Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արտակ Զաքարեան երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ հասաւ Գերմանիա:
Այցելութեան ծիրին մէջ նախատեսուած են Զաքարեանի հանդիպումները Գերմանիոյ արտաքին գործերու պետական քարտուղար Մարքուս Էտերերի, խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Նորպերթ Ռէօթկենի, խորհրդարանի Մարդկային իրաւունքներու եւ մարդասիրական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Միխայել Պրանտի հետ:
Կը նախատեսուին նաեւ հանդիպումներ խորհրդարանի Եւրոպական հարցերով յանձնախումբի անդամ, Հայաստանի գծով զեկուցող Մարթին Փեթցոլտի, խորհրդարանի մշակութային եւ հասարակութեան հետ կապերու յանձնախումբի նախագահ Էհրմաննի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի իշխող Քրիստոնեայ ժողովրդավարական միութիւն – Քրիստոնեայ ընկերային միութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Ֆրանց Եոզեֆ Եունկի հետ:
20 մայիսին նախատեսուած է նաեւ Արտակ Զաքարեանի ելոյթը «Քոնրատ Ատենաուեր» հիմնադրամին մէջ: