Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մէջ այսօր կը շարունակուի երէկ սկսած ԱՊՀ-ի պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի քարտուղարութեան եւ ԱՊՀ-ի մասնակից պետութիւններու զինեալ ուժերու ռազմատեղագրական ծառայութիւններու պետերու համակարգող խորհուրդի հերթական նիստը: Այս մասին տեղեկացուց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Իսկ Հայաստանի զինեալ ուժերու ճարտարագիտական ուժերու ղեկավարը, 19-էն 21 մայիսին Քսթովի միջզօրատեսակային շրջանային ուսումնական կեդրոնին մէջ, Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիր կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու ճարտարագիտական ուժերու պետերուն, ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան եւ միացեալ հրամանատարութեան ներկայացուցիչներուն հետ կը մասնակցի ուժերու ճարտարագիտական ապահովման մարզի աշխատանքային հանդիպումին:


