Երէկ կէսօրին Ամմանէն (Յորդանան) Պէյրութ վերադարձաւ Լիբանանի տղոց 16 տարեկանէն վար ազգային խումբը` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:
Լիբանանեան պատուիրակութիւնը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեցին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի ներկայացուցիչ Եասեր Հաժ, նախկին նախարար Մունա Օֆէյշ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ֆետերասիոնի անդամ Ֆատի Թապեթ, Հուփս ակումբի նախագահ Ժասեմ Քանսօ, Ռիատի ակումբի նախագահ Հիշամ Ժարուտի, այլ անձնաւորութիւններ, մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները եւ մարզական լրագրողներ:
Նշենք, որ Յորդանանի մէջ Լիբանան եւ Իրաք, որոնք արձանագրեցին տպաւորիչ արդիւնքներ, յաջողեցան ապահովել Ասիոյ ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իրենց տոմսերը:
Իր կատարած առաջին մրցումին, Լիբանանի ազգային խումբը 83-76 արդիւնքով յաղթեց Իրանին: Սակայն երկրորդ մրցումին զոհ երթալով իրաւարարներուն բաւական մեծ սխալներուն, 74-63 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Իրաքէն:
Սակայն վերջին մրցումին, Լիբանան 101-91 արդիւնքով յաղթելով դաշտին տիրոջ` Յորդանանի, Իրաքի ետին գրաւեց երկրորդ դիրքը:
Լիբանանի 16 տարեկանէն վար ազգային խումբին այս նուաճումը կը նկատուի բաւական մեծ եւ կարեւոր իրագործում մը: