Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի ժողովին կարեւոր նուաճումներէն էր Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը: Այս մասին երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին յայտարարեց ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Արմէն Մկրտչեան: Ըստ անոր, բանաձեւը ընդունուած է միաձայնութեամբ` ծափողջոյններով: «Թէեւ այս բանաձեւը իրաւական ուժ չունի, սակայն կարելիութիւն կու տայ ընկերվարական միութիւններու երիտասարդներուն հաւատարիմ վերաբերմունք ունենալ Հայաստանի եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ: Երիտասարդները հետագային իրենց երկիրներուն մէջ դառնալով քաղաքական գործիչներ` կ՛ունենան յստակ ձեւաւորուած կարծիք Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ», ըսաւ ան:
Նիկոլ Աղբալեան ուսանողական միութեան վարչութեան անդամ Հուրի Պաղտասարեան նշեց, որ ժողովին բոլոր բանաձեւերն ալ ընդունուած են առողջ քննարկումներէ ետք: Անդրադառնալով ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւին` Պաղտասարեան յայտնեց. «Իբրեւ ընկերվարական երիտասարդներու համաշխարհային միութիւն, որ կը նկատուի Ընկերվար միջազգայնականի քոյր միութիւն, մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ այն երիտասարդները, որոնք ներկայացուած են կազմակերպութեան մէջ, մեծ ազդեցութիւն ունին իրենց երկիրներուն մէջ, բանաձեւի ընդունումը մեծ նշանակութիւն ունէր յատկապէս քաղաքական կեցուածք ձեւաւորելու գործին մէջ», ըսաւ ան: ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան անդամ Հայկ Իգիթեան շեշտեց, որ թէեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ներկայացուցիչները կը հանդիսանան Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան համաշխարհային խորհուրդի անդամ, սակայն մերժած էին մասնակցութեան հրաւէրը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ պատահիլ, որ Հայաստանի մէջ ժողովի կայացումն ու Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն դժգոհութիւնը յառաջացնէ եւ անոնք դադրեցնեն անդամակցութիւնը կազմակերպութեան, Իգիթեան յայտնեց, որ ոչ` նշելով, որ Թուրքիա իր չմասնակցիլը պատճառաբանած էր իրենց երկրին մէջ սպասուող ընտրութիւններով` խուսափելով հարցին քաղաքական երանգ տալէ: Անդրադառնալով միութեան անդամներու Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ ցեղասպանութեան թանգարան այցելութեան` Իգիթեան շեշտեց, որ աշխարհի տարբեր երկիրներէ եկած պատուիրակները պարզապէս յուզուած էին եւ յուզախառն արձանագրութիւններ կատարած են թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
Յիշեցնենք, որ ժողովին կը մասնակցէին աշխարհի շուրջ 60 երկիրներու 160 երիտասարդ ընկերվարականներ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի եւ սփիւռքի երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու ներկայացուցիչներ: