Յիսնամեակը Ու ՄԱԿ-ը
ՄԱԿ-ի Պատուիրակները
Հասկցած Են, Թէ «Հայերը Պահանջ Մը Ունին»
Նիւ Եորքի տողանցքը, Ռիվըրսայտի կրօնական հաւաքոյթն ու Լինքըն Հոլի համերգը խոր տպաւորութիւն ձգած են ՄԱԿ-ի շրջանակներու մօտ: Շեշտուած է պատուիրակներու միտքերուն մէջ, թէ` «Հայերը պահանջ մը ունին»:
Կարեւոր պատուիրակ մը անցեալները զիս անկիւն մը կանչեց ու ըսաւ. «Ուրեմն լուրջ էք»:
Այս պատուիրակը եկեղեցի եկած չէր, բայց իր մէկ ներկայացուցիչը ղրկած էր, ու ինք ինքնաշարժով հետեւած` հայոց տողանցքին:
Մարոքի դեսպանը` Տէյ Ուլա Սիտի Պապա, դիտած է ամբողջ տողանցքը ու` շատ յուզուած: Յորդանանի պատուիրակը նոյն տպաւորութիւնը ունեցած էր:
Մեր կարծիքով, միշտ տեղեակ պահելու է ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնները` ղրկելով իրենց ատեն ատեն Հայ դատի մասին լաւ պատրաստուած պրոշիւրներ: Կարեւոր հարց մըն է ասիկա:
Կարգ մը պատուիրակներ յաճախ ցեղասպանութիւն բառը կը գործածեն` առանց նոյնիսկ ըմբռնելու անոր ճիշդ իմաստը:
Յիսնամեակի յանձնախումբին համար մեր պատրաստած շարժանկարը` «Թըրքիշ ճենոսայտ ավ տի արմինիընս», շատ գնահատուեցաւ ՄԱԿ-ի պատուիրակներուն կողմէ: Մենք այս ժապաւէնը ցոյց տուինք զանազան պատուիրակութեանց` իրենց պատուիրակութեան անդամներու ընկերակցութեամբ: Դժբախտաբար ժամանակ չունեցանք աւելի լայն շրջանակներու մէջ ցոյց տալու:
Շատ լաւ տպաւորուեցան փրոֆ. Սեդրակ Մինասի խօսքերէն որոնք ամփոփ կը ներկայացնէին հայոց պահանջը:
Թունուզի պատուիրակը այս շարժանկարը տեսնելէ ետք ըսաւ. «Հայերդ յանցաւոր էք. ինչո՞ւ մենք անտեղեակ ենք այս բոլորէն: Ցոյց տրուած նկարներն ու շարժանկարները հարազատ են անշուշտ, սակայն անկեղծօրէն կ՛ըսեմ, որ երբ Կիպրոսի արտաքին գործերու նախարար Կիպրիանու խօսեցաւ հայերու ջարդերու մասին, աղօտ պատկեր մը ներկայացաւ ինծի, չհասկցայ. հիմա, այս շարժանկարը տեսնելէ ետք պատկերը աւելի յստակ է»:
Այո՛, պարոնայք ու տիկիններ: Իրողութիւնը խիստ ցաւալի է: ՄԱԿ-ի պատուիրակութիւնները լուր չունին:
ՄԱԿ-ը ունի 114 անդամ: Յիսնամեակի յանձնախումբը անոնց կրնայ ղրկել հետեւեալները.
ա.- Երկուքական օրինակ իր պատրաստած բոլոր պրոշիւրներէն:
բ.- Երկուքական օրինակ պատրաստած ձայնասփիւռային յայտագրէն, իւրաքանչիւրը` իր տուփին մէջ (խնդրելով, որ մէկը ղրկուի իրենց արտաքին գործերու նախարարութեան):
գ.- Ղրկել յիսնամեակի ժապաւէնէն օրինակ մը ՄԱԿ-ի անդամ իւրաքանչիւր երկրի:
Այս ամէնը հազիւ ութ հազար տոլար ծախս կը պահանջէ:
ԼԵՒՈՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Արաբական Աշխարհը
Կը Մասնակցի Հայոց Սուգին
«Ամերիկեան Եւ Արաբական Յարաբերութեանց
Կոմիտէ»-ին Պաշտօնական Յայտարարութիւնը
«Թուրքերու Գործադրած Ջարդերը Այս Դարու
Առաջին Ցեղասպանութիւնն Են»
«Ամերիկեան եւ արաբական յարաբերութեանց գործադիր կոմիտէ»-էն (441 Լեքսինկթըն էվ. Նիւ եորք, Ն. Ե.) ստացանք պաշտօնական յայտարարութիւն մը, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսուի.
– «Հայ ժողովուրդին վրայ թուրքերու կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարեդարձին առթիւ Ամերիկայի եւ համայն արաբական աշխարհի արաբները կը միանան իրենց հայ եղբայրներուն` սգալով կորուստը մէկուկէս միլիոն ջարդուած հայերուն եւ յիշելով այս ողբերգութեան տարեդարձը», Տր. Մ. Թ. Մեհտի, ամերիկեան-արաբական յարաբերութեանց գործադիրի ընդհ. քարտուղարը այս յայտարարութիւնը ըրաւ` շեշտելով, թէ թուրքերու գործադրած հայկ. ջարդերը այս դարուն կատարուած առաջին ցեղասպանութիւնը կը կազմեն: «Այսուհանդերձ,- շեշտեց տր. Մեհտի,- խոր ցաւով կ՛ըսենք, թէ ո՛չ Թուրքիա քաւած է իր մեղքը, ո՛չ ալ արեւմտեան աշխարհը ճանչցած է իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ:
Ամերիկայի արաբ ժողովուրդը կ՛ողջունէ իր հայ եղբայրները եւ կը գնահատէ անոնց տպաւորիչ տողանցքը Նիւ Եորքի մէջ:
Տր. Մեհտի յայտարարեց, թէ գոհ մնացած է` կարդալով «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի խմբագրականը. այսուհանդերձ, «թերթին տուած խորհուրդը հայերուն, թէ պէտք է մոռնան անցեալը եւ հաշտուին Թուրքիոյ հետ, առողջ տեսակէտ մը չէ: Թուրքիա ցարդ ընդունած չէ իր մեղքը եւ ոչ մէկ քայլ առած է անցեալը դարմանելու նպատակով: Գերմանիա հարիւրաւոր միլիոն տոլարներ վճարեց հրեաներուն, իսկ թուրքերու գործած ցեղասպանութիւնը հայոց վրայ` նուազ չարիք մը չէր», եզրակացուց տր. Մեհտի:
Լոնտոնի Տագնապը
Հայ Գաղութը Ձեռնարկած Է
Նոր Եկեղեցւոյ Մը Շինութեան
Լոնտոնի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շուրջ ստեղծուած տագնապին առթիւ արեւմտեան Եւրոպայի կաթ. պատուիրակ Սերովբէ արք. Մանուկեան Լոնտոն մեկնած էր: Սրբազանը աշխատած է եկեղեցւոյ խնամակալութեան տուած որոշումը բեկանել տալ, սակայն չէ յաջողած: Ինչպէս կը յիշեն ընթերցողները, Նուպար Կիւլպէնկեանի նախագահութեան տակ գտնուող Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խնամակալութիւնը որոշած էր Պսակ արք. Թումայեանը պաշտօնանկ ընել եւ եկեղեցւոյ դռները փակել անոր առջեւ:
Սերովբէ արք. Մանուկեան Փարիզ վերադառնալէ ետք հետեւեալ տեղեկութիւնները տուած է տագնապին շուրջ.-
Սերովբէ արքեպիսկոպոսի գլխաւոր ճիգն եղած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ խնամակալութեան որոշումը բեկանել տալ, բայց իր ջանքերը ապարդիւն անցած են այդ ուղղութեամբ: Կաթ. պատուիրակը հաստատեց, թէ գաղութը ձեռնարկած է նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան եւ որոշած` իբրեւ առաջնորդ պահել Պսակ արքեպիսկոպոսը: Ցարդ ոչ մէկ լուր կայ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսէն: Գաղութը ամբողջովին իր առաջնորդին կողքին է, յօժար ամէն զոհողութեան` պաշտպանելու Հայ եկեղեցիին ազգային եւ ժողովրդական նկարագիրը:
Որո՞նք Են Խնամակալութեան
Անդամները
Խոստացած էինք մեր ընթերցողներուն եւ հայ ժողովուրդին ներկայացնել այն տասը «տիարքը», որոնք համախոհ եղած են Նուպար Կիւլպէնկօղլուի հետ` պաշտօնանկ ընելու համար Լոնտոնի առաջնորդը, որ «համարձակած» էր չենթարկուիլ իրենց նախագահին հրահանգին եւ ոգեկոչել ապրիլեան նահատակները:
Ն. Կիւլպէնկօղլուի հետ թըրսթին մաս կը կազմեն` Սարգիս Քիւրքճեան, Ռոպերթ Մայքըլ, Գրիգոր Կիւլպէնկեան, Նորայր Էքսերճեան, Արտաշէս Խաչատուրեան, Վահան Կիւմիւշեան, Չարլի Զոհրապ, Լեւոն Ապաճեան, Գէորգ Քիւրքճեան:
Այս «պարոնները» ժողով մը գումարած էին չորեքշաբթի իրիկուն, որուն ընթացքին Նորայր Էքսերճեան հրաժարած է թրըսթէն` չուզելով մեղսակից ըլլալ եղածներուն: