Պելճիքայի դաշնակցային խորհրդարանի Ժողովրդավար դաշնակցային ֆրանսախօսներ խմբակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման համար պատիժ նախատեսող օրինագիծի նախագիծ մը ներկայացուցած է:
Պելճիքական «Լա Լիպր» թերթը նշած է, որ ներկայացուածը կ՛առնչուի 1995-ին վաւերացուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրէնքի ընդարձակման, որուն շնորհիւ օրէնքը պիտի տարածուի նաեւ հայերու եւ ռուանտացիներու նկատմամբ իրականացուած, ինչպէս նաեւ դատական կարգով միջազգայնօրէն ճանչցուած այլ ցեղասպանութիւններու վրայ:
Նշենք, որ Պելճիքայի Ծերակոյտը 1998-ին ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ կոչ ուղղած Թուրքիոյ` ընդունելու իր անցեալը:


