Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Սփորթ Միտիասեթ» կը յայտնէ, որ անգլիական Չելսի ֆութպոլի ակումբը Ինթեր Միլանի արժանթինցի յառաջապահին` Մաուրօ Իքարտիի համար առաջարկած է 30 միլիոն եւրօ:
Չելսի, որ նախորդ շաբաթավերջին հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան, մօտէն հետաքրքրուած է Մաուրոյով` նկատի ունենալով, որ Ինթեր ներկայիս չ՛ուզեր իր 22 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը երկարաձգել:
«Քալչիօ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան, Իքարտի 44 մրցումի մասնակցելով նշանակեց 23 կոլ եւ կատարեց կոլի 6 փոխանցում: