Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց բաժակի մրցաշարքին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) մրցեցաւ Շեպիպէ Շիահի դէմ, յաջողեցաւ բաւական լաւ ներկայացում մը կատարել:
Սակայն ՀՄԸՄ-ի մարզիկները մրցումին աւարտին կողովի մը տարբերութեամբ` 52-50 արդիւնքով տեղի տալով իրենց մրցակիցին դիմաց, չկրցան անցնիլ յաջորդ հանգրուան եւ բնականաբար դուրս մնացին մրցաշարքէն:
Նշենք, որ խումբին մարզիչն է Ժաք Նալպանտեան: