Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԱ ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին հրաւէրով ներկայիս Լիբանան կը գտնուի նախկին լիբանանահայ, այժմ քանատահայ, հանրածանօթ գեղանկարիչ Գրիգոր Ակոբեանը բացումը կատարելու իր ստեղծագործական նորագոյն «գլուխ գործոց»-ին` «Այբուբեն»-ի ցուցահանդէսին: 1963-ին ընտանեօք Քանատա գաղթած Ակոբեան իր ստեղծագործական ձիրքը կատարելագործած է շարունակելով իր ուսումը եւ շուտով իր դասատուներուն ուշադրութիւնը գրաւած իր ստեղծագործական հմտութեամբ, եւ համալսարանական առաջին տարիէն իսկ ներմղուած է անհատական ցուցահանդէս կազմակերպելու: Մասնակցած է աւելի քան 255 հաւաքական ցուցահանդէսներու եւ կազմակերպած աւելի քան 55 անհատական ցուցահանդէսներ աշխարհի զանազան քաղաքներու մէջ` Պէյրութէն մինչեւ Մոնրէալ, Քեպեք, Լոս Անճելըս, Ճափոն եւ այլն: Ան յաճախակիօրէն այցելած է Լիբանան, ուր դասաւանդած է լիբանանեան արուեստի զանազան հիմնարկներու եւ համալսարաններու մէջ:
Գրիգոր Ակոբեանի երկարամեայ, անխոնջ ստեղծագործութիւնը խոր տպաւորութիւն թողած է իր աշակերտներուն եւ իր արուեստը գնահատողներուն վրայ: Բաժակին լեցուն մասը դիտող, գեղեցիկին սիրահար այս տաղանդաւոր արուեստագէտը ստեղծագործական գերիրապաշտ ու վերացական իր ոճով, ունի իւրայատուկ դրոշմ, զոր առաջին իսկ հայեացքով կարելի է նկատել անոր գործերուն մէջ, վարակիչ հաճոյքով, իբրեւ «ակոբեանական ոճ» եւ ինչո՞ւ չէ` «Ակոբեանական դպրոց»:
Աւելի քան կէս դար երկարող իր ստեղծագործական աւանդին արգասիքը եղող «Այբուբեն»-ը արուեստագէտ Ակոբեանի այն մատաղն է, զոր ան կը մատուցէ հայկական պահանջատիրութեան բագինին: Անոր 38 գիրերը` շպարուած իրենց երանգախառն ծալքերուն միջեւ, կը ներբեռնեն հայոց պատմութեան զանազան փուլերը, իրենց վառ ու դառն յուշերով: Ակոբեան հայութեան ինքնուրոյն դիմագիծի գոյատեւման գրաւը կը նկատէ լեզուի, ակունքի արմատներու պահպանումը: Ըստ անոր, մեր ինքնութեան կառչելու եւ ազգային գոյատեւման գրաւականը մեր արմատներն են, մեր լեզուն: Նուռի, ծառի եւ այլ խորհրդանիշներու ընդմէջէն դէպի արմատներ, դէպի ակունք խորասուզուող իր պատգամը, նուաճելով միջազգային հարթակներ անոր ստեղծագործական արուեստին կու տան համահայկական, այլեւ` համամարդկային բնոյթ, որուն նախընթացներէն են օրինակ` ափրիկեան ծագումով 35 գիրքերու հեղինակ` Ալեքս Հէլին, որ միջազգային վարկ ստացաւ իր «Տը Ռութս» (Արմատներ) գիրքով: Նմանապէս` ծագումով հայ, ֆրանսացի երկարամեայ բեմադրիչ Հանրի Վերնոյ (Աշոտ Մալաքեան) համաշխարհային հռչակի հասաւ իր «Մայրիկ» ժապաւէնով ու շարքը կարելի է երկարել մինչեւ լիբանանցի Ժըպրանն ու Ամին Մաալուֆը, որ լիբանանեան իր պատկանելիութեան արմատներուն ակնարկող «Սախրաթ Թանիոս» գիրքով դարձաւ հանրածանօթ եւ այլն:
Գրիգոր Ակոբեան իր «Այբուբեն»-ով կու գայ միանալու Այվազովսքիի, Արշիլ Կորքիի, Փոլ Կիրակոսեանի եւ նմաններու փաղանգին, որոնք հայը հայուն ու ոչ-հայուն` մարդկութեան ծանօթացուցին, իրենց արուեստի «անցագրով» մուտք գործեցին մտաւորական, մշակութային ընտրանիի ներաշխարհը: Գրիգոր Ակոբեանի գործերը դիտելու մակերեսային հաճոյքի ըմբոշխնումէն անդին արուեստասէրը կը մղեն խորհրդածելու, խորասուզուելու ենթագիտակիցին մէջ: Անոր գործերը կը գտնենք ամէնուրեք` Անթիլիասի մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանէն մինեւ «Ռըշելիօ արթ կալըրի» եւ այլն:
Ակոբեանի Լիբանան այցելութեան առթիւ «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ վերոնշեալ եւ առնչակից հարցերու մասին: Ստորեւ` հարցազրոյցին հիմնական մասերը:
«ԱԶԴԱԿ».- Լիբանան եկած էք ցուցադրելու համար արուեստի ձեր նորագոյն գործերը` «Այբուբեն» խորագիրով: Ինչո՞ւ այս խորագիրը, որքա՞ն ժամանակ առաւ այս գործը:
ԳՐԻԳՈՐ ԱԿՈԲԵԱՆ.- 15 տարի առաջ այս գաղափարը ունէի մտքիս մէջ եւ կ՛ուզէի անպայման բան մը ընել 2015-ին, հարիւրամեակին առթիւ բան մը տալ ինձմէ: Քանի մը առիթներով սկսայ, բայց կիսատ մնաց, մէկ կողմ ձգեցի ու միայն 2013-էն ի վեր է, որ կեդրոնացայ ու լծուեցայ այս աշխատանքին: Արդէն իսկ այս մասին որմազդին մէջ նշուած է, կան մեր այբուբենի 38 գիրերը եւ քաջ Վարդանի ու Սասունցի Դաւիթի իմ ստեղծագործութիւններս: Բոլորն ալ աքրիլիք, պաստառի վրայ: Նաեւ նշած եմ յաւելեալ բացատրութիւններ ու մանրամասնութիւններ, օրինակ` թէ երբ կամ ինչո՛ւ այբուբենի «Օ» եւ «Ֆ» գիրերը ետքը աւելցան, Մաշտոց ե՛րբ հնարած է այբուբենը, մեր այբուբենին նաեւ թուային արժէքները եւ այլն: Պատգամս` ինչպէս գրեթէ բոլոր գործերուս մէջ` դէպի արմատ վերադարձի ճիգս է: Ա՛յդ է որ, պատկերացուցած եմ նախորդ գործերուս մէջ` սոսնձենիի (սնուպարի ծառ) արմատը գծելով, կամ նուռը պատկերելով: Ասոնք իրենց փոխանցելիք գաղափարը, պատգամը ունին, առանց արմատի ծառ չ՛ըլլար, հովը կու գայ կը տանի…: Նոյնպէս եւ լեզուն, ամէն մարդ կը խօսի, խօսիլը չի բաւեր, պէտք է իւրայատուկ լեզու ունենալ, որուն հիմը այբուբենն է: Այբուբենը չի մեռնիր, կը մնայ, կը գոյատեւէ: Մենք նախապէս հայերէն կը խօսէինք, բայց օտար` յունարէն գիրերով: Մեսրոպ Մաշտոց իր այբուբենի գիւտով եկաւ պահելու մեր լեզուն, մեր արմատը:
«Ա.».- Ի՞նչն է, որ ձեզ մղեց արուեստի մարզը ընտրելու: Եթէ հոս մնայիք պիտի կարենայի՞ք ձեր այսօրուան վարկին ու համբաւին հասնիլ:
Գ. Ա.- Ինչո՞ւ չէ, եթէ դուրս գացիր ձիավարութիւն սորվեցար, եթէ քու ձիդ լաւ չէ, պիտի կրնա՞ս շահիլ , իսկ եթէ ձիդ լաւ է, բայց դուն լաւ ձիավար չես, կրնա՞ս շահիլ: Այս երկուքի փոխադարձ ազդեցութեամբ կարելի է շահիլ: Կարեւորը` ներքին մղում ունենալ եւ օգտագործել արտաքին ազդակները: Փոքր տարիքէս, ինչպէս ամէն մանչ, կը սիրէի գծել, մէջս այդ սէրը կար եւ անոր վրայ կեդրոնացայ, թէեւ ուշ սկսայ ստեղծագործել: Դուրսէն նայիլը տարբեր է, ներսը ըլլալը տարբեր է: Այո՛, Քանատան շատ օգնեց ինծի յաջողելու, բայց ես ալ ճիգ չխնայեցի:
«Ա.».- Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք արուեստագէտը, ի՞նչ չափանիշներ կան: Կը խորհի՞ք, որ կարելի է արուեստի ճամբով քաղաքական թէ այլ պատգամ փոխանցել:
Գ. Ա.- Դասաւանդած ատենս աշակերտներուս ըսած եմ ` կան երեք «Տի»-եր եւ երեք «Էֆ»-եր: «Տետիքէյշըն» «Տիվոշըն» ու «Տիսիփլին» (Dedication, devotion, discipline-Նուիրում, ջերմեռանդ պաշտամունք, կարգապահութիւն) եւ` «Ֆան» «Ֆէյմ» եւ «Ֆորչիւն» (Fun, fame, fortune-Հաճոյք, հռչակ ու բախտ, հարստութիւն): Եթէ այս երեքը չունենայ, չեմ կարծեր, թէ արուեստագէտ մը կրնայ յաջողիլ: Արուեստագէտը ու առհասարակ մարդը պէտք է յատուկ սէր ունենայ իր գործին, արուեստին գծով, նուիրում, զոհաբերում ու ջերմեռանդ ոգի, պաշտամունք ունենայ եւ ըլլայ յարատեւ, անխոնջ ու կարգապահ աշխատող: Գծած ատեն պէտք է ստեղծագործելու հաճոյքը ապրիս, վայելես, պէտք է վարկ ու հռչակ ապահովել: Պէտք է այս բոլորը միասին իրագործել: Ոմանք միայն դրամ կուտակելու համար կամ միայն հռչակաւոր ըլլալու համար կ՛աշխատին…
Գալով հարցումի երկրորդ մասին, առանց արուեստի ժողովուրդ չ՛ըլլար:Արուեստը զգացումներու արտայայտութեան միջոց մըն է: 40-50 հազար տարի առաջ մարդիկ քարայրներու մէջ արուեստ ըրած են, քարայրներու պատերուն վրայ «չարքոլով» փայտածուխով արուեստ գծած են` «քէյվ փէյնթինկզ»: Արուեստագէտներ կան տխուր գործեր կը գծեն, ինչո՞ւ, ես յաղթեցի՛ հո՛ս եմ: Ամբողջ աշխարհ ընդունած է մեր պատգամը` մեզի պատահածը, այլեւս պատգամի հարց չէ, թուրքը, որ 90-100 տարիներէ ի վեր կը մերժէ ընդունիլ իր ըրածը, արդեօք յանկարծ յաջորդ օրը թուրքերը պիտի գան «ըրի՞նք» պիտի ըսեն:
«Ա.».- Ձեր մտքին մէջ կա՞յ գաղափար մը կամ խորհրդանիշ մը, զոր կ՛ուզէիք ստեղծագործել ու յաւերժացնել արուեստի ճամբով, սակայն ի՜նչ-ինչ պատճառներով կամ դժուարութիւններով չկրցաք իրագործել:
Գ. Ա.- Դժուար գործ չկայ, պարզապէս սովորական գործէն քիչ մը աւելի ժամանակ պէտք է տրամադրել: Ես օրական առնուազն ութէն տասը ժամ եւ աւելի կ՛աշխատիմ, երբեմն մինչեւ 15 ժամ: Կարեւորը գործդ ներքին մղումով, հաճոյքով ու սիրելով աշխատիս:
«Ա.».- Որոշ թիւով թուրք մտաւորականներ, արուեստագէտներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը ու կը զօրակցին մեր դատին: Որպէս արուեստագէտ ու այս պարագային` որպէս հա՛յ արուեստագէտ ի՞նչ կը խորհիք, ի՞նչ է ձեր կեցուածքը օրինակ` թուրք արուեստագէտին հանդէպ, զինք թշնամի կը նկատէ՞ք:
Գ. Ա.- Ես նախ մարդկային էակ եմ, յետո՛յ հայ եմ ու յետոյ` քանատացի: Թուրքն ալ մարդ է, չեմ կրնար մեղադրել մէկը, թուրքը, որ տեղեակ չէ մեզի պատահածներէն: Չկա՞ն լաւ թուրքեր, որոնք ջարդերու ատեն հայեր ազատած են: Ես նկատի ունիմ թուրքը որպէս անձ, մա՛րդ արարած: Արուեստը ազգութիւն չունի, տիեզերական է: Ես շատ տեսած, խօսած ու վիճած եմ թուրքերու հետ այս գծով ու կը հաւատամ, որ ժամանակի ընթացքին թուրք ժողովուրդը զարգանալով, երբ «աչքը բացուի» իրականութեան ծանօթանալով ուշ կամ կանուխ պիտի հասկնայ եւ ընդունի, ճանչնայ, «մեղա՜յ» ըսէ, ինչպէս ըրին գերմանացիք: Ես հանդուրժող ու ներող եմ: Եթէ կրնամ անոր` թուրքին, բան մը հասկցնել, թէ իր նախորդները ի՛նչ ըրած են մեզի եւ կարենամ զինք մղել հետաքրքրուելու այս գծով, հասկնալու մեզ` այն ատեն յաջողած կ՛ըլլամ: Մենք Արարատը կը գծենք այդ տարբեր է, բայց եթէ ֆուճիեաման գծեմ ճափոնցի՞ կ՛ըլլամ…
«Ա.».- Յառաջիկայ ձեր անմիջական ծրագիրը կամ յաջորդ քայլերը ի՞նչ են:
Գ. Ա.- Լիբանանի մէջ մօտերս, մայիս 21-ին, լիբանանեան հաւաքական այլ ցուցահանդէսի մը պիտի մասնակցիմ, ուր պիտի ներկայացնեմ իմ գործերէս մաս մը:
Իսկ Քանատա վերադարձիս արդէն իսկ պայմանաւորուած եմ երկու այլ ցուցահանդէսներով, Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ: Հոն ալ հայ եւ քանատացի արուեստագէտներ միացեալ ցուցահանդէս պիտի տան հարիւրամեակին առթիւ, անոր ես ալ պիտի մասնակցիմ` իմ գործերէս երեք կտորներով :
«Ա.».- Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման այս մթնոլորտին մէջ Լիբանան ձեր այցելութեամբ ինչպէ՞ս տպաւորուեցաք, ի՞նչ ունիք ըսելիք այս գծով:
Գ. Ա.- Շա՜տ զարմացած եմ, շատ լա՛ւ կազմակերպուած աշխատանք կը տարուի հոս: Այո՛, ամէն տարի կ՛ըլլար այսպիսի ոգեկոչում, բայց այս տարի իւրայատուկ էր, ամբողջ երկրագունտը մեր հարցով սկսաւ հետաքրքրուիլ, բոլորին ուշադրութիւնը գրաւեցինք: Կը մաղթեմ, որ այս մթնոլորտը նոյն ոգիով շարունակուի յառաջիկային:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած նախաձեռնութեան այս առիթով, Գրիգոր Ակոբեան մեզ կը մղէ վերադառնալու դէպի արմատները, իր ոճով ոգեկոչելու այս առիթը, զոր ոչ մէկ հայ մոռցած է կամ կրնայ մոռնալ:
Արուեստագէտի իւրայատուկ ոճ մը` յայտնելու համար, եթէ ուզենք, կարելի է ժողովուրդ մը սպաննել, բայց կարելի չէ փճացնել անոր արուեստը:
Այնքան ատեն որ այս սուրբ գիրերը կրող ու գործածող հայերը կը շարունակեն գոյատեւել հոս թէ այլուր, անոնց հիմնական առաքելութիւնը պիտի ըլլայ փոխանցել իրենց գրիչի եւ յոյսի պատգամը:
Դիւցազնական ազգային հերոս Սասունցի Դաւիթով ու Ս. Վարդանով ղեկավարուած այբուբենի, քառասուն աքրիլիք ստեղծագործութեանց ընդմէջէն
Ակոբեան մեզի կը ներկայացնէ այբուբենի կլոր թէ ուղիղ գիծերու մէջ սահմանափակուած վերացական ստեղծագործութիւններու գեղանկարը:
Արուեստագէտը բծախնդրութեամբ իր ստեղծագործութիւնը կը սահմանափակէ նուրբ ծալքերով: Անոր համար իւրաքանչիւր ստեղծագործական աշխատանք վկայութիւն մըն է նախորդ փուլերու եւ թեմաներու:
Անիկա նաեւ առիթ մըն է արուեստագէտին համար` գծագրական գիւտերու ստեղծագործման` ոլորապտոյտ, մեղմ ու նրբացուած այդ տարածութեանց մէջ:
Ու այս ժամանակահատուածը կը պատրաստէ այն հոգեկան ենթահողը, ուր ան պիտի ապշեցնէ համայն աշխարհը, ինչպէս ան կը սիրէ ընել:
Ակոբեան իր այս ցուցահանդէսին ընդմէջէն կը թափանցէ անդրադարձի, ներդաշնակութեան ու պատկանելիութեան մտորումի հանգրուանը:
Ու մենք կը ներգրաւուինք աստուածային ներշնչումով Մեսրոպ Մաշտոցի ուղղագրած այս մերթ ծածանող, մերթ կոր ու կլոր, մերթ ծամածուռ, մերթ ուղիղ գիծերով:
ՍՈՆԻԱ ՆԻԿՈԼԵԱՆ