Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շաւարշ Միսաքեանը` Թրքական Պատերազմական Ատեանին Առջեւ

Մայիս 12, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաւարշ Միսաքեանի Պատմութիւնը
1884 Թ. Սեբաստիա

5-12-15_Shavarsh-MisakyanՇաւարշ Միսաքեանն արեւմտահայ, այնուհետեւ` սփիւռքեան մամուլի ականաւոր գործիչներէն մէկն է, որն իր կէսդարեայ գործունէութեան ընթացքին  յատկապէս նշանաւոր է 1925-էն Փարիզի մէջ լոյս տեսնող «Յառաջ» օրաթերթի հիմնադրմամբ: 1915-ի ապրիլի 24-ին` հայ մտաւորականների զանգուածային ձերբակալութիւններու օրը, թուրքական ոստիկանութիւնը չի կարողացաւ գտնել Շ. Միսաքեանը, սակայն հետագային Շաւարշը չկրցաւ խուսափիլ բանտարկութենէն ու բազում այլ զրկանքներէ:

24 ապրիլ 1915-ին` հայ մտաւորականներու ձերբակալութեանց օրը, թրքական ոստիկանութիւնը չի կրնար գտնել Շաւարշ Միսաքեանը:

Շաւարշ Միսաքեան կը յիշէ, թէ ձերբակալութեանց յաջորդ օրը Սիամանթոն (Ատոմ Եարճանեան) իրեն ըսած է. «Վստահելի աղբիւրէ լսեցի, գաղտնի կնքուած նամակներ ղրկած են բոլոր թաղերու ոստիկանական տեսուչներուն` բացառիկ լիազօրութիւններ տալով, ի հարկին վճռապէս գործելու»:

11 (նոր տոմարով` 24, Յ. Ի.) Ապրիլ 1915-ին յաջորդող օրերուն Շաւարշ Միսաքեան կ՛իմանայ, թէ դերձակ Սարգիս Գոնիալեանը, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեանը, Սիամանթոն եւ ուրիշ 15-20 հայ երեւելիներ ալ ձերբակալուած են Պոլսոյ մէջ:

Վարդգէս ձերբակալութեանց դէմ դիմումներ կը կատարէ թուրք պատասխանատուներու մօտ եւ կը ջանայ «Ազատամարտ»-ի սնտուկէն գրաւուած 440 հնչուն ոսկին ետ բերել` թերթի աքսորեալ աշխատակիցներու ընտանիքներուն բաշխելու համար: Սակայն Վարդգէսն ալ կը ձերբակալուի շուտով: Շատեր Շաւարշի խորհուրդ կու տան հեռանալ կամ պահուըտիլ: Շաւարշ Միսաքեանը Կոմիտաս վարդապետին կ՛այցելէ, որ ազատ արձակուած էր ու վերադարձած` աքսորէն: Շաւարշ կ՛այցելէ նաեւ տարագրեալ ընկերներու ընտանիքներուն, կը կարդայ անոնց հասած նամակները, տեղեկութիւններ կը հաւաքէ եւ անոնց սահմանուած օրապահիկները կը վճարէ:

Շաւարշ Միսաքեանն ու ընկերները կը յաջողին հայասէր դոկտ. Եոհաննէս Լեփսիուսը Պոլիս բերել տալ Գերմանիայէն:

1915-ի յունիսին թուրքերը Կ. Պոլսոյ մէջ նոր ձերբակալութեանց կը ձեռնարկեն: Կալանման հրամանագիր կար նաեւ Շաւարշ Միսաքեանի համար: Շաւարշի թաքստոցը գիտէին միայն երկու ընկերներ ու երկու քաջ հայուհիներ:

Պուլկարացի Վլատիմիր Տիմիթրիեւի միջոցով Սոֆիայէն նամակ մը կը հասնի Շաւարշին եւ ընկերներուն: Սակայն նամակներէն մէկը կ՛իյնայ թուրքերուն ձեռքը: Տիմիթրիեւ կը փորձէ պուլկարական անցագիր մը հանել Շաւարշի համար: 17 մարտ 1916-ին Շաւարշ Պուլկարիա պիտի մեկնէր շոգենաւով: 16 մարտ 1916-ի գիշերը Վլատիմիր եւ Շաւարշ կ՛ուղղուին դէպի նաւահանգիստ ու կը մտնեն Ղալաթիոյ սալոնը: Հոս թուրք պաշտօնեայ մը Շաւարշը կը ձերբակալէ: Կը պարզուի, թէ Վլատիմիր Տիմիթրիեւ մատնած էր Շաւարշը: Շաւարշի քով կը գտնուէր պուլկարական անցագիրր` Նիքոլայ Տիմիթրիեւ անունով: Այս անունով ալ ան կը ներկայանայ ոստիկանութեան` Ղալաթիոյ սալոնին մէջ:

Հարցաքննութիւններ կը սկսին Շաւարշ Միսաքեանի հետ: Ոստիկանատան աշխատողներէն մէկը կը ճանչնայ Շաւարշը:

Շաւարշ Միսաքեան կը փոխադրուի քաղաքական բանտարկեալներու բաժինը` Ալի Ռիզայի ընկերակցութեամբ եւ ձեռքերն ու նոյնիսկ մատներն ալ կապուած վիճակով: Միսաքեան միշտ կը ներկայանայ իբրեւ Նիքոլայ Տիմիթրիեւ` ըստ իր պուլկարական կեղծ անցագիրին:

Շաւարշ Միսաքեան կ՛ենթարկուի կրկնակի հարցաքննութեան: Անոր մանրամասն հարցումներ կ՛ուղղեն: Այս անգամ Կ. Պոլսոյ ոստիկանութեան ընդհանուր տեսուչը` Պետրի պէյը կը հարցաքննէ զայն:

Ալի Ռիզա եւ ուրիշներ երբեմն կ՛երեւային հարցաքննութեանց պահուն: Շաւարշ իմացած ըլլալով Կարինի եւ Սեբաստիոյ հայութեան բռնագաղթին եւ կոտորածներուն մասին հարցաքննիչի երեսին կը շպրտէ այս փաստերը: Ոստիկանատան մէջ թուրքերը Շաւարշը սաստիկ կերպով կը ծեծեն: Եաջորդ օրր Շաւարշը կրկին կը հարցաքննեն:

Շաւարշ Միսաքեան կը փորձէ անձնասպանութիւն գործել` ազատելու համար իր կրած տառապանքներէն: Ծանրօրէն կը վիրաւորուի եւ օրերով անզգայ վիճակի մէջ կը մնայ` ուտելու, խմելու եւ խօսելու կարողութիւնը գրեթէ ամբողջովին կորսնցնելով: Զայն զինուորական հիւանդանոց կը տեղափոխեն: Ապաքինումը ամիսներ կը տեւէ:

Թուրքերը Միսաքեանը կը հանեն Պատերազմական ատեանին առջեւ` ուրիշ 12 հոգիի հետ: Ան կը խոստովանի իր ինքնութիւնը եւ անոր վիճակը յարաբերաբար կը բարելաւուի:

Պատերազմական ատեանին մէջ անոր կը ներկայացնեն իր յուշատետրերը եւ բացատրութիւն կը պահանջեն: Շաւարշ կը նկատէ, թէ թուրքերը գրուած տեղեկութիւնները սխալ մեկնաբանած էին, եւ անմիջապէս կը պահանջէ թրքերէն թարգմանութիւնը: Ան ինքնավստահ կերպով կը յայտարարէ, թէ թարգմանութեան մէջ առկայ են շատ սխալներ ու բնագիրին մէջ անգոյ յաւելումներ: Ատեանը կ՛ընդառաջէ Շաւարշի առարկութեան եւ թուրք թարգմանիչ մը կը նշանակէ` ստուգելու համար թարգմանութեան բովանդակութեան համապատասխանութիւնը հայերէն բնագիրին հետ:

Մեհմետ պէյը ազնիւ մարդ մըն էր ու իր գործը խղճմտօրէն կը կատարէր: Անոր աշխատանքը բարերար ազդեցութիւն կ՛ունենայ ոչ միայն Շաւարշ Միսաքեանի կացութեան, այլ նաեւ ձերբակալուած Մեսրոպ եպս. Նարոյեանի եւ Հրանդ վրդ. Յովսէփեանի պարագաներուն վրայ: Մեհմետ պէյ Միսաքեանի կացութիւնը բարելաւելու համար, Պատերազմական ատեանի անդամներուն կը բարեխօսէ անոր հասցէին: Դատավարութիւնը կը տեւէ 1916-ի յունիսէն մինչեւ դեկտեմբեր, ու Շաւարշ հինգ տարուան բանտարկութեան վճիռ կը ստանայ:

1917-ի յունուարին զայն Կեդրոնական բանտը կը տեղափոխեն: Շաւարշ հոն հետզհետէ կը յարմարի կացութեան եւ աշխատելու ու դրամ շահելու իրաւունքներ ձեռք կը բերէ: Բանտի կեանքի բոլոր դժուարութիւնները Շաւարշ կը յաղթահարէ կամքի ուժով:

Ա. Համաշխարհային պատերազմը վերջ կը գտնէ, եւ բանտարկեալներուն մեծ մասը ընդհանուր ներման կ՛արժանանայ:

Շաւարշ Միսաքեան ազատ կ՛արձակուի ու կը վերամիանայ իր կուսակցական ընկերներուն: Ան կ՛օգնէ ուրիշ հայոց արգելափակման վերջ տալուն: Ան իր ընկերներուն հետ կը սկսի հրատարակել «Ազատամարտ»-ը փոխարինած «Ճակատամարտ» թերթը:

Շաւարշ Միսաքեան, «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ Մը», մատենաշար «Ազդակ»-ի թիւ 80, Պէյրութ, 1957, 93 էջ: (Տե՛ս «Վկայարան Հայկական ցեղասպանութեան», գիրք Է., պատրաստեց Յարութիւն Իսկահատեան, Պէյրութ, 2013, էջ 42 – 52):

Նախորդը

Արցախ Այցելած «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Լրագրողը Պաքուի «Սեւ Ցուցակ»-ին Վրայ

Յաջորդը

«Թուրքիայում Կը Ստեղծուի «Լեզուի Յանձնաժողով», Որը Կը Բացայայտի Համշէներէնի Իրական Ծագումը». Համշէնահայ Լրագրող*

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?