Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սահակեան. «Կ՛անհանգստացնէ Պաքուի Այլատեացութիւնը»

Մայիս 20, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-19-15_sahagԵւրոպական խորհուրդը կը բախի ծայրայեղականութեան եւ այլատեացութեան նորանոր դրսեւորումներու: Այս մասին երէկ յայտարարեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ  Գալուստ Սահակեան,  Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի  իրաւական հարցերու եւ մարդկային  իրաւունքներու յանձնախումբի նիստին, որ տեղի կ՛ունենայ Երեւանի մէջ:

«Հայաստան Եւրոպական Միութեան քաղաքականութեան անբաժանելի մասը կը  կազմէ ինչպէս իր անցեալով, այնպէս ալ` իր ներկայով: Մեր միացեալ ջանքերուն արդիւնքը տեսանելի է եւ  զգալի յառաջընթաց արձանագրուած է Հայաստանի ընկերային բարգաւաճման, պետական կառոյցներու ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի եւ դատական համակարգի բարելաւման մարզին մէջ: Հայաստան ազատ խօսքի եւ ազատ մամուլի երկիր է, ուր մարդիկ կրնան ազատ արտայայտուիլ», ըսաւ Ազգային ժողովի  նախագահը:

Ըստ անոր, Հայաստան ունի կայացած քաղաքացիական հասարակութիւն, որ կրնայ բարձրացնել իր ձայնը որեւէ հարցի շուրջ:

«Կարեւոր կը նկատեմ անդրադառնալ Եւրոպական խորհուրդին առջեւ ծառացած այնպիսի խնդիրի, որ  անհանդուրժողականութիւնն է: Ատիկա կը ծնի  խտրականութիւն, բռնութիւն, որ, ի վերջոյ, կը վերածուի տագնապներու: Հայ ժողովուրդը իր վրայ զգացած է, թէ ի՛նչ կրնայ բերել այլատեացութիւնը, ճիշդ ատոր հետեւանքով հայ ժողովուրդը իր վրայ զգաց 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Իբրեւ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութենէն վերապրած ազգ, հայերը մտադիր են պայքարելու նման դրսեւորումներու դէմ: Մեզ կը մտահոգէ, որ կարգ մը երկիրներու մէջ այլատեացութեան քաղաքականութիւնը կը տարուի պետական մակարդակով: Խօսքը դրացի Ազրպէյճանի մասին է», ըսաւ Սահակեան: Ըստ անոր, Եւրոպական խորհուրդը անխօս յառաջատարն է մարդկային իրաւունքներու համար պայքարին: «Ան պէտք է յառաջատար դեր խաղայ անհանդուրժողականութեան դէմ պայքարին մէջ», նշեց Սահակեան եւ աւելցուց, որ Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի ընդհանուր նպատակը պէտք է ըլլայ տարբեր ժողովուրդներու միջեւ միասնականութիւն հաստատելը:

Ազգային ժողովի նախագահը` անդրադառնալով  Ազրպէյճանի որդեգրած քաղաքականութեան, նշեց, որ ատիկա լուրջ մտահոգութիւն կը յառաջացնէ, որովհետեւ այդ քաղաքականութիւնը կը սերմանէ բացասական վերաբերմունք Հայաստանի նկատմամբ:

«Բոլորիս պարտքն է մեր ուժերը համախմբել յանուն ապագայի: Ամբողջ աշխարհը պէտք է համապատասխան քայլերու ձեռնարկէ` անհանդուրժողականութեան մթնոլորտը վերացնելու համար», ըսաւ Սահակեան:

 

Նախորդը

ՀՅԴ-ն Կողմ Է Տեղական Ինքնակառավարման Համակարգին Մէջ Շրջանային Կառավարման

Յաջորդը

Հայաստան Կը Մասնակցի ԱՊՀ-ի Եւ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Հանդիպումներուն

RelatedPosts

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի  Քաղաքական Բանտարկեալներուն  Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն
Գլխաւոր լուրեր

Բողոքի Ցոյց` Ի Պաշտպանութիւն Հայաստանի Քաղաքական Բանտարկեալներուն Եւ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Գերիներուն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Ուաշինկթըն. «Հըզպալլայի Հետ Ուղղակի Հաղորդակցութիւն Չունինք, Սակայն Շրջանին Մէջ Ունինք Գործընկերներ, Որոնք Կուսակցութեան Հետ Կը Խօսին»
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներ Մինչեւ Տարեվերջ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Հետ Առաջին Աշխատանքային Խումբերը Պիտի Ստեղծեն

Հոկտեմբեր 30, 2025
Շարունակենք Լռել
Հայկական

Թրամփ Դարձեալ Խօսած Է Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումի Մասին

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?