
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր Իտալիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին քանի մը օր առաջ Իտալիոյ ախոյեան հանդիսացած Եուվենթուս կը հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտի դէմ Եուվենթուս իր ամէն կարելին պիտի ընէ` փորձելով յաղթանակ արձանագրելէ բացի նաեւ շատ կոլ նշանակել` դարձին Սպանիոյ մէջ դժուարութիւններ չդիմագրաւելու համար:
Նշենք, որ Ռէալ Մատրիտէն պիտի բացակայի ֆրանսացի միջազգային յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա, որ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած քառորդ աւարտականի մրցումին (այս մրցաշարքին գծով) վիրաւորուեցաւ:
Կը կարծուի, որ Թորինոյի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումին Ռէալի հիմնական կազմին հետ դաշտ պիտի ներկայանայ մեքսիքացի յառաջապահ Խաւիէ Հեռնանտեզ:
Մինչ Ռէալ Մատրիտ պիտի փորձէ 11-րդ անգամ ըլլալով տիրանալ տիտղոսին եւ մրցանիշը բարելաւել, անդին Եուվէ պիտի փորձէ եւ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայէ այս տիտղոսը երրորդ անգամ ըլլալով բարձրացնել:
Այստեղ պէտք է նշել, որ իտալական կազմին պաշտպանողականը կը մնայ բաւական ամուր:
Նշենք, որ եւրոպական մրցաշարքերուն ընթացքին Ռէալ Մատրիտ եւ Եուվենթուս անցեալին իրարու դէմ յանդիման եկած են 16 անգամ:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, անիկա տեղի պիտի ունենայ վաղը` չորեքշաբթի, երբ Պարսելոնա հիւրընկալէ Պայէրն Միւնիխը:


