Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թորոնթոն Ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Մայիս 13, 2015
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_TorontoԹորոնթոյի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ իր ջանքերուն շնորհիւ, 6 մայիս 2015-ին, Թորոնթոյի Քաղաքապետական խորհուրդը վաւերացուց MM6.7 բանաձեւը, այսպէս արձանագրելով յաղթանակ մը եւս: Բանաձեւը կ՛ըսէ.

«2015-ը Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակն է: Հայոց ցեղասպանութիւնը` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, տեղի ունեցաւ 1915-1917 թուականներուն: 24 ապրիլ 1915-ին, օսմանեան կառավարութիւնը Պոլսոյ մէջ ձերբակալեց աւելի քան 200 հայ մտաւորականներ ու ղեկավարներ: Անոնք ուղարկուեցան Անատոլուի բանտերը, ուր սպաննուեցան: Ապա, հազարներ հազարներու ետեւէն բռնաշխատութեան ենթարկուեցան, ջարդուեցան կամ տեղահանուեցան: Հայոց ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան ծրագրած իր իսկ բնակիչներու բնաջնջումն էր:

Այս վայրագութիւնը տեղի ունեցաւ Համաշխարհային Ա. պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք, որուն պատճառով 1.5 միլիոն հայեր սպաննուեցան: 2004 թուականին, ճանչնալով պատմութեան ողբերգական այս հատուածը, քաղաքապետ Տէյվիտ Միլլըր 25 ապրիլ 2004-ը Թորոնթոյի մէջ հռչակեց Հայոց ցեղասպանութեան օր:

Յանձնարարական. խորհրդատու Ճիմ Քարիճիանիս, որուն երկրորդեց խորհրդատու Կլեն Տը Պարմաքըր, կը յանձնարարէ. «Քաղաքապետական խորհուրդը կը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը` մեծարելու համար սպաննուած այրերու, կիներու եւ մանուկներու յիշատակը»:

Բանաձեւը առաջադրուեցաւ խորհրդատու Ճիմ Քարիճիանիսի կողմէ եւ թորոնթոհայ գաղութի երկարամեայ բարեկամներու` քաղաքապետ Ճոն Թորիի, խորհրդատուներ` Շելի Քարոլի, Նորմ Քելիի, Ճաշ Մաթլոյի, Ռէյմընտ Չոյի եւ Ճօ Միհեւչի զօրակցութեան արդիւնքով, 2/3-րդ մեծամասնութեամբ վաւերացուեցաւ, առանց քուէարկութեան դրուելու քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմինի ժողովին:

Խորհրդատու Քարիճիանիս Հայ դատի յանձնախումբին յայտնեց, որ ինք «կը հաւատայ, որ կարեւոր է յիշել պատմութեան մեզի տուած դասերը եւ պաշտպանել քանատացիներու պաշտած արժէքները` խաղաղութիւն, ազատութիւն, ժողովրդավարութիւն եւ յարգանք: Այսպիսով, մեր պարտաւորութիւններուն ու պարտականութիւններուն նկատմամբ կը զարգացնենք խոր հասկացողութիւն եւ կը վստահեցնենք, որ կ՛ապրինք խաղաղութեամբ եւ համերաշխութեամբ` մարդկութեան համար աւելի արդար եւ հանդուրժող ապագայ մը կերտելու աշխատանքին ընթացքին»:

 

 

Նախորդը

Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Ժողովին Ցեղասպանութեան Հատուցման Վերաբերեալ Բանաձեւ Ընդունուեցաւ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին Մօտ Կաթողիկոսարանին Բացած Դատին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?