Փառք Ու Պատիւ Վեհապանծ Հայ Ժողովուրդին,
Որ Արժանաւորապէս Ոգեկոչեց Իր Նահատակները
Աւելի Քան 85 Հազար Հայեր Երկիւղած Յարգանքով Եւ
Օրուան Վեհութեան Խոր Գիտակցութեամբ Մասնակցեցան Յուշատօնին
Երեք Հոգեւոր Պետերու Նախագահութեամբ Կատարուած Այս Հանդիսութեան Ներկայ Գտնուեցան Հանրապետութեան
Նախագահի Եւ Լիբանանեան Կառավարութեան Ներկայացուցիչը, Բազմաթիւ Նախարարներ,
Երեսփոխաններ Եւ Լիբանանեան Համայնքներու Ու Շարք Մը Կուսակցութեանց Ղեկավարներ
Հայ Ժողովուրդին Անունով Ծաղկեպսակ Մը
Դրուեցաւ Լիբանանի Նահատակաց Յուշարձանին
ԲՈԼՈՐ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԻՐԱԿԱՆԱՑԱՆ: ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 85,000 ՀԱՅԵՐ, ՕՐՈՒԱՆ ՄԵԾ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱԾ ՄԵԾԱՎԱՅԵԼՈՒՉ ԼՐՋՈՒԹԵԱՄԲ, ԵՐԷԿ` ԿԻՐԱԿԻ, 25 ԱՊՐԻԼ 1965, ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՐԶԱՒԱՆԻՆ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ԱՆՄՈՌԱՆԱԼԻ ՅԻՇԱՏԱԿԸ ԻՐԵՆՑ ՄԷԿՈՒԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ԶՈՀԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ՅԻՍՈՒՆ ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՆ ՕՍՄԱՆԵԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԴԻՒԱՅԻՆ ԴԱՒԱԴՐՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԹՈՒՐՔ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԳԱԶԱՆԱՅԻՆ ՄԵՂՍԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ:
Առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ Մարզական աւան տանող բոլոր ճամբաներուն վրայ արտակարգ եռուզեռ կը տիրէր: Պէյրութի եւ շրջաններու բոլոր թաղամասերէն, ինքնաշարժներու անվերջանալի շարանով մը, հաւաքավայր կը փութային բոլորը անխտիր` յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու ապրիլեան զոհերու յիշատակին:
Մինչեւ ժամը տասը հսկայ մարզաւանը ամբողջութեամբ լեցուած էր ուխտաւորներու բանակով մը, որոնք գիտակից կարգապահութեամբ, այրող արեւին տակ, լուռ ու երկիւղած հետեւեցան ոգեկոչումի այս փառահեղ հանդիսութեան:
Երէկուան յուշատօնը, իր բացառիկ յաջողութեամբ, ոչ միայն պատիւ բերաւ հայ ժողովուրդին` անգամ մը եւս հաստատելով, թէ ան կրնայ այսքան բազմամբոխ հաւաքուիլ կատարեալ հանդարտութեամբ, այլ նաեւ պատմական թուական մը արձանագրեց Լիբանանի տարեգրութեանց մէջ` փառաւորելով հայ անունը:
Յուզիչ էր պատկերը, խրախուսիչ` երեւոյթը, տեսնել բոլոր հոսանքներու եւ բոլոր յարանուանութիւններու պատկանող հայեր` հաւաքուած ազգային գերագոյն իտէալի մը շուրջ, սրտայոյզ հաղորդումով մը:
Աւելի քան 1200 երիտասարդներէ բաղկացած եւ բոլոր կազմակերպութիւններն ու միութիւնները ներկայացնող կարգադիր յանձնախումբերը, ժամացոյցի կանոնաւորութեամբ, առանց դոյզն անկարգութեան, հսկեցին անթերի կարգապահութեան` հիացումի արժանանալով օտար հիւրերուն կողմէ:
Ժամը 9:30-ին հետզհետէ սկսան հասնիլ լիբանանեան պետական ու քաղաքական անձնաւորութիւնները եւ օտար հիւրերը, որոնք գրաւեցին իրենց տեղը պատուոյ թրիպիւնին մէջ:
Լիբանանի նախագահ Շարլ Հելու, մասնաւոր կարգադրութեամբ մը, պարտականութիւն յանձնած էր ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհի` ներկայացնելու զինք, ոգեկոչումի այս հանդիսութեան: Սոլհի կողքին, որ կը ներկայացնէր նաեւ կառավարութիւնը, ներկայ եղան երկու այլ նախարարներ` հանրօգուտ շինութեանց նախարար Փիեռ Ժեմայել եւ փոսթ-հեռագրական նախարար Անթուան Սեհնաուի:
Ներկայ եղան լիբանանեան խորհրդարանի անդամ բոլոր հոսանքներու պատկանող երեսփոխաններ, ինչպէս` Ռաշիտ Քարամէ, Ռաշիտ Սոլհ, Ֆուատ Պութրոս, Քամալ Ժոմպլաթ, Ժան Ազիզ, Շարլ Սաատ, Մունիր Ապու Ֆատել, Ասատ Պայուտ, Մարուն Քանաան, Քամել Ասատ, Ֆատլալլա Տանտաշ, Ալի Հիւսէյնի- Ալպեր Մուխայպեր, Մորիս Ժեմայել, զօր. Ժեմիլ Լահուտ, Մաարուֆ Սաատ, Մովսէս Տէր Գալուստեան, Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան, Ժոզեֆ Չատըր եւ Անտրէ Թապուրեան:
Պատուոյ թրիպիւնին մէջ, մեր հոգեւոր պետերու կարգին տեղ գրաւած էր նաեւ Պէյրութի մարոնիներու առաջնորդ Զիատէ արքեպիսկոպոս:
Ներկայացուցիչներ ղրկած էին Լիբանանի համայնքներու բոլոր կրօնապետները, մարոնի, յոյն ուղղափառ, յոյն կաթոլիկ եւ բողոքական:
Պատուիրակութեամբ եկած էին լիբանանեան կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները: Փիեռ Ժեմայել կը գլխաւորէր Փաղանգաւոր կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին երեսփոխան Մորիս Ժեմայել, Ապտօ Սաապ եւ ուրիշներ: Ռեմոն Էտտէ կը գլխաւորէր Ազգային պլոքի կուսակցութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին տոքթ. Սալհապ, Ալպեր Խէյր եւ Անթուան Հաժ:
Զղարթայի երեսփոխան Ռընէ Մուաուատ երկար հեռագրով մը իր համակրանքը յայտնած էր այս յուշատօնին առթիւ: Հեռագիրներ ղրկած էին նաեւ Սելիմ Լահուտ, որ Ամման կը գտնուի, ինչպէս նաեւ տոքթ. Ամին Հաֆեզ եւ Ֆիլիփ Պուլոս:
Ներկայ էին նաեւ լիբանանեան եւ օտար մամուլի ներկայացուցիչներ:
Բարձրախօսներ զետեղուած էին եւ մարզաւանը տպաւորիչ մթնոլորտի մէջ էր եկեղեցական յուզիչ շարականներու ունկնդրութեամբ:
Ժամը ճիշդ 10:00-ին, երբ ամբողջ մարզաւանը դարձած էր մարդկային ծով մը, հանդիսաւորապէս մուտք գործեցին հայ երեք յարանուանութեանց կրօնական պետերը` Խորէն Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան` պատրիարք-կաթողիկէ հայոց եւ վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան` նախագահ Մերձաւոր Արեւելքի հայ աւետարանական միութեան, իրենց հետեւորդներով եւ ընդունուեցան գործադիր Կեդր. յանձնախումբի անդամներուն կողմէ ու յոտնկայս յարգանքով:
Խորէն Ա. կաթողիկոս պահ մը ետք հանդիսաւորապէս բացուած յայտարարեց յուշատօնը եւ հրաւիրեց ժողովուրդը յոտնկայս հետեւելու հոգեհանգստեան պաշտօնին, որ պիտի կատարուէր մէկուկէս միլիոն անմեղ նահատակներու հոգիներուն խաղաղութեան համար:
Հոգեհանգստեան արարողութիւնը սկսաւ վեհափառ հայրապետին «Հայր Մեր»-ով, ապա շարականներու յուզիչ երգեցողութենէն ետք, վեր. Յովհաննէս Ահարոնեան կարդաց Աւետարանը, հոգւոցը ըրաւ Պաթանեան պատրիարք, իսկ «Տէր ողորմեա» արտասանեց վեհափառ հայրապետը:
Առաջին խօսք առնողը եղաւ ՍԴ հնչակեան կուսակցութեան ներկայացուցիչ Յարութիւն Ճէրէճեան, որ բովանդակալից ճառով մը վեր առաւ հայ ժողովուրդի ահաւոր տառապանքը Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին, երբ իթթիհատի վարիչները յղացան դիւային ծրագիրը հայ ժողովուրդի ամբողջական բնաջնջման, պատմութեան մէջ չարձանագրուած ցեղասպանութեամբ: Յ. Ճէրէճեան յատկապէս շեշտեց, որ թուրքը հակառակ բոլոր անմարդկային արարքներուն` չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին, հայ ժողովուրդը կայ ու կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ` իրը նկատելով այն սրբազան ուխտը, որ մեր նահատակները կտակեցին մեզի:
Հնչակեան ներկայացուցիչին այս տպաւորիչ ճառէն ետք, երկրորդ խօսք առնողը եղաւ ՀՅ դաշնակցութեան ներկայացուցիչ տոքթ. Եղիկ Գոնեալեան, որ բանաստեղծական շունչով հոյակապ ճառ մը խօսեցաւ` պանծացնելով հայ ժողովուրդի հրաշափառ յարութիւնը ապրիլեան գողգոթայէն ետք, անոր ծաղկումն ու ծաղկազարդումը, հակառակ մահասփիւռ խորշակներուն, անոր անտեղիտալի կամքը` կեանքի ու ստեղծագործութեան, եւ անոր հաւատքը` հանդէպ իր մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի երգած վարդահեղեղ արշալոյսին:
Տոքթ. Գոնեալեանի այս սքանչելի եւ ազգայնաշունչ ճառէն ետք, երրորդ խօսողը հանդիսացաւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ներկայացուցիչ մեթր Հրաչ Սեդրակեան, որ կատարեց վերլուծումը հայ ժողովուրդի բնաջնջման իթթիհատական ծրագրին: Պատկերացուց դժոխային այն օրերը, որ ապրեցաւ հայութիւնը տարագրութեան ճամբաներուն վրայ: Ընդգծեց, որ հայը գիտցաւ վերապրիլ` հակառակ այն ծանր հարուածին, որուն նպատակն էր ի սպառ ջնջել հայուն անունը աշխարհի երեսէն:
Երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ հոգեւոր պետերուն ճառերը, հետզհետէ եւ ըստ կարելւոյն, պիտի տանք մեր յաջորդական թիւերով:
Պետրոս Իգնատիոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարք արաբերէն լեզուով կարդաց շատ խնամուած եւ բովանդակալից ճառ մը` ամբողջական կերպով տալով պատկերը ապրիլեան Եղեռնին, հայ ժողովուրդի մատուցած ծառայութիւններուն` օսմանեան պետութեան, ինչպէս նաեւ հակառակ այդ ծառայութիւններուն ու հակառակ մեր խաղաղասիրութեան` թուրք պետական վարիչներուն նիւթած անօրինակ ցեղասպանութիւնը:
Մասնաւոր կարեւորութեամբ անդրադարձաւ այն եղբայրական վերաբերումին, որ Լիբանանի եւ արաբական բոլոր երկիրներու իշխանութիւններն ու ժողովուրդը ցոյց տուին հայ ժողովուրդին հանդէպ, ցաւի ու տառապանքի այդ օրերուն, երբ գաղթական հայեր եկան հաստատուելու հիւրընկալ այս երկիրները:
Շեշտեց, թէ հայը գիտցաւ երախտապարտ ըլլալ այս երկիրներուն հանդէպ, որոնց վերելքին ու բարգաւաճման բերաւ ու այսօր ալ կը բերէ իր լայն ու անվերապահ մասնակցութիւնը:
Վեհափառ հայրապետը, այս ճառէն ետք ժողովուրդին ծանոյց թէ հոգեւոր պետերու գլխաւորութեամբ եւ մասնակցութեամբ պետական հայ երեսփոխաններուն, ազգային ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական գործադիր յանձնախումբի անդամներուն, պատուիրակութիւն մը պիտի մեկնի Պուրճի հրապարակ եւ մարզաւան հաւաքուած բազմահազար հայերու անունով ծաղկեպսակ մը պիտի զետեղէ Լիբանանի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ: Մինչ այդ ժողովուրդէն խնդրուեցաւ կարգապահութեամբ սպասել պատուիրակութեան վերադարձին` շարունակելու համար հանդիսութիւնը:
Հոգեւոր պետերը եւ պատուիրակութեան անդամները ինքնաշարժներու թափօրով մը ճամբայ ելան` առաջնորդութեամբ մոթորսիքլիստ ոստիկաններու, որոնց անմիջապէս կը հետեւէր ծաղկեսպակը փոխադրող բաց ինքնաշարժը:
Մայրաքաղաքի կեդրոնական բոլոր փողոցներուն մէջ, ժողովուրդը լիբանանեան մամուլէն իմացած ըլլալով, թէ նոյն ժամերուն հայերը ծաղկեպսակ մը պիտի դնեն Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, հաւաքուած էր ճամբուն երկու կողմերը, տպաւորիչ կարգով: Մասնաւորաբար Պուրճի հրապարակին չորս կողմերը լեցուած էին հազարաւոր լիբանանցիներով, որոնք յարգանքով հետեւեցան այս յուզիչ արարողութեան:
Նահատակաց յուշարարձանին առջեւ, ինքնաշարժներէն իջնելով, հոգեւոր պետերը եւ պատուիրակութեան անդամները յուշարձանի պատուանդանին վրայ ընդունուեցան լիբանանեան Նահատակաց ոգեկոչման յանձնախումբի անդամներուն կողմէ: Ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք հոգեւոր պետերը արտասանեցին լուռ աղօթք մը եւ նոյն հանդիսաւորութեամբ վերադարձան մարզաւան:
Հոգեւոր պետերու բացակայութեան, որ հազիւ 20 վայրկեան տեւեց, տեղի ունեցաւ խմբական արտասանութիւն` գլխաւորութեամբ Խաչիկ Արարատեանի, մէջ ընդ մէջ նուագուեցան շարականներ:
Վերջին խօսքը ըրաւ հայրապետը: Երեք հոգեւոր պետերուն անունով սրտալից օրհնութիւնները եւ շնորհակալութիւնները յայտնեց հայ ժողովուրդին: Ապա յուզիչ ճառով մը ոգեկոչեց յիշատակը անմահանուն մեր նահատակներուն եւ պանծացուց հայ ժողովուրդին անմահութեան գաղափարը:
Իր ճառի վերջաւորութեան, յանուն հայ ժողովուրդին, շնորհակալութեան խօսք ուղղեց Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, կառավարութեան եւ ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ` արաբական ասպնջական բոլոր ժողովուրդներուն եւ անոնց պետական աւագանիին:
Յոտնկայս, վեհափառ հօր «Պահպանիչ»-ով եւ ներկաներու «Հայր մեր» աղօթքի խմբերգով սրտայոյզ կերպով վերջ գտաւ ոգեկոչումի այս փառաւոր հանդիսութիւնը:
Այցելութիւններ Հոգեւոր Երեք Պետերուն
Կիրակի կէսօրէ ետք հանրապետութեան նախագահութեան ընդհանուր տնօրէն Ժորժ Հայմարի այցելեց Անթիլիաս, հայ կաթողիկէ պատրիարքարան եւ աւետարանական համայնքի կեդրոնը եւ յանուն նախագահ Շարլ Հելուի իր ցաւակցութիւնները յայտնեց երեք հոգեւոր պետերուն հայ ժողովուրդի մեծ սուգին առիթով:
Նոյն առաքելութեամբ երեք հոգեւոր պետերուն այցելեց նաեւ վարչապետ Հիւսէյն Աուէյնի յանուն լիբանանեան կառավարութեան:
Այցելութիւններ տուին նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն Մահմուտ Պաննա եւ Ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն Ժոզեֆ Սալամէ:
Այցելու պաշտօնական անձնաւորութիւնները մեծ գովասանքով խօսեցան հայ ժողովուրդի քաղաքացիական խոր գիտակցութեան եւ Լիբանանի հանդէպ անոր ունեցած անկեղծ սիրոյն մասին: Յայտնեցին, թէ խորապէս տպաւորուած են առաւօտեան հանդիսութեան կատարեալ կարգապահութենէն եւ այն վայելուչ լրջութենէն, որ ամբողջ ժողովուրդը ցոյց տուաւ մարզաւանի յուշատօնին ընթացքին:
Ներքին գործոց նախարար Թաքիէտտին Սոլհ, լիբանանեան մամուլի թղթակիցներուն կատարած յայտարարութեամբ մը, իր հիացումը յայտնեց այն անթերի կարգապահութեան եւ օրուան խորհուրդին վայել կեցուածքին համար, որ հայ ժողովուրդը ցոյց տուած երէկուան հանդիսութեան ընթացքին:
Շաբաթ Օրուան Արարողութիւնները
Ուրբաթ, 23 ապրիլ, իրիկնամուտի սովորական ժամերէն առաջ հայ ժողովուրդը դադրեցուց բոլոր տեսակի աշխատանքները: Առեւտրականներն ու գործատէրերը փակեցին իրենց խանութներն ու հաստատութիւնները` հայերէն, արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ծանուցագրեր փակցնելով դռներուն եւ ցուցափեղկերուն վրայ թէ` ապրիլ 24-ի յիսնամեակին առթիւ երկու օր փակ պիտի մնան:
Պետական եւ օտար հաստատութեանց մէջ աշխատող բոլոր հայ պաշտօնեաներն ու արհեստաւորները եւ օտար կրթարաններու հայ ուսանողները արձակուրդ ստացան: Հայ վարժարանները նոյնպէս անխտիր փակ մնացին:
Լիբանանահայ բոլոր եկեղեցիներուն մէջ` առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, հանդիսաւոր արարողութեամբ տեղի ունեցան Ս. պատարագներ, պաշտամունքի, հաւատքի եւ ազգութեան համար զոհուած մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներու խնկելի եւ յաւէտ անմոռանալի յիշատակին համար եւ հոգեհանգստեան պաշտօն` անոնց հոգիներուն խաղաղութեան:
Հաւատացեալ հայ ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ ներկայ գտնուեցաւ եկեղեցական փառաշուք հանդիսութիւններուն:
Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ հայրապետական Ս. պատարագ մատուցեց եւ քարոզեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Լիբանանի հայոց առաջնորդ Տաճատ արք. եւ դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս սպասարկեցին Ս. սեղանին եպիսկոպոսական լման զգեստաւորումով:
Ս. պատարագը, Եկմալեան քառաձայն եղանակով երգուեցաւ «Կոմիտաս» երգչախումբին կողմէ` ղեկավարութեամբ խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի:
Եկեղեցական արարողութիւնները բարձրախօսներու միջոցով սփռուեցան ներկայ ծովածաւալ հաւատացեալներուն: Աւելի քան 25,000 հոգի ներկայ գտնուեցան:
Յաւարտ Ս. պատարագի,Նահատակաց յուշարձանին առջեւ պաշտօնական հոգեհանգիստ կատարուեցաւ: Վեհափառ հայրապետը իր ազգայնաշունչ քարոզին մէջ յատկապէս շեշտեց. «Հա՛յ ժողովուրդ, գիտցի՛ր ճիշդ եւ մի՛ մոռնար, որ ազգեր ալ կան, որոնք կը ծնին մեռնելու համար, եւ ազգեր կան, որոնք կը մեռնին ծնելու համար. մեր նահատակները մեռան, որպէսզի մենք ծնինք եւ հայութիւնը ապրի յաւիտեան»:
Խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեան, յաւարտ Ս. պատարագի, հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի ունեցաւ նաեւ Էշրեֆիէի կաթողիկէ պատրիարքարանի նահատակաց յուշարձանին առջեւ` նախագահութեամբ Իգնատիոս-Պետրոս ԺԶ. Պաթանեան պատրիարքի:
Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը նոյնպէս ներկայ գտնուեցաւ աւետարանական եկեղեցիներու պաշտամունքներուն, յատկապէս` Մեքսիք փողոցի աւետարանական Ա. եկեղեցիին մէջ:
Կէսօրէ ետք, ժամը 5:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի ակումբին մէջ փառաշուք հանդիսութիւն` նուիրուած ՀՄԸՄ-ի նահատակ-հիմնադիր Շաւարշ Քրիսեանի յիշատակին:
Շաբաթ օրուան ֆրանսատառ եւ արաբատառ գրեթէ բոլոր թերթերը էջեր ու սիւնակներ յատկացուցին` պատմականը տալով Մեծ եղեռնի յիսնամեակին:
Երեկոյեան Քանալ 11-էն ցուցադրուեցան եկեղեցական արարողութիւնները: Այսօր, երեկոյեան ժամը 11:30-ին, յատուկ յայտագրով պիտի ցուցադրուի Մարզաւանի փառահեղ հանդիսութիւնը: