Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեհաստանի Նոր Դեսպանը Տեսակցեցաւ Վարչապետ Աբրահամեանի Հետ

May 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_norlehՀայաստան կրնայ ըլլալ այն դարպասը, որուն միջոցով լեհական ընկերութիւնները կրնան մուտք գործել Եւրասիական միութեան շուկայ: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Լեհաստանի նոր դեսպան Եժի Նովաքովսքի, երէկ  տեսակցելով Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի հետ:

Դեսպանը կարեւոր նկատեց հայ – լեհական յարաբերութիւններու հետագայ խորացումը, տեղեկացուց, որ լեհական շարք մը ընկերութիւններ շահագրգռուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնելու եւ Հայաստանէն Լեհաստան տարբեր ապրանքներ արտահանելու գործով: Նշուեցաւ, որ այդ նպատակով այժմ կ՛առնուին համապատասխան քայլեր: Նովաքովսքի համոզում յայտնեց, որ այժմ իրականացուող աշխատանքներուն շնորհիւ յառաջիկային Հայաստանի եւ Լեհաստանի միջեւ տնտեսական կապերն ու առեւտրական շրջանառութեան ծաւալները կը բարձրանան նոր մակարդակի:

Դեսպանը նաեւ Հայաստանի վարչապետին փոխանցեց Լեհաստանի կառավարութեան ղեկավար Եւա Քոփաչի ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները:

Աբրահամեան բարձր գնահատեց հայ – լեհական միջպետական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ կարեւոր նկատեց տնտեսական համագործակցութեան հետագայ զարգացման ուղղուած միացեալ քայլերու իրականացումը: Այդ ծիրին մէջ ան կարեւոր նկատեց հայ – լեհական միջկառավարական յանձնախումբին արդիւնաւէտ գործունէութիւնը եւ գոհունակութիւն յայտնեց յանձնախումբին` նախորդ տարուան դեկտեմբերին տեղի ունեցած նիստի արդիւնքներէն: Նշուեցաւ, որ յանձնախումբին յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ աշնան, ընդգծուեցաւ անոր ծիրին մէջ առեւտրական միացեալ խորհրդաժողովի մը կազմակերպման անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպան Նովաքովսքի յայտնեց, որ համապատասխան աշխատանքներ կը տարուին  Եակելոնեան համալսարանին մէջ հայագիտական կեդրոն բանալու համար, ինչ որ կը նպաստէ նաեւ կրթական մարզին մէջ միացեալ նոր ծրագիրներու իրականացման:

Դեսպանը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի կառավարութեան` երկրին մէջ լեհական գաղութին նկատմամբ մեծ ուշադրութեան համար:

Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային խնդիրներու` ընդգծելով ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման անհրաժեշտութիւնը:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Նեցուկ Կը Կանգնի Թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութեան Ընտրապայքարին

Յաջորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգին Մէջ Շրջանային Կառավարման

RelatedPosts

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ  Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման  Մարմիններու Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի 21 Համայնքներու Մէջ Տեղի Ունեցան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութիւններ

October 26, 2026
Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին  Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է  Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով
Գլխաւոր լուրեր

Վիեննայի Միջազգային Փառատօնին Արցախի Մասնակցութիւնը Ջնջուած Է Դեսպանատուներու Միջամտութեան Պատճառով

October 26, 2026
Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին
Հայկական

Հայաստան Յաղթեց «Մանկական Եւրատեսիլ»-ին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.