Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 5 մայիսին, տեղի պիտի ունենայ Պիպլոս – Սաժես 4-րդ մրցումը:
Անիկա ճակատագրական պիտի ըլլայ Սաժեսի համար, որովհետեւ այլ պարտութեան մը պարագային, անիկա դուրս պիտի մնայ մրցաշարքէն, որովհետեւ ժիպէյլեան խումբը, այժմ 3-0 արդիւնքով կը գերազանցէ կանաչները:
Եթէ պատահի, որ Պիպլոս արձանագրէ իր չորրորդ յաղթանակը, պիտի ապահովէ աւարտական հանգրուանի իր տոմսը` իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: