Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Նամակը. Խաչիկ Գաւանոսեանի Նամակը Իր Կողակիցին 1915-ին

Մայիս 12, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-12-15_onori-fՍոյն նամակը մեզի փոխանցեց տիկ. Սօսի Չընկրեանը, որ տարիներ առաջ զայն գտած է իր հօրաքրոջ աղջկան` Մարի Գաւանոսեանի ընտանեկան արխիւներուն մէջ: Նամակագիրն է  օրտուցի Խաչիկ Գաւանոսեան: Նամակը ուղղուած է իր կողակիցին Օնորի Չընկրեան-Գաւանոսեանին: Նամակը գրուած է տարագրութեան ճամբուն վրայ, հաւանաբար` հաւաքական բանտի մը մէջ: Նամակագիրը` Խաչիկ Գաւանոսեան, ձեւով մը թուղթ եւ մատիտ ճարած եւ գրած է իր վերջին նամակը: Ուշագրաւ է, որ Գաւանոսեան գիտէ իր ճակատագիրը եւ սակայն երբեք չ՛անդրադառնար իր կեանքին սպառնացող վտանգին: Գիտնալով իր մօտալուտ մահը` ան նամակին մէջ իր անսահման սէրը կ՛արտայայտէ իր կեանքի կողակիցին: Նամակը ձեւով մը կը հասնի Խաչիկին կնոջ: Սօսի Չընկըրեանի տեղեկութիւններուն համաձայն, հօրաքոյրը` Օնորի Չընկրեան-Գաւանոսեան պատմած է, թէ 1915-ի յուլիսի 15-ին հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած են, թէ օրտուցի տարագիրներու խումբը, որոնց հետ էր նաեւ Խաչիկ Գաւանոսեան սպաննուած են թուրքերու կողմէ, Մերուտիէի մօտակայ անտառի մը մէջ:

Օնորի Չընկրեան-Գաւանոսեան (1894-1951) իր կողակիցի մահէն ետք, 1916-ի յունուարին լոյս աշխարհ կը բերէ Խաչիկի միակ զաւակը` Մարի Գաւանոսեան:  Օնորի մինչեւ 1929 կ՛ապրի Օրտուի մէջ, որմէ ետք կը հաստատուի Գահիրէ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 57 տարեկանին, 1951-ին:  Օնորի Գաւանոսեան Խաչիկին սպանութենէն ետք երբեք չէ ամուսնացած: Նամակը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով, ճիշդ այնպէս` ինչպէս շարադրուած է 100 տարի առաջ:

5-12-15_NamagԱնմոռանալի Օնորի,

Սեւ սուգ է պատեր շուրջս, գանկիս մէջ գաղափարներու շարքը խանգարուած է, աչքերուս մէջ արցունքի աղբիւրները ցամքած, սիրտս յուզմունքներու եւ ցաւերու ովկեան մը դարձած է, կու լայ հոգիս եւ պիտի լայ մինչեւ վերջին շունչը.

Մայրիկս, իմ անբաղտ մայրիկս մեռաւ, մեռաւ, բայց ինչպէս… ահ մայրասպան մեղաց, Աստուած անէծք թող կարդար իմ գլխուս, ես եղայ պատճառ, խեղճ մայրիկս, որչափ տառապեցար, մեծցուցիր որբդ, պատառ մը հալալ հաց ուտելու եւ հիմա տառապանքով, կարօտը սրտիդ, արցունքը աչքերուդ մէջ ծովամոյն եղար… ահ պիտի խելագարուիմ, ինչ զուլում է պատեր աշխարհ…անհուն է ցաւս, անչափելի է անոր խորութիւնը:

Վշտիս այս անհունութեան մէջ, միայն քեզ ունիմ մխիթարիչ. միայն քու սէրդ էր որ յոյս կու տար, քաջութիւն կու տար ինծի ապրելու…:

Կարծեմ 4 հատ նամակ պիտի ըլլայ քեզ գրածս, բայց դուն մէկ հատին իսկ չի պատասխանեցիր. արդեօք դո՞ւն ալ երես դարձուցիր ինձմէ հոգիս. եթէ դուն ալ ատեցիր զիս ուրեմն ինծի կը մնայ միայն ձեռքերս ծալլած ծոցիս մէջ, թափառական, աստանդական, լալով, ողբալով հետեւիլ խեղճ աքսորականներուն եւ վերջ տալ կեանքին. ատեցիր զիս հոգիս հէ՞, ատեցիր զիս. լաւ աղէկ կ՛ընես, բայց ես կը սիրեմ եւ պիտի սիրեմ քեզ, պիտի պաշտեմ քեզ մինչեւ վերջին շունչս. նայէ աչքերուս մէջ, ով իմ հոգիիս հատորը տես ինչպէս սիրոյ ճառագայթներ կը ցոլան անկէ. ինչո՞ւ կը լռես. ինչո՞ւ աչքերդ խոնարհեցուցեր ես. անգամ մը երեսս ալ չես ուզեր նայիլ…:

Ցաւս մեծ է ճար չկայ
Ճար կայ, ճարակ չկայ
Էս ինչ զուլում աշխարհ է
Սրտակից ընկեր չիկայ:

Կը զառանցեմ, չեմ հաւատար, դուն չես լքեր զիս, դուն կը սիրես զիս եւ պիտի սիրես զիս յաւիտեան. թերեւս ցաւիդ սաստկութենէն գրիչ շարժել չի կարողացար թերեւս  հիւանդ էիր, մխիթարուէ հոգիս, մխիթարուէ, որովհետեւ քեզի համար է որ միայն ապրիլ կը փափաքիմ, քեզմէ զատ աշխարհի վրայ որեւէ յոյս չէ մնացած երգէ ու յիշէ զիս երբեմն.-

Սիրեցի եարս տարան
Եարա տուին ու տարան
Էս ինչ զուլում աշխարհ է
Սիրտս պոկեցին ու տարան
Սարերի վրով գնաց
Իմ եարը խռով գնաց
Ոչ լոր էր նա ոչ կագաւ
Ձեռիցն թռաւ գնաց, գնա՜ց…

Յիշէ զիս, խղճայ իմ վրայ, խղճայ որովհետեւ անբաղտ ծնայ, որբ ապրեցայ եւ թշուառ պիտի մեռնիմ, խղճա՛յ, որովհետեւ հազիւ ոտնակոխած կեանքի բուրաստանին մէջ, հազիւ ձեռքերս կարկառած ծաղիկներ քաղելու եւ վայելելու անոնց բուրումները. մեծ զուլումը եկաւ խորտակել ամբողջ երջանիկ երազներս եւ անապատ դարձուց այդ բուրաստանը: «…» քեզ, ինծի համար երջանկութիւն չկայ. դժբաղտ էի քեզ ալ դժբաղտացուցի. ներէ՛ ինձ, եթէ մեր ամուսնական շրջանին քեզ վիրաւորելու, քեզ վշտացնելու տխուր դիրքի մը մէջ գտնուած եմ, չե՞ս գիտեր որ սէրը անբիծ է եւ երկու սիրող սրտերու մէջ քինախնդրութիւն մուտք չի կրնար գործել:

Թերեւս վերջին նամակս է որ կը գրեմ քեզ, վերջին կ՛ըսեմ որովհետեւ յետ այսու թերեւս առիթը պիտի չունենամ գրիչ շարժելու, կեանքս կամ մահս գրուած հեռագիրներէն պիտի հասկնաք, եթէ ուշացաւ հեռագիրս մինչեւ 15 օր, նոյն ատեն ենթադրեցէք որ մեռած եմ. այն ատեն լաց վրաս, լաց վրաս, որովհետեւ այս օտար վայրերու մէջ, այս ղարիպ թափառականը ով գիտէ որ ձորի, որ սարին մէջ իր հոգին պիտի աւանդէ, այն ատեն սաապէս դարձող եւ վրաս աչք մը նետող մը իսկ պիտի չգտնուի:

Պահէ սրտիդ վրայ այս նամակս իբրեւ յիշատակ, իբրեւ իմ ուրուականս եւ երգէ

Ախ սիրոյ ձի տու ինձ ասա
Որ տեղ թողէր իմ եարը
Որ ձորի մէջ որ քարի տակ
Անտէր թողէր իմ եարը:

Նամակս վերջացուցած հազիւ մրաբել սկսած էի, խորին երազիս մէջ տեսայ որ ձեռքս լապտեր մը բռնած եմ, լապտերը փրթեցաւ կոթէն ինկաւ մարեցաւ, լոյսը յոյս է եւ իմ յոյսս տու ես. արդեօք գլխուդ փորձանք մը պատահեցաւ. եթէ ճշմարտապէս կը սիրես զիս առողջութեանդ հոգ տար, եթէ մեռած ես, ես ալ պէտք է մեռնիմ:

Շատ կ՛ուզեմ գրել, շատ ու շատ սիրտս բանալ ամբողջապէս առջեւդ բայց սա անկարելի կ՛ըլլայ, միթէ կ՛արտայայտուի անհունութիւնս:

Վաղը կը մեկնինք, մնաք բարով:

Մերուտիէ,
14 յուլիս 1915

 

 

Նախորդը

«Թուրքիայում Կը Ստեղծուի «Լեզուի Յանձնաժողով», Որը Կը Բացայայտի Համշէներէնի Իրական Ծագումը». Համշէնահայ Լրագրող*

Յաջորդը

Սեւ Ասպած, Մեք Վո՞վ Իք*

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?