւ կը ձգտին նմանիլ ձեզի: Ժաքլին Սարխոշեանը ինչպէ՞ս կը բացատրէ մագնիսական այս մթնոլորտի ստեղծումը:

Ժ.Ս.Մ.- Ընկերներս միշտ կ՛ըսեն, թէ հոն, ուր ըլլաս,  կը քաշես եւ խանդավառութիւն կը ստեղծես: Ես անկեղծ կը վերաբերիմ, եւ այդ մէկը կը զգայ թէ՛ մեծը, թէ՛ փոքրը: Կեղծաւորութիւնը ակնյայտ կը բացուի:

Այս բարձունքին հասնիլը կ՛ըլլայ միմիայն աշխատասիրութեամբ:

IMG-20150514-WA0025-fՀ.- Ե՞րբ իբրեւ արուեստագիտուհի գոհունակ կը զգաք դուք ձեզմէ:

Ժ.Ս.Մ.- Երբեք գոհ չեմ ես ինձմէ: Երբ հասնիս գոհանալու, բարձրանալու տեղ չես ունենար, չես աճիր, կը սպառիս: Պէտք է անընդհատ աշխատիս տկարութիւններուդ վրայ:

Հ.- Ի՞նչ են ձեր մօտակայ ծրագիրները:

Ժ.Ս.Մ.- Ամէնէն մօտը 28 մայիսին կրկին  պիտի մեկնիմ Պիելոռուսիա եւ չորրորդ անգամն ըլլալով` մաս պիտի կազմեմ  մօտ 1000 երեխաներու համար կազմակերպուած մրցոյթի դատական կազմին  ու պարի «մասթըր քլաս»-ներ պիտի կատարեմ:

Յունիս-յուլիսին Հայաստանի մէջ կրկին բեմ պիտի  հանեմ «Երազ» բեմադրութիւնս:

Զանազան դերերով ելոյթներ պիտի ունենամ իմ հարազատ թատրոնի բեմին վրայ, հայրենի հանդիսատեսներուս համար:

Իրանէն կրկին ստացած ենք հրաւէր, Կարէնը եւ ես պիտի բեմադրենք «Կակաչ» պարախումբին կարգ մը պարերը` օգոստոսին:

Հարցազրոյցի աւարտին Ժաքլին Սարխոշեան հաստատեց, որ արուեստագէտը կանգ չ՛առներ, միշտ կը մտածէ ու կը ստեղծագործէ:

Յաջողութիւն կը մաղթենք արուեստագիտուհիին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆ

Նախորդը

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նշման Իւրայատուկ Նախաձեռնութիւն

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Մայիս Ա./2015 . Պատմութիւնը Ուղեցոյց Ունենալով…

RelatedPosts

Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ.  Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի
Հարցազրոյց

Իրաւաբանական Հարուստ Փորձառութիւն Ունեցող Դոկտ. Ալին Դանիէլեան-Ֆատել Հայաստանի Նոյն Բնագաւառին Մէջ Եւս Կը Ներգրաւուի

March 4, 2026
«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով
Հարցազրոյց

«Սեւան» Սննդական Ընկերութեան Հիմնադիր Եւ Խորհուրդի Նախագահ Հրաչ Մարութեան Պարգեւատրուեցաւ Շուէտի Թագաւորական Բարձր Շքանշանով

February 20, 2026
Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ
Հարցազրոյց

Կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան Նոր Մրցանակի Կը Տիրանայ

February 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.